Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ունի սրբազան եւ բազմախորհուրդ արարողաշարք մը, որ կ’երկարի մէկ շաբթուան վրայ եւ ծանօթ է Աւագ Շաբաթ անունով: Այս տարի, Աւագ Շաբաթը կը սկսի Երկուշաբթի, 26 Մարտին:
Շաբթուան իւրաքանչիւր օրը նուիրուած է Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերու յիշատակման:
Աւագ Երեքշաբթին նուիրուած է 10 Կոյսերու առակի յիշատակման, որ կը պատգամէ միշտ պատրաստ ըլլալ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին: Աւագ Հինգշաբթի օր կը կատարուի յիշատակումը աշակերտներուն հետ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին, Ս. Պատարագի խորհուրդի հաստատման, որուն ընթացքին Քրիստոս խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան պատգամ մը տուաւ աշակերտներուն՝ լուալով անոնց ոտքերը, իսկ երեկոյեան, կը յիշատակուին Յիսուսի մատնութիւնը Յուդայի կողմէ, Յիսուսի ձերբակալումն ու դատավարութիւնը: Աւագ Ուրբաթ կը կատարուի յիշատակումը Յիսուսի խաչելութեան ու թաղման: Աւագ Շաբաթը Ճրագալոյց է, իսկ Կիրակին՝ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնն է. եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ կը մատուցուի, տօնելու համար մահուան վրայ Քրիստոսի յաղթանակը եւ գոչելու. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»: Ս. Յարութեան տօնին յաջորդ օրը, Երկուշաբթի, Ս. Յարութեան մեռելոցի օրն է։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ
-Աւագ Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018, յիշատակ Տասը Կուսանաց, Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ, ժամը 7։00-ին.
-Աւագ Հինգշաբթի, 29 Մարտ 2018, Ոտնլուայի արարողութիւն, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի, Հոլիվուտ, ժամը 4:30ին, իսկ Խաւարման Գիշեր, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցի, ժամը 7:30-ին,
-Աւագ Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018, Թաղման կարգ, Ս. Խաչ Մայր Տաճար, Մոնթեպելլօ, ժամը 7։00-ին.
-Աւագ Շաբաթ, 31 Մարտ 2018, Ճրագալոյց, Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ, Ս. Պատարագ ժամը 5։00-ին.
– Ս. Յարութիւն-Զատիկ, Կիրակի, 1 Ապրիլ 2018, Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Կլենտէյլ, Ս. Պատարագ ժամը 10:30-ին.
– Յիշատակ Մեռելոց, Երկուշաբթի, 2 Ապրիլ 2018, Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան «Hall of Liberty»-ի սրահ եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցի, ժամը 10։00-ին.
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԻՆ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ
-Աւագ Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018, յիշատակ Տասը Կուսանաց, Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Կլենտէյլ, ժամը 7։00-ին.
-Աւագ Հինգշաբթի, 29 Մարտ 2018, Ոտնլուայի արարողութիւն, Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Կլենտէյլ, ժամը 5:00ին, իսկ Խաւարման Գիշեր, ժամը 7։00-ին.
-Աւագ Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018, Թաղման կարգ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի, Օրէնճ Քաունթի, ժամը 7։00-ին.
-Աւագ Շաբաթ, 31 Մարտ 2018, Ճրագալոյց, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցի, Ս. Պատարագ ժամը 5։30-ին.
– Ս. Յարութիւն-Զատիկ, Կիրակի, 1 Ապրիլ 2018, Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ, Ս. Պատարագ ժամը 11:00-ին.
– Յիշատակ Մեռելոց, Երկուշաբթի, 2 Ապրիլ 2018, Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան «Hall of Liberty»-ի սրահ եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցի, ժամը 10։00-ին.
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլալու մեր Տիրոջ երկրաւոր առաքելութեան գագաթնակէտը բնորոշող այս արարողութեանց եւ հաղորդակից դառնալու Աւագ Շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան ու Ս. Յարութեան տօնի պատգամներուն: