Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոր Աբղ. Խաչատուրեան Իրենց Անդրանիկ Ս. Պատարագը Պիտի Մատուցանեն Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի Մէջ

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, 7 Հոկտեմբեր 2019-ին, երկու երիտասարդ միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան ժամանեցին մեր Թեմ՝ հոգեւոր հովութեան առաքելութեամբ իրենց ծառայութիւնը բերելու Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներէն ներս։

Նորանշանակ միաբան հայրերը իրենց անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանեն Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին։

Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերին եւ Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ եւ ապա Ֆրեզնօ՝ Հայր Սուրբերը իրենց ծուխերուն ներկայացնելու համար։ Ծանօթացման հանդիպումները եղան ընթրիքի շուրջ, մասնակցութեամբ հոգեւոր հովիւներ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշգեանի, Ազգ. Վարչութեան անդամներու, Երեսփոխաններու, Հոգաբարձութեանց եւ գաղութի մարմիններու ներկայացուցիչներու, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին նոր ժամանած Հայր Սուրբերուն եւ բարի երթ՝ նախկին հոգեւոր հովիւներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Հայր Պարոյրին ու Հայր Տաճատին, իսկ բեղուն գործունէութիւն եւ ծառայութիւն մաղթեց Հայր Սմբատին ու Հայր Աշոտին, որոնք իրենց կարգին խոստացան նախանձախնդրութեամբ եւ ծառայական ոգիով գործել ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին։

Հայր Պարոյրն ու Հայր Տաճատը Հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան պիտի վերադառնան Կաթողիկոսարան՝ իրենց նոր պաշտօնները ստանձնելու համար։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայր Սմբատին եւ Հայր Աշոտին իրենց նոր առաքելութեան մէջ, իսկ Հայր Պարոյրին եւ Հայր Տաճատին բարի երթ ու յարաճուն վերելք իրենց նոր պատասխանատուութեանց մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022