2018 Լուրերու Արխիւ

Ազգային Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէսները

Ուսումնական 2017-2018 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին եւ վերջին երկու շաբաթներուն, մեր վարժարանները ունեցան ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդէսներ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ կամ ներկայացուցիչներով, ինչպէս նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ ներկայ եղան հանդէսներուն։ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը ուղղուած 2018-ի շրջանաւարտներուն լոյս տեսաւ մամուլի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը […]

Ամառնային Ս. Գրային Դասընթացքներ

Մեր Թեմի եկեղեցիներուն հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութիւններն ու Կիրակնօրեայ Վարժարանները վերջին տարիներուն ստեղծած են բարի աւանդութիւն մը. ամրան ընթացքին, մանուկներու եւ պատանիներու համար կը կազմակերպուին դաստիարակչական ծրագիրներ, մասնակիցներուն կը ջամբուին քրիստոնէական դաստիարակութիւն, հայերէն լեզու եւ մշակոյթ, կրօնական գիտելիքներ, շարականներ ու աղօթքներ եւ այս բոլորը՝ հաճելի ժամանցի մթնոլորտի մէջ: Այս տարի, ամառնային դասընթացքները կը կատարուին հետեւեալ ժամանակացոյցով. […]

Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեան Ազգ. Առաջնորդարանին Նուիրեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու Հաւաքածոյ մը

Հինգշաբթի, 14 Յունիս 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեանի, որ այս առիթով Ազգ.buy kamagra polo online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/kamagra-polo.html no prescription Առաջնորդարանին նուիրեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն հրատարակուած ու շրջանառութեան մէջ չդրուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյ մը։ Ան նոյն հաւաքածոյէն նուիրած է նաեւ Հայաստանի […]

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցին Տօնեց Օծման 5-րդ Տարեդարձը

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը 9 եւ 10 Յունիսին ապրեցաւ տօնական շաբաթավերջ մը, նշելով նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման 5-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Շաբաթ, 9 Յունիս 2018-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, իսկ Կիրակի, 10 Յունիսի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց եւ ուղղեց իր պատգամը։ Թէ՛ ճաշկերոյթին […]

Խօսք Շրջանաւարտներուն

Սիրելիներ, Հայրական սիրով կ’ողջունեմ Թեմիս ժողովականութեան եւ ուսումնական մարմիններու, շրջանիս կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները, տնօրէնութիւնը, դաստիարակները, շրջանաւարտ աշակերտները, ծնողներն ու հարազատները, փառք տալով Աստուծոյ, որ բոլորիս ընծայեց ուսումնական այս տարեշրջանը յաջողութեամբ եւ անփորձանք աւարտին հասցնելու առիթը։ Այս ու նման բարիքներու համար, այսօր եւ միշտ երախտապարտ ենք Երկնաւոր Հօր եւ կը խնդրենք, որ Անոր Ս. Աջը […]

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետի Միջ-կրօնական Հաւաք

Երկուշաբթի, 4 Յունիս 2018-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ՝ Էրիք Կարսեթիի ու մարդկային յարաբերութեանց բաժանմունքը կազմակերպեցին Իսլամական Ռամատանի առիթով միջ-կրօնական տարեկան Իֆթարի հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է զանազան աւանդութեանց ու ընդհանուր արժէքներու շուրջ համախմբել շրջանի պետական, համայնքային եւ հոգեւոր պետերը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ «Արարատ Տան» Ամսական Ճաշկերոյթին

«Արարատ Տան» Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի օր ճաշկերոյթ կը կազմակերպէ հաստատութեան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, ի մի խմբելով համայնքի անդամները՝ կազմակերպութեան առաքելութեան աջակցելու նպատակով։ Ըստ տարիներու բարի աւանդութեան, Յունիս ամսուան ճաշկերոյթը կը հիւրընկալուի ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու եւ բարեկամներու։ Այս առիթով, Երեքշաբթի 5 Յունիս 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ Շնորհաւորեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Շրջանաւարտները

Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանը ունի բարի աւանդութիւն մը. ուսումնական տարուան աւարտին, երկրորդականէն շրջանաւարտ աշակերտներ, վկայական ստանալու նախօրեակին, ներկայ կ’ըլլան Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին, Ս. Հաղորդութիւն կը ստանան եւ ունկնդիր կ’ըլլան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի պատգամին եւ կը ստանան անոր օրհնութիւնները։ Այս տարի աւանդական Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Կիրակի, […]

Եկեղեցւոյ Օծման 5-րդ Տարեդարձին Առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Պատարագէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին Շաբաթ, 9 եւ Կիրակի, 10 Յունիս 2018-ին պիտի տօնէ իր օծման 5-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Լաս Վեկաս, հովանաւորելու համար տարեդարձի տօնախմբութիւնն ու Ս. Պատարագ մատուցելու եկեղեցւոյ մէջ։ Լաս Վեկաս պիտի գտնուի նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիատ Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ։ […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտներու Դաստիարակչական Դասընթացք

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւնը Շաբաթ, 2 Յունիս 2018-ին, իր կեդրոնի «Անտոնեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր արի-արենոյշներու համար դաստիարակչական դասընթացք մը, որուն մասնակցեցան սկաուտական վկայեալ կարգի շուրջ 35 թեկնածուներ։ Մէկ օրուան վրայ երկարող դասընթացքը ունէր նաեւ ազգային-կրօնական դասախօսութեան բաժին։ Ընդառաջելով Շրջ. Վարչութեան խնդրանքին, եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. […]

Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Կլենտէյլի Նոր Ոստիկանապետի Երդման Արարողութեան

Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2018-ի յետմիջօրէին Կլենտէյլի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ նոր ոստիկանապետ Քարլ Փովիլայթիսի երդման հանդիսութիւնը՝ պաշտօնի ստանձնումին առիթով։ Ընդառաջելով ոստիկանական բաժանմունքի հրաւէրին՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ արարողութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան City Manager Եասմին Պիրզ արտասանեց […]

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով՝ Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը Կիրակի, 27 Մայիսին յատուկ արարողութիւններով յիշատակուեցաւ Արեւմտեան մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ։ Տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, վեր առնուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերէն ծնած Հանրապետութեան կերտիչներուն պատմակերտ դերակատարութիւնը եւ մեր ժողովուրդը վերանորոգեց հիմնադիրներուն կտակին հաւատարմութեան ուխտը։ Նկատի ունենալով, որ Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնը կը զուգադիպէր Միացեալ Նահանգներու Յիշատակի […]

Ամավերջի Հանդէսներ

Ուսումնական 2017-18 տարեշրջանը կը հասնի իր աւարտին ու կրթական հաստատութիւններ կը կազմակերպեն տարեվերջի աւանդական հանդէսները։ Վերջին շաբաթներուն, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող CASPS յանձնախումբը կազմակերպեց երկու հանդէսներ, գնահատելու համար հանրային վարժարաններ յաճախող ու յաջողութեամբ շրջանաւարտ եղած հայ աշակերտներ, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին ու զինք ներկայացնող հոգեւոր հայրերու։ Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրեր յառաջիկայ օրերուն ներկայ պիտի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Շնորհաւորանքի Նամակ մը Յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 50-ամեակին Առիթով

2018 կը զուգադիպի Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 50-ամեակին։ Վեհափառ Հայրապետը 1968-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին էր որ երեք օծակիցներու հետ ստացաւ քահանայական օծումն ու կարգը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Թեմիս մէջ ծառայող միաբաններուն, հոգեւորականաց դասուն, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, Կրօնական Ժողովին ու Ազգային […]

Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան աղօթք պիտի բարձրացուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներուն համար։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Էնսինոյի Ս. […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022