2017 Լուրերու Արխիւ

Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձի Հանդիսութիւն

Հիւրընկալութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսովի, Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 26-րդ տարեդարձը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի՝ ներկայ եղաւ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանին։ Ներկայ […]

Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Լոս Անճելըսի Ոստիկանապետի Պաշտօնին Թեկնածու Պապ Լինզիի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի ոստիկանապետի պաշտօնին 2018-ի ընտրութեանց թեկնածու ներկայացող Պապ Լինզիի, որուն կ’ընկերանար ոստիկանական բաժանմունքէն Տիար Կէրի Նալպանտեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր Տիար Անդրանիկ Գասպարեան եւ անդամ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան։ […]

Վերջին Օծում՝ Հոգելոյս Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանի

Արեւմտեան մեր Թեմն ու հաւատացեալ ժողովուրդը Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2017-ին վերջին յարգանքը մատուցեցին բազմավաստակ հոգեւորականի մը՝ Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանին, որ աւելի քան 60 տարիներ ծառայեց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Դպրոցին ու մեր ժողովուրդին, կերտեց պատկառելի վաստակ, վայելեց մեր ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը, եւ իր երկրաւոր կեանքը կնքեց Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբերին։ Վախճանեալ Քահանայ Հօր […]

Խաչվերացի Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Տաճարին Մէջ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինին՝ Խաչվերացի եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօներուն առթիւ, աւանդութիւն դարձած է որ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուի, «Անդաստան» կատարուի, ապա տեղի ունենայ մատաղի օրհնութիւն: Այս տարի եւս, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնը փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-ին։ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ […]

Առաջնորդ Սրբազան կը Շնորհաւորէ Հ.Յ.Դ. Փասատինայի «Լեռնավայր» Կոմիտէութեան 40-Ամեակը

Հ.Յ.Դ. Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէութիւնը Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-ին, տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը՝ շրջանի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան, կատարեց բացման աղօթքը, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին պետական անձնաւորութիւններ, գաղութի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ […]

Շաբաթական Լուրեր – 15 Սեպտեմբեր 2017

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Յաւարտ Ս. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի Այցելութիւնը

Հանգիստ՝ Տ. Նարեկ Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց Դասը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգ. Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Թեմիս բազմավաստակ հոգեւորականներէն Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2017-ին։ Վախճանեալ Քահանայ Հօր ծառայական վաստակը կ’երկարի աւելի քան 60 տարիներու վրայ. ծնած է Մուսա Լեռ, 1926-ին, Տ. […]

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 102-ամեակին առիթով Ս. Պատարագ եւ Հերիսայի Օրհնութիւն

Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ միութիւնը անցեալ շաբաթավերջին երկօրեայ հանդիսութեամբ մը ոգեկոչեց 102 տարի առաջ մղուած յաղթական հերոսամարտին եւ ճակատումներուն ընթացքին ինկած նահատակներուն յիշատակը։ Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հերիսայի պատրաստութիւն եւ խրախճանք։ Կիրակի առաւօտեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց […]

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 102-ամեակի Նուիրուած Տօնախմբութիւն

Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ միութիւնը այս շաբաթավերջին կազմակերպած է երկօրեայ հանդիսութիւն, ոգեկոչելու համար յիշատակը 102 տարի առաջ մղուած յաղթական հերոսամարտին։ Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հերիսայի պատրաստութիւն եւ խրախճանք։ Կիրակի առաւօտեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի […]

Լոս Անճելըսի Հայ Բանտարկեալներու Հետ Աղօթքի Պահ եւ Խաղողօրհնէք

Ազգային Առաջնորդարանի բանտային ծառայութեանց եւ հայ բանտարկեալներուն հոգեւոր մատակարարութեան աշխատանքի ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 30 Օգոստոս 2017-ին, տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան այցելեցին Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի բանտը։ Այս այցելութեան առիթով, հոգեւոր հայրերուն կ’ընկերանար Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Քաղդէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լուիս Ռաֆայէլ Ա. Սաքօ Պատրիարքին Հովուապետական Այցելութեան

Ասորի Քաղդէական Կաթողիկէ համայնքի գերագոյն առաջնորդը՝ Տ. Լուիս Ռաֆայէլ Ա. Սաքօ պատրիարքը այս օրերուն Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի հովուապետական այցելութեամբ։ Նշենք, որ համայքի կեդրոնը կը գտնուի Բաբելոն, Իրաք։ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոսի երեկոյեան, համայնքին Նորթ Հոլիվուտի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած էր բարի գալստեան յատուկ արարողութիւն մը եւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ հիւր Պատրիարքին։ Ծանօթ է, […]

Աղօթք եւ Աջակցութիւն Ի Նպաստ «Հարվի»ի Զոհերուն

Աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր, ցաւով ու վրդովումով կը հետեւինք Թեքսաս նահանգի կարգ մը շրջանները ու մասնաւորաբար Հիւսթըն քաղաքը հարուածող «Հարվի» մրրիկին ահաւոր հետեւանքներուն։ Ինկած են բազմատասնեակ զոհեր, քանդուած են աւելի քան 100,000 բնակարաններ, արձանագրուած է բազմամիլիառ տոլարի նիւթական վնաս։ Յուսալով, որ ողողումները վերջ գտնեն եւ ահաւոր աղէտին ամբողջական հետեւանքները երեւան ելլեն, եկէ՛ք, մեր […]

Նորընծայ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան Մատուցանեց Իր Անդրանիկ Ս. Պատարագը

Կիրակի, 27 Օգոստոս 2017-ը արեւմտեան մեր Թեմին համար եղաւ յիշատակելի, երբ Թեմի հոգեւորականաց դասու նորագոյն անդամը՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը, արտասանեց իր առաջին քարոզը եւ օրհնեց ներկայ հաւատացեալները, ուխտելով բոլորանուէր կերպով ու հաւատքով նուիրուիլ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]

Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամը Կրթանպաստ կը Տրամադրէ Հինգ Ուսանողներու

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մօտ հաստատուած «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սերտելէ ետք 2017-2018 տարեշրջանի համար կրթանպաստի դիմում ներկայացուցած ուսանողներու դիմումնագրերը, որոշեց կրթանպաստ տրամադրել հինգ ուսանողներու, որոնք կը հետեւին գիտական մասնագիտութեանց Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ, ձեռք բերած են փայլուն արդիւնքներ եւ ունին գաղութային ծառայութիւն։ Յանձախումբին […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022