Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մշակութային բեղուն գործունէութիւն։
Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019-ին, Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ ներկայացուեցաւ Ճաբոնի մօտ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դեսպան Տիանա Աբգարի նուիրուած վաւերագրական շարժապատկերի ցուցադրութիւնը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ Ճաբոնի գլխաւոր հիւպատոս՝ Աքիրա Մութոյի ներկայացուցիչը։
Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի »Անի« պարախումբի 45-ամեակի ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ։
Իսկ Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 150-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւն մը նուիրուած չորս մեծերու՝ Կոմիտաս Վարդապետի, Լեւոն Շանթի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակներուն։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր սրտի խօսքը, իսկ յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան փոխանցեց փակման խօսքը։