Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագէն Ետք Շնորհաւորական Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Վերընտրութեան


22 Մայիս 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, իր վերընտրութեան յաջորդող առաջին Կիրակին, հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամէն առաջ, պատարագիչ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Թեմիս 44րդ Երեսփոխանական Ժողովը շաբաթավերջին կատարած է թեմակալ Առաջնորդի, Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան ընտրութիւնները: Առաջնորդ Սրբազանը 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրուած է Թեմակալ Առաջնորդ։ Ընտրուած են նաեւ Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան նոր կազմեր: Տէր Հայրը շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանն ու նորընտիր Ժողովները, եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը ներկայ հաւատացեալներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը նախ ողջունեց Եփրեմ Սրբազանին ներկայութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Հօր եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ 6րդ անգամ ըլլալով Թեմակալ Առաջնորդի բարի լուծը վստահուած է իրեն: Ան յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր կազմերուն եւ յայտնեց, որ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, ընտրական օրակարգերու կողքին, քննարկած է նաեւ մեր Թեմի աշխատանքի դաշտերն ու մշակած նոր ծրագիրներ: Ապա, վեր առնելով օրուան Աւետարանական հատուածի (Ղուկաս 4։25-30) պատգամը, խօսեցաւ Եղիա Մարգարէի կեանքով ու նկարագրի օրինակով մեզի հասնող յորդորներուն մասին:

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն՝ հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի հոգւոյն համար, վախճանման առաջին տարելիցին առիթով:

Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Կորիւն Սրբազանի պատկառելի վաստակին վրայ, որ կերտուած է Ս. Աթոռոյս հաւատարիմ ծառայութեան ճամբով, իբրեւ դաստիարակ, մտաւորական եւ թեմակալ առաջնորդ:

Ս. Պատարագէն ետք, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճ, ուր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ Տիկնանց Միութիւնը պատրաստած էին շնորհաւորանքի հիւրասիրութիւն մը, ի պատիւ վերընտրեալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Ներկայ էին ժողովականութեան անդամներ եւ շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ: Առաջնորդ Սրբազանին վերընտրութեան առիթով, շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեցին Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Լեւոն Արապեան եւ այլ ներկայացուցիչներ: Խօսք առաւ նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ իր գնահատանքն ու օրհնութիւնները փոխանցեց ծխական համայնքի բոլոր նուիրեալներուն։ Կարկանդակի հատումէն ետք, հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական Մաղթերգի երգեցողութեամբ:

Ապա, «Աւետիսեան» սրահին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի ամավերջի հանդէսին, փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը եւ կատարեց վկայականներու բաշխումը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022