Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Կիրակի, Յունուար 8, 2017-ին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հովուական այցելութիւն մը տուաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ ջրօրհնէք կատարեց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան եւ Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան, Լաս Վեկասի քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտներ։
Իր պատգամին սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեզի ընծայած է նոր տարի մը, իսկ աւելի կարեւորը՝ մարդուն նուիրաբերած է Իր Միածինը։ Ան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեց հաւատացեալներն ու համայնքի զաւակները, մաղթելով, որ Ս. Ծննդեան տօնին խորհուրդները իբրեւ օրհնութիւն բաշխուին բոլորին, բերեն առողջութիւն, ցնծութիւն, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն: «Ս. Ծննդեան տօնը առիթ է վերապրելու դարեր առաջ հրեշտակներուն տուած աւետիսին ցնծութիւնը, որ մարդուն բերաւ սիրոյ, լոյսի եւ յոյսի պատգամը։ Այս տօնը պատմութեան մէջ մէկ օրուան համար արձանագրուած դէպք չէ, այլ պէտք է գիտակցինք, որ տարուան իւրաքանչիւր օրը Մանուկ Յիսուսը կը վերածնի մեր մէջ եւ մեզի կը շնորհէ նոր կեանք», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Ամանորը նաեւ առիթ է ինքնաքննութեան ճամբով վերատեսութեան ենթարկելու մեր անձը ու վերակենսաւորելու մեր հոգեկան աշխարհը, որպէսզի ապրինք Աստուածահաճոյ կեանք մը»: Ան շեշտեց որ «երբ հին տարուան էջը կը փակենք, անոր հետ հրաժարինք հին մարդէն, դառնանք նոր մարդ եւ ճիգ ընենք բարելաւելու մեր ընթացքը, որովհետեւ վերանորոգումը հրամայական է մեզի համար, որպէս անհատ եւ որպէս եկեղեցի եւ ազգ»: Ան յիշեցուց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2017ը հռչակած է «Վերանորոգման Տարի», եւ յորդորեց համայնքի զաւակները վերանորոգելու ծառայական ուխտը, համերաշխօրէն, խոնարհութեամբ, եղբայրական սիրով գործելու ի խնդիր գաղութի կեանքին պայծառացման ու յառաջդիմութեան, տոգորուելով սրտի գոհունակութեամբ, անկեղծութեամբ եւ անձնուրացութեան ոգիով՝ ի մտի ունենալով ընդհանուրի բարւոքումը:
Նկատի ունենալով որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը կը համընկնէր հանդիպակաց Կիրակին, Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ծխական համայնքի զաւակներուն եւ յորդորեց հետեւիլ Ս. Յովհաննու Կարապետի քաջութեան եւ արդարութեան օրինակին եւ ընդհանրապէս Քրիստոսի եկեղեցւոյ Ս. նահատակներուն կենցաղին եւ նոյն հաւատքով ու ոգիով ապրիլ քրիստոնէավայել կեանք մը։
Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց իր պատգամը, անգամ մը եւս շնորհաւորելով համայնքի զաւակները, մաղթելով՝ վերանորոգ հաւատք, վերանորոգ հոգի եւ վերանորոգ երթ իրենց առաքելութեան մէջ։ Այնուհետեւ, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի 2017ը թուականը ըլլայ բարենպաստ տարի մը Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար։
Տէր Ողորմեայէն առաջ, Տէր Արսէն Քահանայ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սրբազան Հօր, որ որպէս ժողովուրդին բարի եւ քաջ հովիւը՝ իր ծառայութիւնը ի սպաս կը դնէ ի պայծառութիւն մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին։
Ս. Պատարագի աւարտին, Քրիստոսի մկրտութեան խորհուրդը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը կատարուեցաւ, խաչի կնքահայրութեամբ Կարէն Հաւանճեանի։
Արարողութենէն ետք, «Գուճաքեան» սրահին մէջ, ժողովուրդի խուռներամ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ Ծխական Յանձնախումբին եւ Տիկնանց Միութեան։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ծխական Յանձնախումբի Ատենապետ Տիար Եղիա Եղիայեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ այս այցելութեան ու համայնքին նկատմամբ հոգածութեան համար, ու հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որպէսզի կատարէ սեղաններու օրհնութիւնը։ Ճաշի ընթացքին պարգեւատրուեցան երկու անհատներ՝ Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցչուհի Սեզա Հեւոյեան եւ Կարապետ Պայրամեան, որ նաեւ օրուան ճաշի հովանաւորողն էր։ Ողջոյնի խօսքին մէջ, Տ. Արսէն Քահանայ անդրադարձաւ Սրբազան Հօր ձեռնադրութեան եւ օծման քառասնամեակին ու ծառայութեան, եւ Սրբազան Հօր մաղթեց բեղուն գործունէութիւն, անսպառ կորով եւ նորանոր նուաճումներ։ Ապա բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր խօսքը արտասանէ։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով գոհունակութիւն յայտնեց բոլորին՝ գեղեցիկ ձեռնարկին համար, շեշտեց հաւաքական աշխատանքի ու անձնդիր ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ մաղթեց, որ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ընտանիքը առաւել եւս ծաղկի եւ աճ արձանագրէ: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր քառասնամեայ ծառայութեան առիթով կարկանդակի մը հատումը կատարուեցաւ։