Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտական Ամպիոնի 15-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր 2019-ին, «Beverly Hilton» պանդոկէն ներս տեղի ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի 15-ամեակի ճաշկերոյթը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ ներկայ գտնուեցան հանդիսութեան։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, ապա յարգանք մատուցուեցաւ հանգուցեալներ Դոկտ. Միհրան Աղպապեանի եւ Ճան Պէրպէրեանի յիշատակին։ Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով խօսքեր արտասանեցին համաատենապետներ՝ Տիկնայք Տայան Քապրալոֆ եւ Լոռի Մունչերեան։ Կրթական հիմնադրամի նուիրատու ընտանիքներուն ուղղուած գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին, հիմնարկի խորհուրդի ատենապետ Տիար Չարլի Կալեան, հիմնարկի վարիչ Տիկին Սալբի Ղազարեան, գրականութեան, արուեստներու եւ գիտութիւններու ուսումնական վարիչ Տիկին էմպըր Միլըր, որոնք յատուկ գնահատանքի արժանացուցին Թրբանճեան Կրթական Հիմնադրամն եւ այլ հիմնադրամներու նուիրատուներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022