2016 Լուրերու Արխիւ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Ներկայացուցիչներու եւ Նոր Նշանակեալ Տնօրէններու Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 15 Յունիս 2016ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամներու, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Տիկին Լիզա Կապուտեանի: Անոնց կ’ընկերանային Ազգ. Վարժարաններու նոր նշանակեալ տնօրէնուհիները՝ Տիկին Սօսի Շանլեան (Ֆերահեան Երկրդ. Վրժ.), Օր. Սանան Շիրինեան (Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարան) եւ Տիկին Կարինէ Չուխատարեան (Վարիչուհի, […]
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 20-ամեակի Տօնախմբութիւն Արեւմտեան Մեր Թեմին Մէջ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը գոհունակութեամբ կը յայտարարեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր հայրապետական այցելութիւն մը պիտի շնորհէ Արեւմտեան մեր Թեմին, Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան 20րդ տարեդարձի տօնախմբութեանց անձամբ նախագահելու համար։ Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան շաբաթավերջին նկատի […]
Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Եղբայրակցութեան եւ Հայկ. Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները կը Շնորհաւորեն Առաջնորդ Սրբազանը
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Աւօ Եղբայր Գապաքչուզեանի, Երեքշաբթի, 14 Յունիս 2016ին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով ու փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները: Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Եղբայրակցութեան հոգեւոր ծառայութեան աշխատանքներն ու ծրագիրները, որոնց մասին Առաջնորդ […]
Community Organizations Invited to Participate in the Development of the Armenian American Museum
This post is available in English only
Նորընտիր Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան Դիւաններու Ընտրութիւն
Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 44րդ նստաշրջանին ընտրուած Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան կազմերը գումարեցին իրենց առաջին նիստերը, մեկնարկելու համար աշխատանքային նոր շրջանը: Կրօնական Ժողովի նիստը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 7 Յունիս յետմիջօրէնի, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ժողովը ընտրեց իր դիւանը, հետեւեալ կազմով.- Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան […]
Ազգային Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէսները
Յունիսի առաջին օրերէն սկսեալ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող մեր ազգային վարժարաններն ու մանկամսուրները, հովանաւորութեամբ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ունեցան իրենց ամավերջի հանդէսները, որոնց ընթացքին, շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները: Ազգ. Աշխէն Փիլաւճեան Մանակամսուրի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Յունիսի յետմիջօրէին, Ֆերահեան վարժարանի սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը ներակ եղաւ հանդէսին եւ ուղղեց […]
Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ «Մարմնամարզ» Հատորի Հրատարակութեան Նուիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ողջունահանդէսին
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2016ի երեկոյեան, Իկըլ Ռաքի իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր ողջունահանդէս մը, նուիրուած՝ նորատիպ «Մարմնամարզ» հատորին, որ կը բովանդակէ Ցեղասպանութեան նահատակներէն Շաւարշ Քրիսեանի կողմէ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Մարմնամարզ» թերթէն լայն քաղուածքներ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր սրտի խօսքը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար […]
Ս. Աստուածածին եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցիներու Ծխական Ընտանիքի Ներկայացուցիչները կը Շնորհաւորեն Առաջնորդ Սրբազանը
Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2016ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները Կլենտէյի Ս. Աստուածածին եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցիներու ծխական ընտանիքի ներկայացուցիչներու, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով: Առաջին այցելուներն էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւներու: Շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան արտայայտութիւններ ունեցան […]
Հիմնարկէք «Արարատ Տան» Նոր Կառոյցի
Կիրակի, 5 Յունիս 2016ի յետմիջօրէին, «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու խնամատար այս հաստատութեան յաւելեալ կառոյցին հիմնարկէքի արարողութիւնը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Բրշ. Մանուկ Սրկ. Չուլեան: Նկատի ունենալով, որ […]
CASPSի եւ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Անդամները կը Շնորհաւորեն Առաջնորդ Սրբազանին Վերընտրութիւնը
Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտութեան Յանձնախումբի (CASPS) վարչութիւնը Երեքշաբթի, 7 Յունիս 2016ին այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Առաջնորդարան եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի փոխանցեց իր շնորհաւորանքն ու բարեմաղթութիւնները՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով: Հանդիպումին ներկայ եղան CASPSի մօտ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ […]
Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Շրջանաւարտները Ներկայ Եղան Ս. Խաչ Մայր Տարարի Ս. Պատարագին եւ Ս. Հաղորդութիւն Ստացան
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 5 Յունիս 2016ին հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին, որուն ներկայ եղան Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները եւ Ս.buy elavil online https://salempregnancy.org/wp-content/languages/new/elavil.html no prescription Հաղորդութիւն ստացան իրենց շրջանաւարտ ըլլալուն առիթով: Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցիչներուն հետ: Ս. Պատարագը մատուցանեց Արժ. […]
Ազգ. Առաջնորդարանը Հիւրընկալեց Լիտիա Չագըրեանի Նկարչական Ցուցահանդէսը
Ուրբաթ, 3 եւ Շաբաթ, 4 Յունիս 2016ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագիտուհի Լիտիա Չագըրեանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը: Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներէն Տիկին Քնար Գորթոշեան արտասանեց ողջոյնի հակիրճ խօսք մը, ներկայացուց արուստագիտուհիին կենսագրական գիծերը, արուեստի ճամբուն կտրած հանգրուանները, ապա, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը արտասանելու իր օրհնութեան խօսքը: Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց արուեստագիտուհին […]
Առաջնորդ Սրբազանը Կ’ողջունէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Գերմանիոյ Խորհրդարանին Որոշումը
Ցեղասպանութեան մասին Գերմանիոյ խորհրդարանին որդեգրած պատմական բանաձեւէն ետք, Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2016ին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը յղած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի, ողջունելով պատմական նշանակութիւն ունեցող քաջ քայլը, զայն նկատելով «Պերճախօս վկայութիւն մը մարդկային իրաւանց նկատմամբ Գերմանիոյ յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհին ուղղուած պատգամ մը՝ անցեալին պատասխանատու կերպով մօտենալու կարեւորութիւնը յիշեցնող»։ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Կեդր. Կոմիտէի Ներկայացուցիչներուն Շնորհաւորանքի Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2016ին, ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանի այցելութիւնը: Երկու ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան առիթով: Ներկայ էր նաեւ Թեհրանի […]