Բժիշկ Կ. Հարպոյեանի Հատորներուն Ողջունահանդէսը՝ Մայրենիի Գանձարանին Պանծացման Առիթ


Հաւատարիմ մնալով Հայ Գիրքի ու մշակոյթի արժէքը բարձր պահելու իր տարիներու աւանդութեան, Ազգային Առաջնորդարանը Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016ի երեկոյեան, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ հիւրընկալեց ծանօթ բժիշկ, ազգային գործիչ ու մամուլի ծառայող Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն երկու գործերուն՝ «Բժիշկին Խօսքը-Գ.» եւ «Բժիշկին Խօսքը-Դ.» հատորներուն ողջունահանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի:

Երեկոն չսահմանափակուեցաւ ողջունահանդէսի պարունակին մէջ, այլ վերածուեցաւ Ոսկեղնիկին պանծացման, հայերէնի հարուստ բառամթերքին մէջ բժշկագիտական ու գիտական եզրերուն գանձարանը լուսարձակի տակ բերելու եւ զայն աւելի եւս հարստացնելու լուռ կոչի մը առիթին, մեկնելով այն իրողութենէն, որ բժիշկ Հարպոյեանի այս ու նախընթաց հատորները խմբագրուած են գեղեցիկ հայերէով, յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերուած է բժշկագիտական եզրերու գործածութեան ու այս կալուածին մէջ նորարարութիւններու:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր գործակցաբար «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ Ամերիկահայ Բժիշկներու Ընկերակցութեան: Քանատաբնակ հեղինակը Լոս Անճելըս կը գտնուէր այս ձեռնարկին առիթով:

Ողջունահանդէսը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով: Հանդիսավարը՝ Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան, ողջունեց ձեռնարկին կազմակերպման գործակիցները, բանախօսներն ու մշակութասէր ներկաները, վեր առաւ դերակատարութիւնն ու արժանիքները այն հայ բժիշկներուն ու այլ արհեստավարժներու, որոնք մեր վերջին 150 տարիներու կեանքին մէջ, իրենց գործի ասպարէզին կողքին, գործօն դերակատարութիւն ունեցած են մեր մշակոյթի ու ազգային կեանքի արարման մէջ. անոնց շարքին են նաեւ հեղինակը, գործակիցները, հատորները ներկայացնողը՝ Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, եւ Ամերիկահայ Բժիշկներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչը՝ Տոքթ. Վարդան Թաշճեան: Ապա, ան հրաւիրեց «Ասպարէզ»ի խմբագիր Տիար Աբօ Պօղիկեանը՝ ներկայացնելու հեղինակին կենսագրութիւնն ու անոր կեանքի վաստակը:

Տիար Պօղիկեան հակիրճ կերպով խօսեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան հայուն, բժիշկին, դասախօսին, ազգային կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ գործողի ու մարդուն վաստակին եւ ծառայութիւններուն մասին, որոնց արձագանգները կը տեսնենք անոր բժշկական գիրքերուն, յօդուածներուն թէ այլ բնոյթի հատորներուն մէջ: Ան ընդհանուր ուրուագիծով լուսարձակի տակ բերաւ բժիշկին, ազգային կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ վաստակ կերտած ու մեր լեզուական մշակոյթին հաւատարիմ հայուն արժանիքները:

Հանդիսավարը ապա բեմ հրաւիրեց Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանը, հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք անոր մասնագիտական վաստակը, հայրենաշինական գործին մասնակցութիւնն ու արուեստագէտ-մտաւորականը: Տոքթ. Արմէնեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց երկու հատորները, վեր առնելով հեղինակին մտասեւեռումը՝ այս հատորներու պատրաստութեան մէջ, մասնաւորաբար ծանրանալով երկրորդ հատորին մէջ տեղ գտած ընդարձակ բառարանին վրայ: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց հեղինակին անձն ու վաստակը՝ այնպէս՝ ինչպէս ճանչցած է զայն տասնամեակներէ ի վեր, ուսանողութեան ու բժշկութիւն կիրարկողի օրերէն սկսեալ. ան եղած է հմուտ բժիշկ, ինչպէս նաեւ մեր ազգային կեանքին անսակարկ նուիրեալ, ու այս բոլորը կատարած է խոնարհաբար, անաղմուկ, նման Կոմսի «Խոնարհ Հերոսներ» հատորի տիպարներուն: Ան մաղթեց, որ Բժիշկ Հարպոյեան առիթը ունենայ նոր հատորներով հարստացնելու բժշկագիտական խորհուրդներ ու կանխարգելիչ միջոցներ յանձնարարող հատորներու մատենադարանը, իբրեւ կարեւոր ներդրում՝ Մայրենիի պահպանման ու աճումի գործին մէջ:

Սրտի խօսք արտասանեց Ամերիկահայ Բժիշկներու Ընկերակցութեան ներկայացուցիչը՝ նախկին փոխ ատենապետ Տոքթ. Վարդան Թաշճեան, որ իր կարգին հեղինակ է հատորներու, Պէյրութի մէջ թէ Միացեալ Նահանգներու՝ մեծ վաստակ կերտած է ազգային ու միութենական անդաստաններու ծառայութեամբ: Տոքթ. Թաշճեան եւս անձնական վկայութեամբ խօսեցաւ բժիշկ Հարպոյեանի մասնագիտական վաստակին ու ապահոված վարկին մասին, նշելով, որ եթէ մեծ բժշկապետ Տոքթ. Ճիտէճեան այսօր կենդանի ըլլար, վստահաբար հպարտ պիտի զգար հեղինակին իրագործումներով: Ան բժիշկ Հարպոյեանը նկատեց հաւատարիմ ժառանգորդը Մխիթար Հերացիի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի, որովհետեւ բարձրացուցած է առաջինին բժշկագիտական հմտութեան, իսկ երկրորդին՝ հայերէնի պահպանման ջահերը:

Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց հեղինակը՝ արտասանելու իր սրտի խօսքը: Բժիշկ Հարպոյեան յայտնեց, որ երեկոն յիշատակելի պահ մըն է իրեն համար, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային Առաջնորդարանին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն բերին յայտագիրին մարմնաւորման, առանց մոռնալու հատորին պատրաստութեան իր գործակիցները՝ Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանն ու Վրէժ-Արմէն Արթինեանը, մասնաւորաբար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Կիւլպէնկեան հիմնարկը, որոնց քաջալերանքով ու զօրակցութեամբ լոյս տեսած են հատորները: Ան հանգամանօրէն խօսեցաւ նման հատորներ հայերէնով հրատարակելու իր նախանձախնդրութեան ու անոր մղում տուող դէպքերու մասին, ընդունելով, որ ոեւէ անձ կրնայ համացանցի կամ հատորներու ճամբով օտար լեզուներով ահագին տեղեկութիւն ունենալ այս նիւթերուն մասին, մինչդեռ իր նպատակն է շեշտել, որ հայերէնը հարուստ լեզու է նա՛եւ գիտական ու բժշկագիտական եզրերով, ապրող սերունդները պարտին կենդանի պահել այս հարստութիւնը:

Ողջունահանդէսի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան կանգ առաւ հեղինակին բժշկագիտական ու ազգային բովանդակութեամբ հատորներուն վրայ, յիշեցնելով, որ ան հեղինակն է նաեւ «Խաչելութեան Ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն» հատորներուն, ինչ որ վկայութիւն է, թէ ան մասնագէտ բժիկ ըլլալու կողքին, ի սկզբանէ նաեւ մեր ժողովուրդի հարցերով տագնապող հաւատարիմ հայն է, իսկ այս իրականութեան վկայութիւնն են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարկին ու հովանիին տակ, երիտասարդութեան օրերէն սկսեալ անոր բազմամեայ ծառայութիւնները, որոնք տարածուած են մեր հասարակական կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն վրայ: Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց, որ հեղինակին կեանքն ու գործը վկայութիւն են, որ ան մարդոց բժիշկը ըլլալու կողքին, ճիգ ըրած է դարմանելու նաեւ ազգային ցաւեր, անոնց միջեւ բաժնելով իր ժամանակը: Անոր նման են սերնդակից բազմաթիւ բժիշկներ ու արհեստավարժներ, մինչդեռ այսօր, նոր սերունդի արհեստավարժները այնքան կլանուած են իրենց մասնագիտական ասպարէզներով, որ հազուադէպօրէն մասնակից կ’ըլլան հայութեան ընդհանրական կեանքին: Առաջնորդ Սրբազանը նոյն մօտեցումով դրուատեց բժիշկ Արմէնեանի հայրենաշինութեան ու հայրենակերտումի վաստակը, դրուատեց բժիշկ Թաշճեանի ազգանուէր ծառայութիւնները եւ ողջունեց անոնց մասնակցութիւնը այս երեկոյին:

Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ հեղինակին անձնական արժանիքներուն վրայ, նշելով, որ զայն տասնամեակներէ ի վեր ճանչցած է իբրեւ հոգածու ծնող ու ընտանիքի հայր, համբերատար ու ազնուասիրտ ժողովական, բարոյական յատկութիւններով ու առաքինութիւններով օժտուած ազգի ծառայ: Ան նշեց, որ այս հատորները կը հանդիսանան գիտելիքի ու մայրենիի գանձարաններ, ու մաղթեց, որ ան շարունակէ մեր գանձարանը աւելի եւս հարստացնելու առաքելութեան ուղին:

Երեկոն ունէր գեղարուեստական բաժին. երիտասարդ երաժիշտ Սարօ Պապիկեան կիթառի վրայ ներկայացուց Կոմիտասէն ու Սքարլաթթիէն կտորներ:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով: Այնուհետեւ, հեղինակը մակագրեց հատորներէն օրինակներ, մինչ ներկաները կը վայելէին պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022