Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսի Նախագահ Արա Աբրահամեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին


Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան, Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսի եւ Ռուսաստանի Հայերու Միութեան նախագահ Տիար Արա Աբրահամեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Հայրենի հիւրին կ՚ընկերանային գործակից բարեկամներ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ անդամ Տիար Վահրիճ Փիլաւճեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց Պրն. Աբրահամեանն ու ընկերակիցները Ազգին Տան մէջ. հայրենի հիւրը տարիներ առաջ առաջին այցելութիւն մը տուած էր Ազգ.
buy bactroban online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/bactroban.html no prescription

Առաջնորդարան եւ ծանօթ էր Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան դաշտերուն:

Ողջոյնի խօսքերու փոխանակումէն ետք, Տիար Աբրահամեան խօսեցաւ իր ծրագիրներուն, կազմակերպութեան գործունէութեան, ապագայ նախաձեռնութիւններու, հայկական սփիւռքին առնչուող հեռանկարներուն ու հայրենիքին նկատմամբ իր պատկերացումներուն մասին: Ան ներկայացուց պատկերը իր սկսած կազմակերպութեան, որ համաշխարհային տարողութեամբ աշխատանք կը տանի:

Առաջնորդ Սրբազանը Տիար Աբրահամեանի մաղթեց ծրագիրներու յաջողութիւն, քաջառողջութիւն, ուժ ու կորով եւ յարատեւութեան ոգի:

Հրաժեշտէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յուշանուէրներ փոխանցեց Տիար Աբրահամեանին եւ իրեն ընկերակից հիւրերուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022