Շաբաթական Լուրեր – 4 Նոյեմբեր 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը:

***

ՈՂՋՈՒՆԱՀԱՆԴԷՍ՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆԻ «ԲԺԻՇԿԻՆ ԽՕՍՔԸ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Խօսքը» Գ. եւ Դ. հատորներուն ողջունահանդէսը:

Ձեռնարկը կը վայելէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ տեղի կ’ունենայ գործակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ Լոս Անճելըսի Հայ Բժիշկներու Ընկերակցութեան։

Հատորները պիտի ներկայացնէ Բժիշկ Յարութիւն Արմէնեան։

Մուտքը ազատ է։ Տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութուն։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022