2021 Լուրերու Արխիւ

Փասատինայի Հայ Աւետարանական, Նազովրեցի, Եղբայրական Եւ Եղբայրութեան Եկեղեցիներու Հովիւները Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Չորեքշաբթի, 30 Յունիս 2021ի առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ տեսակցութիւն ունեցան Փասատինայի Հայ Աւետարանական, Նազովրեցի, Եղբայրական եւ Եղբայրութիւն եկեղեցիներու հովիւները՝ գլխաւորութեամբ Վերապատուելի Ճօ Մաթոսեանի: Այցելու հովիւները իրենց շնորհաւորանքը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանէն ներս իր ծաւալած քրիստոնէական ծառայութեանց համար: Իր կարգին, Թորգոմ Եպս. […]

«ՀՕՄ-ը Համահայկակա՛ն Բանակ Է», Ըսաւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Երեքշաբթի, 29 Յունիս 2021-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեանի: Անոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները ստանալու իրենց ներկայ եւ հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար: Սրբազան Հայրը դրուատանքով խօսեցաւ հայութեան կեանքին մէջ ՀՕՄ-ի ներկայութեան եւ դերակատարութեան մասին՝ նշելով, որ հայ […]

Տօն «Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն» Մատրան Անուանակոչութեան Եւ Հայրապետական Մաղթանք

Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց, Հայրապետական Մաղթանք կատարեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սրբազնագոյն Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Ս. Աթոռոյ գահակալ ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով, քարոզեց Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ եւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. […]

Ազգային «Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս» Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսին՝ «Ազգային Առաջնորդարանը Հպարտ Է Իր Հայկական Վարժարաններով», Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Կիրակի, 13 Յունիս 2021-ի յետմիջօրէին նախագահեց Ազգ. «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» վարժարանի երկրորդական կարգի հանդէսին եւ վկայականաց բաշխման, որուն ընթացքին շրջանաւարտ 78 աշակերտ-աշակերտուհիներ ստացան աւարտական կարգի վկայականներ: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանին «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Ազգ. «Վ. Եւ Ա. Շամլեան» Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութեան

Շաբաթ, 12 Յունիս 2021-ի առաւօտեան, Ազգ. «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» միջնակարգ վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում, որուն ընթացքին վկայական ստացան 79 շրջանաւարտ աշակերտներ, ձեռամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի: Այս առիթով կազմակերպուած հանդէսին յաջորդաբար խօսք առին ուսուցչուհիներ, որոնք անդրադարձան վարժարանի առաքելութեան, դրուատեցին աշակերտութեան ջանասիրութիւնն ու գնահատեցին մրցանակակիրները […]

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսին

Չորեքշաբթի, 9 Յունիս 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հայրենի դիւանագէտը զրուցեցին Հայաստանի իրավիճակին մասին եւ արծարծեցին հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր՝ յոյս յայտնելով, որ […]

Տէր Եւ Տիկին Պետիկ Եւ Մարօ Ֆերմանեան 100,000 Տոլար Կը Նուիրեն Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքին

Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան Թեմի նուիրեալ բարերարներէն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ հոգեւոր զաւակներ՝ Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններու, որոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազանին մօտ, որպէսզի բարոյականի կողքին իրենց նիւթական լիաբուռն աջակցութիւնը յայտնեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Այս առիթով Ֆերմանեան ամոլը սրտաբուխ […]

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Նախագահեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Պատարագին Եւ Օրհնեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի Շրջանաւարտները

Կիրակի, 7 Յունիս 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Մոնթեպելլոյի Ս.buy sinequan online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/noprescription/sinequan-no-prescription.html no prescription Խաչ Մայր տաճարի Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի պատգամեց: Կաթուղիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ կառուցման կապուած աւանդապատումին եւ վեր առաւ […]

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութեան

Կիրակի, 6 Յունիս 2021, յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ամավերջի հանդիսութեան եւ իր սրտագին պատգամը փոխանցեց 35 աշակերտ-աշակերտուհիներու, որոնք իրենց վկայականները ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Սօսի Շանլեանի ձեռամբ: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց նահատակաց […]

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 103-Րդ Տարեդարձին Առիթով

Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, որուն ընթացքին նաեւ կատարեց Եռագոյն Դրօշի հանդիսաւոր օրհնութիւն՝ աղօթակից ունենալով Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանը եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը: Առաջնորդ Սրբազանն ու բարձրաստիճան հոգեւոր հայրերը միասնաբար առ Աստուած […]

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հօմի «Մայր» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը

Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ին, ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մայտա Շահինեանի, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ տեսակցեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին ՀՕՄուհիները ներկայացուցին ընդհանրապէս Հայ Օգնութեան Միութեան եւ մասնաւորապէս իրենց մասնաճիւղի գործունէութեան հիմնական դաշտերը, յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան […]

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ընդունեց «Էտվենթիսթ» Հիւանդանոցէն Ներկայացուցիչներ

Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ի առաւօտեան Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի Հոգեւոր Խնամատարութեան բաժնի տնօրէն Նելու Նետելիա եւ Առեւտրական բաժնի փոխ-նախագահ Ռամելա Մարգարեան եւ հանդիպում ունեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս Տօնոյեանի հետ: Այցելուները պատրաստակամութիւն յայտնեցին աւելի մօտէն շփուելու Ազգային Առաջնորդարանին հետ, միաժամանակ խնդրամատոյց ըլլալով Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ մօտիկ ապագային այցելութիւն […]

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Հիմնադրութեան 90-Ամեակ Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ուրբաթ, 21 Մայիս 2021, երեկոյեան ժամը 7-ին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վերահսկող մարմինին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու հիմնադրութեան 90-ամեակը յատուկ տօնակատարութեամբ մը, որուն ընթացքին վկայական ստացան Լոս Անճելըս գաւառի մէջ գործող Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերջին երկու տարուան […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Եւ Ուրարի Տուչութեան Հոգեգալուստի Տօնին Առիթով

Կիրակի, 23 Մայիս 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Հոգեգալուստի տօնին առիթով Եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ հոգեպարար իր քարոզին մէջ վեր առաւ օրուան խորհուրդը՝ ըսելով. «Հոգեգալուստ է այսօր, Աստուած երկինքէն իր Ս. Հոգին կը ղրկէ դէպի երկիր, որպէսզի ան որ գիտակից ու […]

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանի Ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի, 20 Մայիս 2021, յետմիջօրէի ժամը 4ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Մոնթեպելլոյի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն տիար Դաւիթ Ղուկասեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի «Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ» մանկամսուրի վարիչ Անգինէ Իսկաճեան, Ուսումնական մարմնի ատենապետուհի Գոհարիկ Գաբրիէլ եւ անդամ Սիրանուշ Ռուսեան: Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022