Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը Կ’այցելէ Ազգային Վարժարաններ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ եւ ընկերակցութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան անցնող օրերուն այցելեց Ազգ.
buy lamisil generic https://bloonlineandnew.com/lamisil.html over the counter

Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս եւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանները։ Առաջնորդ Սրբազաններուն կ’ընկերանային Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ մարմինի ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեան։ Անոնք դիմաւորուեցան զոյգ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։

Այցելութեան նպատակն էր, սուրիահայ ուսանողներուն երախտագիտական խօսքը ու ողջոյնները փոխանցել մեր ափերուն ապրող հայ դպրոցականներուն, որոնք անցեալ տարիներուն, մէկէ աւելի առիթներով իրենց լումաներով մասնակցութիւն բերին Սուրիոյ հայութեան համար հաւաքագրուած օժանդակութիւններուն։ Սուրիահայ աշակերտութեան զգացումներուն թարգմանը հանդիսացաւ Շահան Սրբազանը, որ աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին ընդմէջէն՝ հրաւիրեց բոլոր հայ աշակերտները, որպէսզի իրենց աղօթքին ու մտածումին մէջ միշտ տեղ տան ազգիս այն հայորդիներուն, որոնց համար դժուարին պայմաններու մէջ ապրիլը եւ ուսանիլը լուրջ մարտահրաւէրներ են։

Շահան Սրբազանին հետ այս հանդիպումը պատեհ առիթ դարձաւ, որ աշակերտները աղօթքով, երաժշտութեան ու խօսքի ճամբով անգամ մը եւս իրենց սէրն ու զօրակցութիւնը յայտնեն իրենց սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Իր խօսքին մէջ, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Շահան Սրբազանին, եւ բարձր գնահատեց մեր վարժարանները, սուրիահայութեան բերած իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար։ Ան անդրադարձաւ այն պայմաններուն, որոնց մէջ ապրեցան մեր աշակերտներուն հասակակից սուրիահայերը՝ անցեալ 6 տարիներուն, յաճախ զրկուած՝ բնականոն կեանքի ամէնէն տարրական կարելիութիւններէն, սակայն շնորհիւ իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ գաղութի պատասխանատուներուն խնամքին ու հոգածութեան, նաեւ մեր ու այլ գաղութներու զօրակցութեան, անոնք շարունակեցին կեանքի պայքարը, իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ ու հաւատարիմ հայեր՝ չկորսնցուցին յոյսն ու խաղաղութեան հասնելու երազը, որ ահա սկսած է իրականութեան վերածուիլ մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր ու մենք, իբրեւ Արեւմտեան Թեմի զաւակներ, ուրախութեամբ կը հետեւինք վերականգնումի աշխատանքներուն, պիտի շարունակենք կանգնիլ սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, աշակերտութեան հետ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022