«Ծառայութեան Տարուան» առիթով, Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը ազնիւ գաղափարը յղացած էին մեծարանքի երեկոյ մը կազմակերպելու, ի պատիւ՝ Ս. Կարապետ Եկեղեցեւոյ ընտանիքի, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի, «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան, Ռաֆֆի Ռումանահայ Մշակութային եւ Հայրենակցական Միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Օ.Մ.ի, Կիրակնօրեայի, Երգչախումբի եւ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած նուիրեալներուն:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանին։ Ներկայ էին մօտ 300 հայորդիներ: Մեծարանքի արժանացան 100 եւ աւելի գործիչներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքով։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանի ուսուցիչ Մուշեղ Պետոյեան, որ բարի գալուստի խօսքով ներկայացուց ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքերէն ներս, ապա քաջալերեց ներկաները, որպէսզի գիտակցաբար եւ սիրով անսակարկօրէն ծառայեն հայութեան:
Բանախօսն էր Վարժարանի դասատուներէն՝ Տիկ. Թամար Թիւֆէնկճեան: Ան համապարփակ ներկայացուց ծառայութեան հասկացութիւնն ու ունեցած կարեւորութիւնը մարդկային, ընկերային եւ ազգային կեանքէն ներս, ապա շեշտեց որ ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ անշահախնդիր, առանց յետին նպատակներու եւ ընդհանրական շահերու հոլովոյթով:
Երգով, պարով, ասմունքով եւ երաժշտական կատարողութեամբ հանդէս եկան Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանի տաղանդաւոր աշակերտները:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութեան խօսքը։ Ան իր պատգամին մէջ առաջին հերթին յորդորեց ներկաները ծառայելու հաւատքով եւ ինքնընծայ նուիրումով։ «ճշմարիտ ծառայողներ կ’ըլլանք այն ժամանակ, երբ անանձնական սիրով լեցուն մեր շնորհքներն ու կարողութիւնները ի սպաս դնենք մեր առաքելութեան եւ ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ, երբ մեր սիրտը, հոգին եւ էութիւնը շաղախենք մեր պարտականութիւններուն մէջ» շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ապա, խօսելով գնահատանքներու եւ մեծարանքներու կարեւորութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Առանց շլանալու եւ առանց շփանալու տրուած գնահանտանքներէն, եթէ մնանք համեստ, խոնարհ եւ յարատեւ՝ այն ատեն ճշմարիտ ծառաները կը դառնանք մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին»։ Ան յորդորեց վեր ելլել անհատական նկատումներէ եւ ինքնամատոյց կերպով նուիրուիլ հաւաքականին։ Ապա, գնահատեց մեծարեալներն ու քաջալերեց զանոնք, որպէսզի շարունակեն իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը անշահախնդիր ոգիով։
Մեծարեալները ստացան գնահատանքի յուշատախտակներ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անձամբ յանձնեց Փրոֆ. Արա Մանաշի գնահատանքի յուշատախտակը, առ ի գնահատանք անոր երկար տարիներու անխոնջ ծառայութեան:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: