Շաբաթական Լուրեր – 19 Օգոստոս 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

PasadenaChurchԿիրակի, 21 Օգոստոս 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը:

Յայտնենք, որ այս օրերուն մեր Թեմը կ’այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Շարժայի շրջանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արամ Քհնյ. Տէմիրճեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, հիւր Տէր Հայրը Կիրակի, 21 Օգոստոսին Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022