Արդէն իսկ թեւակոխած ենք Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը, որ քրիստոնեային համար ինքնաքննութեան, ապա նաեւ հոգեկան վերանորոգութեան շրջան մըն է:
Ինչպէս ծանօթ է, Մեծ Պահքի շրջանին, մեր եկեղեցին ունի իւրայատուկ արարողութիւններ՝ Արեւագալն ու Հսկումը, որոնք աղօթքի ու խորհրդածութեան առիթներ ըլլալու կողքին, նաեւ մեզ կը կամրջեն մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեանց հետ:
Մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ Արեւագալի առաջին արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2017ի առաւօտուն: Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց Մեծ Պահքի խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը: Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ ժողովականութեան, Տիկնանց Միութեան, ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան եւ «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամներ, Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի ուսուցիչներ եւ 10րդ ու 12 դասարաններու աշակերտները:
Խօսելով Մեծ Պահքի խորհուրդին ու անկէ քրիստոնեայ հաւատացեալին ուղղուած պատգամներուն մասին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Մեծ Պահոց շրջանը ինքնաքննարկումի, հոգեկան վերանորոգութեան եւ ֆիզիքական ու ներքին վերակազմակերպման շրջան մըն է, որ մեզ կը պատրաստէ մահուան վրայ Քրիստոսի տարած յաղթանակի մեծ տօնին: Ան նշեց, որ այս շրջանը նաեւ յուշարար է վերապրելու քրիստոնէութեան պատուիրանները, ըլլալու խոնարհ, ինքնագիտակից եւ մեղքերէ հեռու: Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Աւետարանի Փարիսեցիի եւ Մաքսաւորի դրուագին վրայ, զոր իբրեւ օրինակ ներկայացուցած էր մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս. Փարիսեցին ինքզինք կը նկատէր արդար եւ պարկեշտ, կը կարծէր որ կատարած է իր բոլոր պարտականութիւնները եւ ինքնագովութեան հոգիով կը ներկայանար Աստուծոյ, մինչդեռ Մաքսաւորը անդրադարձած էր որ ինք յանցանքներ գործած է, գիտակից էր իր մեղքերուն եւ խոնարհութեամբ, խոստովանութեամբ եւ զղջումով աղօթքի կանգնած էր Աստուծոյ առջեւ մեղքերու թողութեան խնդրանքով: Հետեւաբար, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, մեղաւոր Մաքսաւորին զղջումն ու յանցանքին գիտակցութիւնը զինք արդարացուց. մեզի ալ կը մնայ այդ օրինակին հետեւիլ ու զղջումով ապրիլ Մեծ Պահքի շրջանը:
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Արարողութենէն ետք, եւ համաձայն տարիներու աւանդութեան, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղը կազմակերպած էր Մեծ Պահքի ճաշկերոյթ մը, հիւրընկալելով Առաջնորդ Սրբազանն ու արարողութեան ներկաներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Սեղաններու օրհնութիւնը: Մասնաճիւղին ատենապետուհին՝ Տիկին Անգինէ Յակոբեան արտասանեց ողջոյնի խօսք: Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի աշակերտներ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը՝ երգով ու ասմունքով: Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ նախ ողջունեց եւ գնահատեց ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան եւ «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամները՝ յիշելով, որ Փետրուար 26-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Ապա, անդրադառնալէ ետք Մեծ Պահքի խորհուրդին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ այս շաբաթները վերանորոգութեան եւ վերաշխուժացման պատգամը կը բերեն բոլորիս: Հոգեկան վերանորոգութիւնը ուրախութեան առիթ է, ինչպէս որ մարդիկ ուրախութիւն կ’ապրին որեւէ հին ստացուածքի փոխարէն նոր մը ունենալով: Ան մաղթեց, որ վերանորոգումն ու ինքնաքննարկումը չսահմանափակուին միայն Մեծ Պահքի շրջանով, այլ մշտական ընթացք ունենան մեր կեանքին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքէն ետք, աւանդական եւ մտերմիկ ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ։