Շաբաթական Լուրեր – 27 Յունուար 2017

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– «ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

EncinoChurchԿիրակի, 29 Յունուար 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին:

Նոյն օրը, յընթացս Ս. Պատարագի, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ փոխան քարոզի պիտի ընթերցուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Վերանորոգումի Տարուան պատգամը:

***

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈԻԹԵԱՆ 10-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ

Dink10th2Հրանդ Տինքի սպանութեան 10րդ տարելիցին առիթով, եւ նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ Միութեան վարչութեան, կիրակի, 22 Յունուարի երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը:

Այս առիթով, «Հրանդ Տինքի Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարութեան» շքանշանին արժանացաւ լրագրող, ժապաւէններու արտադրիչ, «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր եւ Հրանդ Տինքի օգնական Տիար Արիս Նալճը:

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հանդիսութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։

***

ԱՆԾԻՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

UnbornMass2Իւրաքանչիւր տարուան Յունուարին, Լոս Անճելըսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի կ’ունենայ յիշատակումի յատուկ արարողութիւն եւ մոմավառութիւն, ի յարգանս արհեստական վիժումի հետեւանքով անծին մանուկներուն:

Այս տարի, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Յունուարին, նախագահութեամբ Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզին: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արարողութեան ներկայ եղան Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան:

***

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԲԱՆՏԱՅԻՆ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ ԳԱՒԱՌԻ ՄՏԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԿԱԶՊԱԿԵՐՊԱԾ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

ChaplainRaffiMeetingJanuaryՀինգշաբթի, 26 Յունուարին, Լոս Անճելըս գաւառի Մտային Առողջութեան բաժանմունքը կազմակերպած էր նախաճաշ-հանդիպում մը, մասնակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու եւ այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու, որ տեղի ունեցաւ Էլ Մոնթէի «New Hope» եկեղեցւոյ մէջ։

Ուսուցողական հանդիպման հիմնական թեման էր ինքնասպանութեան իրազեկումն ու կանխարգելումը։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ազգային Առաջնորդարանի բանտային սպասարկութեան պատասխանատուն՝ Բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022