Հայրենիք իր այցելութեան օրերուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ.Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հետ, Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2015ին կատարեց հողօրհնէքը Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի նոր բանակավայրի երրորդ հանգրուանին: Բանակավայրը նուիրուած է հանգուցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Հայկ Յովսէփեանի յիշատակին եւ կը կրէ անոր անունը:
Բանակավայրի կառուցման աշխատանքները ընթացք առած են 2010-ին: Երեքշաբթիի հանդիսութեամբ սկիզբ դրուեցաւ շինարարական աշխատանքներու վերջին փուլին: Դրօշներու բարձրացման արարողութենէն ետք, Սրբազանները կատարեցին հողօրհնէքի արարողութիւնը: Բանակավայրին մէջ պիտի կառուցուի նոր շէնք մը եւս:
Հայկ Յովսէփեանի եղբօր` Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի խօսքով, այս բանակավայրը լոկ շինութիւն կամ հողաշերտ չէ, ասիկա կապուած է Հ.Մ.Ը.Մ.- ՀԱՍԿի առաքելութեան հետ, որովհետեւ շուրջ 100 տարի այս կազմակերպութիւնը կը դաստիարակէ սերունդներ:
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ օրհնեց յիշատակը հանգուցեալ Հայկ Յովսէփեանի, ընդգծելով, որ «Հայաստան երկիր դրախտավայր»ին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականները այսպէսով կþունենան նոր օրրան մը, ուր պիտի թրծուին հայրենասիրական ոգիով եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կարգապահութեամբ: