Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Կլենտէյլի Նոր Ոստիկանապետի Երդման Արարողութեան

Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2018-ի յետմիջօրէին Կլենտէյլի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ նոր ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիսի երդման հանդիսութիւնը՝ պաշտօնի ստանձնումին առիթով։ Ընդառաջելով ոստիկանական բաժանմունքի հրաւէրին՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ արարողութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։

Կլենտէյլի քաղաքապետութեան City Manager Եասմին Պիրզ արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը կատարելու բացման աղօթքը։

Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որպէսզի Աստուած առաջնորդէ ոստիկանապետին քայլերը իր այս պաշտօնին մէջ, անոր պարգեւէ ուժ եւ կորով, որպէսզի իր պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները լիարժէքօրէն իրագործէ, պարգեւելով իմաստութիւն՝ ոստիկանութիւնը առաջնորդելու առաքելութեան մէջ, որպէսզի զայն կատարէ արժանապատուութեամբ, արդարութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։ Ան նաեւ աղօթեց բոլոր ոստիկաններուն ապահովութեան համար, մաղթելով, որ անոնք իրենց առաքելութիւնը կատարեն քաջաբար, անձնուրաց կերպով, ընդդէմ այսօրուան աշխարհի վտանգներուն, նաեւ՝ անոնց ընտանիքները վայելեն ապահովութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանը Աստուծմէ խնդրեց օրհնել քաղաքապետը, քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, կառավարական բոլոր պաշտօնատարները, հանրութեան ծառայողներն ու անոնց խնամքը վայելող քաղաքացիները, որոնք միասնաբար կը գործեն Կլենտէյլ քաղաքին բարգաւաճման համար։ Ան իր մաղթանքները եզրափակեց յաջողութիւն մաղթելով նոր ոստիկանապետին։

Տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, զոր վարեց Եասմին Պիրզ։ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ շնորհաւորանքի խօսք ուղղեցին նոր ոստիկանապետին, նմանապէս՝ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Ճիմ Մքտանըլ։ Ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիս իր կարգին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլորին եւ հակիրճ կերպով խօսեցաւ իր ծրագիրներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022