ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ Վարժարանները Միացեալ Հանդէսով Տօնեցին Բուն Բարեկենդանը

Շաբաթ, 2 Մարտ 2019-ի առաւօտեան, ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներ իրենց ծնողներուն հետ համախմբուեցան Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ, տօնելու համար Բուն Բարեկենդանը։ Միացեալ հանդէսը կազմակերպուած էր շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինին կողմէ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, ներկայ եղաւ Արժ.
buy sinequan online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/sinequan.html no prescription

Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ համապարփակ բովանդակութեամբ բացատրեց Բուն Բարեկենդանի տօնին խորհուրդը, ինչպէս նաեւ գնահատեց՝ ՀՕՄ-ի հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնն ու ծրագիրները:

Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիկին Մարալ Թուլումեան եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամներ, որոնց անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Դոկտ. Սիւզի Օհանեան: Հանդէսը վարեց յիշեալ մարմինի անդամներէն՝ վաստակաւոր դաստիարակ Տիկին Լինտա Գանտիլեան:

Հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգները։ Գեղարուեստական յայտագիրին ճամբով, աշակերտները կեանքի կոչեցին Յովհաննէս Թումանեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Գէորգ Էմինը, Շարլ Ազնաւուրն ու այլ մեծեր, ներկայացնելով անոնց բանաստեղծութիւններէն պատառիկներ։ Ապա, Բուն Բարեկենդանը կենդանացաւ իր եօթ փետուրներու բացատրութեամբ: Յայտագիրը ունէր նաեւ երգերու եւ պարերու բաժին մը։

Հանդէսի աւարտին, խնամակալ մարմինի անդամներէն Տիկին Սոնա Մատարեան գնահատեց աշակերտները ու անոնց ծնողները, որոնք կը վստահին ՀՕՄ-ի առաքելութեան, նաեւ գնահատանք արձանագրեց բոլոր դաստիարակներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022