Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 12 Օգոստոս 2016ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ գործող յատուկ յանձնախումբին՝ CASPS-ի ներկայացուցիչներուն. ինչպէս ծանօթ է, այս յանձնախումբը տարիներէ ի վեր թիկունք կը կանգնի հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու, սատար հանդիսանալով անոնց դիմագրաւած ուսումնական եւ այլ հարցերու լուծման: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ.Քհնյ. Փեհլիվանեան։
CASPS-ի այս այցելութիւնը ունէր յատուկ նշանակութիւն։ Յանձնախումբի համա-ատենապետուհի Տիկին Մետիա Քալոկնոմոսի եւ անդամ Տիկին Արմինէ Պազիկեանի կ’ընկերանային հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ առաջնակարգ աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք իրենց երկրորդականի ուսման շրջանը աւարտած էին բարձրագոյն միջիններով, եւ ընդունուած ամերիկեան լաւագոյն համալսարանները: Ներկայ էին նաեւ ծնողներ։
Տիկին Մետիա Քալոկնոմոս ներկայացուց աշակերտներն ու այցելութեան նպատակը, ապա տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ աշակերտներուն միջեւ։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց աշակերտներն ու անոնց ծնողները, եւ յորդորեց մօտիկ մնալ հայրենիքին, հայութեան, Ազգային Առաջնորդարանին եւ ընդհանրապէս հայկական իրականութեան։ Շեշտելով CASPS-ի կարեւորութիւնն ու տարած հսկայածաւալ աշխատանքները, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «CASPS-ի առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր միայն օժանդակութիւններ մատակարարելով հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու, այլ անոր գործունէութեան առանցքը կը հանդիսանայ ազգային նկարագիրի կերտում եւ հայրենասիրութիւն ու հաւատք ջամբել, որուն մարմնաւորումն են այս աշակերտները, որոնք մեր համայնքին, հայրենիքին եւ հայութեան խոստմնալից ապագան են»։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջալերական եւ խրախուսիչ խօսքերուն ընդառաջելով՝ աշակերտները վերահաստատեցին իրենց ուխտը, եւ ստացան Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնները, գնահատանքի յուշանուէրներ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամներէն փունջ մը պարունակող «A Collection of Spiritual Reflections» հատորէն օրինակներ։
Աւարտին, այցելուները մէկտեղուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր «Տէրունական Աղօթք»ի եւ «Տէր Ողորմեա» երգեցողութեամբ՝ հոգեպէս զօրացան եւ գօտեպնդուեցան։