2017 տարին յոբելենական հանգրուան մը կը հանդիսանայ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կեանքին մէջ ու ծառայական առաքելութեան ճամբուն վրայ. արդարեւ, 2016 տարին կը զուգադիպէր իր կուսակրօն քահանայութեան 40-ամեակին, իսկ այս տարի՝ Եպիսկոպոսական ձեռնադրուութեան 20-ամեակին, իբրեւ Թեմակալ Առաջնորդ աւելի քան 20 տարի ծառայութեան եւ ծննդեան 60-ամեակին։ Յայտնենք, որ այս առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիր մը յղած էր Առաջնորդ Սրբազանին։
Այս հանգրուաններուն առթիւ, Թեմիս Ազգ. Վարչութիւնը Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր պաշտօնական հանդիսութիւնը մը, որուն հրաւիրուած էին Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին ներկայացուցիչները. ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան ու քաղաքական ներկայացուցիչ՝ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեանն ու Վահէ Եագուպեանը, հոգեւորականաց դասու եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետները, Տիկնանց Օժանդակ Միութեան անդամներն ու Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմը։ Ներկայ էին նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման կնքահայրը՝ Տէր եւ Տիկին Ժան եւ Աստղիկ Պետրոսեան ամոլն ու իր հարազատները։
Նախքան պաշտօնական ընթրիքը, հիւրերը մտերմիկ պահ մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին հետ։ Այնուհետեւ, պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ Ժամը 8։00-ին՝ պատշաճ յայտագիրով մը։ Հանդիսավարն էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Յանուն Ազգ. Վարչութեան, բարի գալուստի ու ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, որ շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը, վեր առաւ մասնաւորաբար մեր Թեմի ծառայական կեանքին մէջ անոր ներդրումը եւ բարի երթ մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն։ Խօսելով Առաջնորդ Սրբազանին վաստակին մասին, Տիար Յովակիմեան նշեց, որ ան իր ծառայական կեանքի մեծ մասը անսակարկօրէն նուիրած է մեր Թեմին, իբրեւ հոգեւոր տեսուչ, ժողովական եւ 6-րդ շրջանի մը համար իբրեւ Առաջնորդ։ «Այս Թեմին մէջ Առաջնորդ Սրբազանին կենսագրութիւնը սկսած է արձանագրուիլ 1982-ին, եւ մինչեւ օրս ալ, երիտասարդական նոյն խանդով ու կամքով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը», շեշտեց ան։
Հանդիսութիւնը ունէր յատուկ անակնկալ մը. վաստակաւոր արուեստագէտ Ռազմիկ Հաճիքեան բեմ բարձրանալով Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեց իր կողմէ գծագրուած՝ Առաջնորդ Սրբազանին իւղաներկ դիմանկարը։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտին եւ բարի երթ մաղթեց անոր ապագայ գործունէութեանց։
Հանդիսավարը ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանին կենսագրականը եւ աւելի քան 40 տարիներու մատուցած ծառայութիւններն ու իրագործումները՝ ի խնդիր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի պայծառացման ու բարգաւաճման։
Երեկոն յագեցած էր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով։ Ընթրիքի տեւողութեան ելոյթ ունեցան դաշնակահար Կրէկ Հօշարեանն ու սրնգահար Սալբի Քէրքոնեանը, որոնք դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երաժշտութեամբ խանդավառեցին մթնոլորտը:
Այնուհետեւ, հոգեւորականաց դասու անդամները բարձրացան բեմ եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութենէն ետք Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան ընթերցեց Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը, որուն մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը կը շնորհաւորէր Առաջնորդ Սրբազանին յոբելենական տարին, եւ կը նշէր.- «ծառայութեամբ լեցուեցան, ծառայութեամբ հարստացան ու ծառայութեամբ արժեւորուեցան Ձեր կեանքի շուրջ քառասուն տարիները։ Որպէս միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ձեր կեանքը ի սպաս դրիք հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի անսակարկ ծառայութեան։ Ծառայութիւնը Ձեզի համար դարձաւ ամէնօրեայ ապրում, տագնապ ու նուիրում՝ ի խնդիր այն բոլոր արժէքներուն ու սկզբունքներուն, որոնց կենսագործման կոչուած է հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակը ու յատկապէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւաքական առաքելութեան զինուորագրուած հոգեւորականը։ Այս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ ծառայեցիք դուք՝ Անթիլիասէն մինչեւ Յունաստան եւ Միացեալ Նահանգներ»։
Վեր առնելով Առաջնորդ Սրբազանի հաւատարմութեամբ լիացած ծառայութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը կը շեշտէր.- «Ձեր ծառայութիւնը նուիրումի ու հաւատարմութեան առընթեր նաեւ յատկանշուեցաւ աշխատասիրութեամբ։ Ձեր ծառայութեան, յատկապէս Առաջնորդական շրջանը արժեւորուեցաւ նորանոր իրագործումներով՝ մասնաւորաբար եկեղեցաշինութեան ու դպրոցաշինութեան մարզերէն ներս։ Այս ծիրին մէջ, յատուկ յիշատակութեան արժանի է նորակառոյց Ազգ. Առաջնորդարանի իրագործումը։ Անցնող քսան տարիներուն Ձեր գլխաւորութեամբ ու Ազգ. վարչութեանց ու յարակից մարմիններու օժանդակութեամբ, շինարարական աշխատանքներու կողքին, Թեմը այլապէս կարեւոր իրագործումներ արձանագրեց՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան, մշակութային, կազմակերպչական ու յարաբերական բնագաւառներէն ներս»։
Աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը մեծապէս կը գնահատէր Առաջնորդ Սրբազանին բազմամեայ վաստակը, կ’ողջունէր անոր ծառայական կեանքի այս կարեւոր հանգրուանը ու կը մաղթէր նորանոր ծառայութիւններով հարուստ առողջ կեանք մը՝ լեցուն Ս. Հոգիին շնորհքներով։
Այնուհետեւ, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան հանդէս եկաւ մեներգով մը. ան, ընկերակցութեամբ դաշնակահար Կրէկ Հօշարեանի, մեներգեց Հ. Միրզա Վանանդեցիի «Հայաստան Երկեր Դրախտավայր» դասական գոհարը։
Յանուն Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Ան վեր առնելով Առաջնորդ Սրբազանին առաքինութիւններն ու անխոնջ հոգեւորականի վաստակը, շեշտը դրաւ Առաջնորդ Սրբազանը բնորոշող չորս յատկութիւններու վրայ. առաջին՝ կորովի Առաջնորդ, երկրորդ՝ աշխատասէր հոգեւորական, երրորդ՝ կազմակերպող եւ չորրորդ՝ մտասեւեռում ունեցող ու գործը հետապնդող Առաջնորդ։ Ան շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, մաղթելով ոյժ եւ կորով ու ծառայութեան երկար տարիներ։
Յանուն Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներուն, երախտագիտութեան ու բարեմաղթութեան խօսք արտասանեց Տիկին Քնար Գորթոշեան։ Ան նշեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամները, իբրեւ ամէնօրեայ գործակիցներ, վկաներն են Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեալ ու վաստակաշատ կեանքին։ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Տիկին Սիլվա Սայապալեան։ Ան խորազգաց երախտագիտութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, նշելով որ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը միշտ ալ վայելած է Առաջնորդ Սրբազանին իմաստուն ու ապագայատեսիլ ուղղութիւնները։
Բարեմաղթանքի ու շնորհաւորանքի խօսք արտասանեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազանին Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման կնքահայրը։ Ան շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանին յոբելենական ամեակները եւ նշեց, որ Առաջնորդ Սրբազանը ճանչցած է իբրեւ տեսիլք ունեցող, ժրաջան, գործունեայ ու ձգտումի տէր Հոգեւոր Առաջնորդ մը։ Ան յիշեց, որ «երբ Ազգային Առաջնորդարանի այս շէնքը երազ մը կը թուէր ըլլալ շատերուն համար, Առաջնորդ Սրբազանը իր ապագայատեսիլ ձգտումով ու ժրաջան աշխատանքով իրականութիւն դարձուց այդ երազանքը»։
Յանուն Ազգ. Վարչութեան, սրտի խօսք արտասանեց փոխ ատենապետը՝ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Ան ողջունեց ներկաները, գոհութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ երեկոյթին համար եւ երկար ու առողջ կեանքի բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին։ Ան նշեց, որ Առաջնորդ Սրբազանը աւելի քան 40 տարիներ իր կեանքը ի սպաս դրած է հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին՝ մեծ ներդրում ունենալով Թեմիս կազմակերպման ու յառաջացման աշխատանքին մէջ. «բայց այդ աշխատանքները այնքան ալ հեզասահ չեն ընթացած», նշեց Տէար Էշկիեան, «սակայն Առաջնորդ Սրբազանը շնորհիւ իր աշխատասիրութեան, ուղղամտութեան եւ յանձնառու նկարագրին կրցած է փարատել բոլոր տեսակի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները՝ Թեմիս պատմութեան մէջ թողելով ոսկեայ տառերով ամրակուռ անուն մը»։
Ողջոյնի ու շնորհաւորանքի խօսք արտասանեց նաեւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Խաժակ Տիքիճեան։ Ան վեր առաւ Առաջնորդ Սրբազանին անբասիր եկեղեցականի ծառայութիւնն ու վաստակը, նշելով, որ ան իր բովանդակ կեանքը նուիրաբերած է ազգին ու եկեղեցիին, աննկուն կամքով, խոհեմութեամբ, զգօնութեամբ ու մանաւանդ նախանձախնդրութեամբ մօտեցած է իր աշխատանքներուն եւ հաւատարիմ եղած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտին ու առաքելութեան։
Աւարտին, Ազգ. Վարչութեան անդամները համախմբուեցան Առաջնորդ Սրբազանին շուրջ, յիշատակի նուէր մը յանձնեցին անոր եւ միասնաբար հատեցին կարկանդակը։
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ բոլորուած են Ազգի Տան երդիքին ներքոյ։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր միտքերը գիրի վերածելով Հայրապետական Օրհնութեան Գիր յղած եւ իր սրտագին բարեմաղթանքները արտայայտած էր։ Ան նախ եւ առաջ ողջունեց ներկաները, ապա, գնահատեց Ազգ. Վարչութեան բոլոր անդամներն ու գոհունակութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպման եւ արտասանուած խորազգաց խօսքերուն ու բարեմաղթանքներուն համար։
Խօսելով իր ծառայական կեանքի աւելի քան 40 տարիներու փորձառութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ ինք միշտ հաւատացած է գործի ոյժին, եւ սկզբունք ըրած է խօսելէ առաջ գործել։
Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ հաւաքական վերանորոգման կարեւորութեան վրայ եւ կոչ ուղղեց վերանորոգուիլ հոգեպէս, մտովին ու ծառայական կեանքի մէջ, եւ այդ վերանորոգմամբ աւելի եւս մօտենալ զիրար ու զօրանալ իրարմով։ Ան նշեց, որ անցնող աւելի քան 40 տարիներուն ընթացքին իր ծառայութիւնը հաւատարմութեամբ ի սպաս դրած է Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի վերելքին, Արեւմտեան Թեմի շինութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային կեանքի բարօրութեան համար եւ յոբելենական այս պահը լաւագոյն առիթն է վերանորոգման, որպէսզի նոր աւիւնով, նոր կենսունակութեամբ ու խանդով լծուի Աստուծոյ եւ ազգի ծառայութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գոհունակ սրտով շնորհակալութիւն յայտնեց, գնահատեց ներկաները եւ յոյս ու վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ քայլերը պիտի իրագործուին հաւատքով, փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Ան իր խօսքը եզրափակեց երեսփոխանական ժողովի մը ընթացքին արտասանած հետեւեալ պատգամով.- «Իւրաքանչիւր իրագործում մեզի անդրադառնալ կուտայ, թէ մեր ընելիքները աւելի շատ են, քան ինչ որ իրագործած ենք անդուլ ճիգերով ու անդրդուելի կամքով, որովհետեւ գնահատանքը խրախոյս է աւելի՛ն ընելու, եւ ոչ թէ բաւարարութեամբ հանգիստի ու տեղքայլի մղուելու»։
Մեծարանքի երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: