ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Շաբաթ, 15 Փետրուարը, Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու յիշատակի տօնն է, նաեւ՝ անուանակոչութեան տօնը՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։
Այս առթիւ, Կիրակի, 16 Փետրուարին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարուի։
Պիտի պատարագէ, մատաղօրհնէքը պիտի կատարէ եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեանի, նախկին հոգաբարձուներու, երեսփոխաններու, եկեղեցւոյ սպասարկած եւ հայ ժողովուրդի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի քարոզէ Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի։
Շաբաթ, 15 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7-ին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Ժամերգութիւն եւ հսկում պիտի կատարէ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ.
buy vilitra online https://pridedentaloffice.com/wp-content/languages/en/vilitra.html no prescription
Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։