Կիրակի, 9 Յունիս 2019ը Հոգեգալստեան տօնն է, որ յիշատակումն է Վերնատան մէջ առաքեալներուն Սուրբ Հոգիի շնորհքներու եւ պարգեւներու արժանացման։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։
Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, նոյն օրը, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ աղօթք պիտի բարձրացուի հիմնարկին հոգածութիւնը վայելող հիւանդներուն առողջութեան եւ նուիրեալներու զօրակցութեան համար։
Հիմնարկի ներկայացուցիչները ներկայ պիտի ըլլան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին ուր տեղեկութիւններ պիտի տան Հիմնարկի աշխատանքներուն մասին եւ պիտի գրանցեն նոր նուիրատուներ։
Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան կազմակերպած Հայրերու Օրուան ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան երիտասարդական կեդրոնին» մէջ։
Նշենք, որ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, որ աղօթակից ըլլայ այս հիմնարկի հոգածութիւնը վայելող հիւանդներուն առողջութեան ի խնդիր եւ յաջողութիւն մաղթելու հիմնարկի ծառայողներուն։