Երեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2015ի յետմիջօրէին, «Կեթի» թանգարանին եւ Ազգային Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, յատուկ հիւրընկալութիւն մը տեղի ունեցաւ թանգարանի յարկին տակ, «Զէյթունի Աւետարան»ի մագաղաթներու ծանօթ հարցին վերաբերող դատական հարցին եզրափակման առիթով: Ծանօթ է, որ Սեպտեմբերին, «Կեթի»ին հետ հարցը յանգած էր համաձայնութեան մը, ուր թանգարանը ընդունած էր թէ մագաղաթները կը պատկանին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ:
Երեքշաբթիի հանդիպումը կազմակերպուած էր, ֆիզիքական աչքերով վայելելու համար մագաղաթները, որոնք պիտի մնան թանգարանի հոգածութեան տակ եւ պիտի ցուցադրուին տարբեր առիթներով: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողքին, ներկայ էին Ազգ. կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան եւ Թեմիս Կրօնական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ: Հրաւիրուած էին գաղութիս կազմակերպութեանց ու միութեանց ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայ Իրաւաբաններու ընկերակցութիւնը: Հիւրընկալն էր թանգարանին տնօրէնը՝ Թիմըթի Փաթս, որուն կողքին էին մանրանկարներու բաժանմունքի եւ այլ պատասխանատուներ:
Ներկաները թանգարանի տնօրէնին գրասենեակին մէջ արժանացան պատշաճ հիւրասիրութեան: Տեղի ունեցաւ պաշտօնական խօսքերու փոխանակում, արձանագրելով, որ դատական հարցը յանգած է համաձայնութեան: Թանգարանին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իր հաստատութեան առիթ կը տրուի պահպանելու մագաղաթները եւ զանոնք յաճախ ցուցադրելու արուեստասէր հանրութեան, ինչ որ հայկական մանրանկարչութեան այս թանգարժէք աւանդները պիտի մատուցէ լայն հասարակութեան: Ան նաեւ հաստատեց, որ այսուհետեւ կը բացուի գործակցութեան էջ մը, որուն ընթացքին, այս մագաղաթները պիտի ցուցադրուին թանգարանի մանրանկարչական ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ հայութեան համար Մշակոյթի Ամիս եղող Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, տակաւին՝ գործակցութեան դաշտ կը բացուի Հայաստանի Մատենադարանին հետ, ուր կը գտնուի Զէյթունի Աւետարանը, որմէ վերցուած են այս էջերը, որպէսզի հետագային ամբողջական աւետարանը եւս ցուցադրուի «Կեթի»ի մէջ:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազանը: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման այս տարուան ընթացքին գոյացած համաձայնութեան ճամբով, հաստատուած է որ մագաղաթներուն իրաւական տէրը Հայց. Առաքելական եկեղեցին է, ու մաղթեց, որ անոնք օր մը Զէյթունի Աւետարանին հետ իբրեւ ամբողջութիւն՝ ցուցադրուին Հայաստանի մէջ ու «Կեթի»ի յարկին տակ: Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով թանգարանին՝ գործակցութեան համար, նաեւ իրաւաբաններուն, համաձայնութեան գոյացման առիթով:
Այնուհետեւ, ներկաները անցան թանգարանի մանրանկարչական արուեստի գործերու բաժինը, ուր այս առիթով ցուցադրութեան դրուած էին մագաղաթները: Անոնց մասին տրուեցան մասնագիտական լուսաբանութիւններ, վեր առնեով Թորոս Ռոսլինի արժէքն ու արժանիքները: Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանին առաջնորդութեամբ, ներկաները արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը, երգեցին «Տէր Ողորմեա»ն: Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին, թանգարանին մասնագէտները յաւելեալ լուսաբանութիւններ հաղորդեցին թէ՛ մագաղաթներուն եւ թէ ընդհանրապէս մանրանկարչութեան արուեստին մասին: