Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2015ի երեկոյեան, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուեշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հսկումի արարողութեան: Աւարտին, ընկերակցութեամբ Հոգշ.
buy levaquin online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/levaquin.html no prescription
Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեանի ու Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Կլենտէյլի կեդրոնը:
Եղբայրակցութեան վարչութեան ատենապետ Աւօ Եղբ. Գապաքչուզեան ողջունեց ներկայութիւնը Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւորականերուն եւ բոլոր ներկաներուն: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ հսկումի արարողութիւն: Փոքրիկներ հերթաբար ընթերցեցին Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի “Հաւատով Խոստովանիմ” աղօթքը: Արարողութեան աւարտին Եղբայրակցութեան մանուկներն ու երիտասարդները ներկայացուցին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, խմբերգներով, մեներգներով եւ հոգեւոր երգերու մթնոլորտով ճոխացնելով ժամը:
Ապա, Աւօ Եղբայր բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ եղբայրակցութեան անդամներուն: Սրբազանը օրհնեց յիշատակը Եղբայրակցութեան բոլոր ննջեցեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ի մասնաւորի Արշակ եղբօր, որ երեք տարիներ առաջ առ յաւէտ բաժնուեցաւ եղբայրակցութենէն, Պահքի առաջին օրը: “Դարձուցիչ մոլորելոց” բնաբանով, Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Մեծ Պահքի ընթացքին մենք պէտք է խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեզ հեռու պահէ մոլութիւններէ եւ չար սովորութիւններէ, որպէսզի կարենանք բարի սերմեր ցանել մեր չորսդին եւ լաւը ընտրելու մղենք մեր նմանները, յատկապէս անոնք, որոնք խարխափումի մէջ են: “Պահքը միջոց մըն է, ուր մենք պէտք է անդրադառնանք մեր կոչումին ու առաքելութեան, եւ պատրաստ ըլլանք մեր տնտեսութեան հաշիւը տալու”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ իր խօսքի աւարտին օրհնեց վարչութեան անդամները՝ իրենց ծառայութեան համար եւ մաղթեց, որ նոյն ձեւով կարենան առաջնորդել եւ բարի օրինակ ըլլալ նորահաս սերունդին:
Պատգամի աւարտին, մանուկներն ու երիտասարդները, ինչպէս նաեւ վարչութեան անդամները առիթը ունեցան խմբանկար մը առնելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ:
Պատրաստուած էր Պահքի ճաշերով հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին հաւատացեալները մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ Առաջնորդ Հօր հետ ունեցան զրոյցի պահ մը: Զրոյցը կեդրոնացաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ մեր նահատակներուն սրբադասման վրայ:
Առաջնորդ Սրբազանը իր այցելութեան առթիւ Քրիստոսի խաչելութեան սրբանկար մը նուիրեց Եղբայրակցութեան կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Ժագ. Ս. Յակոբեանի “Մեսրոպավէպ” գիրքէն օրինակներ նուէր տրուեցան բոլոր ներկաներուն: