Առաջնորդ Սրբազանը Մտերմիկ Հանդիպում մը Ունեցաւ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուրի Աշակերտներուն Հետ


Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուրի աշակերտները Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017ի առաւօտեան, այցելութիւն մը տուին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Սրբազան Հօր կողքին էին Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Հոգշ Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։

Աշակերտները, գլխաւորութեամբ մանկամսուրի վարիչուհի Տիկին Կարին Ջուխատարեանի, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներուն եւ խումբ մը ծնողներու, նախ համախմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ՝ այցելութեան ծրագիրը սկսաւ հաւաքական Տէրունական աղօթքի եւ Արեւագալի «Յարեւելից» շարականին երգեցողութեամբ:

Ապա, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհիին՝ Տիկ. Սիւզի Փաշայեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, աշակերտները երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգը, արտասանեցին եւ երգեցին հայրենիքին, գարնան եւ Ս. Զատկուան նուիրուած հոյլ մը երգեր եւ բանաստեղծութիւններ: Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Վարիչուհին, որ յանուն մանկամսուրի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ անոնց ծնողներուն՝ երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ս. Զատկուան տօնի նախօրեակին իր հայրական ընդունելութեան համար։

Աւարտին, իր հայրական խօսքը փոխանցելու համար բեմ բարձրացաւ Սրբազան Հայրը։ Առաջնորդ Սրբազանը թելադրեց, որ աշակերտները ըլլան բարի եւ աշխատասէր, հայաստանասէր եւ եկեղեցասէր, լաւ հայ, եւ շնորհակալ ըլլան իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ մանաւանդ Աստուծոյ՝ իր պարգեւած բիւր բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար։ Աշակերտները պատասխանեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր Աւագ Շաբթուան ու Ս. Զատկուան մասին հարցումներուն եւ իրենց կարգին՝ զանազան բնոյթի հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Հօր։

Իր խօսքը եզրափակելով, Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց այս հանդիպումին համար եւ գնահատեց աշակերտներուն ներկայացուցած գեղեցիկ յայտագիրը, մաղթելով եւ աղօթելով, որ Աստուած աւելի հարստացնէ զանոնք շնորհքներով ու տաղանդներով։ Ան գնահատեց նաեւ վարժարանի վարիչուհին ու ուսուցչուհիները եւ մաղթեց, որ նոյն ոգիով շարունակեն իրենց նուիրական առաքելութիւնը։

Յայտնենք, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով, աշակերտները Սրբազան Հօր նուիրեցին հաւկիթներով զարդարուած գեղեցիկ կողով մը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022