Վերջին Լուրեր
Առաջնորդ Սրբազանը Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը Նշանակեց Ազգ. Առաջնորդարանի «Նարեկացի» Լսարանի Տեսուչ
Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանը նշանակեց տեսուչ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ հաստատուած «Նարեկացի» լսարանին, ուր հայկական վարժարաններու կրօնի ուսուցիչներ, կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներ եւ ուսուցիչներ, եկեղեցւոյ մէջ ծառայող սարկաւագներ եւ դպիրներ առիթ պիտի ունենան եկեղեցական, աստուածաշնչական եւ կրօնի կապուած իրենց գիտութիւնը առաւել եւս զարգացնելու […]
Ռակի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան
Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, ընկերակցութեամբ գաղութի ազգայիններէն Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանի: Հանդիպման գլխաւոր թեման լիբանանահայութիւնն էր, որուն ներկայ իրավիճակին մասին փոխանակուեցան տեղեկութիւններ եւ արծարծուեցան գաղութը յուզող հոգեւոր, ազգային, մշակութային ու ընկերային […]
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով, Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Պատարագ, Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք Եւ Մկրտարանի Օծում Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ը իւրայատուկ օր մըն էր Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական շրջանին համար։ Ս. Թարգմանչաց Տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Օրէնճ Քաունթիի համայնքին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ անմահ Պատարագ մատոյց, փոխանցեց հոգեշունչ եւ հայատրոփ պատգամ, ապա եկեղեցւոյ վերանորոգուած […]
Ծերոն Եւ Սոնա Թիթիզեաններ Կը Հովանաւորեն «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիք»ը
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովը, Ազգ. վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սոնա Թիթիզեան ամոլը ստանձնած է «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ի գլխաւոր հովանաւորութիւնը։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023-ի երեկոյեան […]
Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Արտակարգ Ժողով
– 2023 ԳԱՐՆԱՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱ – ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ – ԱՄԲՈՂՋԱՆՈՒԷՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆՑ – ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ – «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ» – ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, նախագահեց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 50-րդ […]
Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Համայնքի Հարիւրամեակին Նուիրուած Կալա-Ճաշկերոյթը Նոր Դարաշրջանի Մեկնակէտ
Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Բաղրամեան շքեղ սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համայնքի հիմնադրման 100-ամեակին եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի կառուցման 40-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ, որուն ներկայ եղան նախկին առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ […]
Ս. Գէորգ Զօրավարի Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ, Ծաղկեայ Փիլոնի Տուչութիւն, Նոր Միւռոնով Ջրօրհնէք Եւ Մատաղօրհնէք Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Մէջ
Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ս. Գէորգ Զօրավարի անուանակոչութեան տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, ապա ընթերցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Կոնդակը, քահանայական ծաղկեայ սեւ փիլոն շնորհեց եկեղեցւոյ […]
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Տիար Դաւիթ Բաբայեան, ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի փոխ ատենապետ Րաֆֆի Քասապեանի, անդամներ՝ Անահիտ Օշականի եւ Հերմինէ Փախանեանցի: Նկատի ունենալով, որ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, երկրէն դուրս կը գտնուէր, իր անունով հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց Հոգշ. Տ. […]
Holy See of Cilicia Delegation Brings Their Active Participation in World Council of Churches 11th General Assembly
From August 31 through September 8, 2022, thousands of faithful gathered in Karlsrue, Germany to take part in the World Council of Churches’ (WCC) 11th General Assembly. The WCC is the broadest organization of the worldwide ecumenical movement and a fellowship of more than 352 churches in over 120 countries representing over 580 million Christians […]
Միասնական Աղօթք Հայրենի Նահատակ Զինուորներու
Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի հայ հոգեւոր Առաջնորդներ համայնական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, վասն անսասանութեան Հայաստան աշխարհի եւ նահատակ զինուորներու հոգւոցն լուսաւորութեան, առ ի մխիթարութիւն իրենց ընտանիքներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին: Այս առիթով Ս. Պատարագ մատոյց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան: Յընթացս Սրբազան […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-Ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը
Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկին Վիքի Մարաշլեանի: Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց ՀՕՄի աշխարհատարած գործունէութիւնը՝ յատուկ կանգ առնելով Արեւմտեան շրջանի կառոյցի ցուցաբերած այն բազմամակարդակ օգնութեանց վրայ, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Արցախի, Ջաւախքի, Սփիւռքի կարիքաւոր գաղթօճախներուն […]
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով Սկիզբ Առին Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւնները
Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս· Եպս. Տօնոյեան, Խաչվերացի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց եւ նոր միւռոնով ջրօրհնէք, ապա մատաղօրհնէք կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի մէջ՝ ի սրտէ շնորհաւորելով Ս. Խաչ ծխական համայնքի հարիւրամեակը եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի անուանակոչութեան տօնը: Տէրունական Սեղանին սպասարկեցին Ս. Խաչ Մայր […]
Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւորականաց դասը, Հոգաբարձական կազմը, Ազգային երեսփոխանները եւ բոլոր այն նուիրեալները, որոնք կ՛աշխատին վասն պայծառութեան Աստուծոյ Տուն՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարի, ինչպէս՝ սարկաւագներ, դպիրներ, Տիկնանց միութիւն, երգեցիկ խումբ, բոլոր կամաւորներ եւ Մոնթեպելլոյի ծխական համայնքի բոլոր զաւակներ: […]
Ազգային Թաղում Դպրոցաշէն Բարերար Վահան Շամլեանի
Երեքշաբթի, 30 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ թաղման եկեղեցւոյ կարգը «Կիլիկեան իշխան» ազգային բարերար, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հաւատարիմ զօրակից, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ հարազատ զաւակ, Արեւմտեան Թեմի առաքելութեան հաւատացող եւ հայ դպրոցի ամենաջերմ պաշտպան ու ռահվիրայ եւ գլխաւոր բարերար Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի՝ Տիար Վահան […]
Եպիսկոպոսական Պատարագ Եւ Ջրօրհնէք Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ – «Տէ՜Ր, Թոյլ Մի՛ Տար, Որ Կուռքեր Շինեմ Իմ Մարմին Տաճարիս Մէջ»
Կիրակի 28 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատոյց, Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց եւ քարոզեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, աղօթակից ունենալով Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանը եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը: Ս. Խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. […]