2018 Լուրերու Արխիւ

Ազգ. Վարժարաններու Աշակերտական Տօնախմբութիւն Նուիրուած՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակին

Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային վարժարանները Ուրբաթ, 4 Մայիսին, յատուկ հանդիսութեամբ տօնեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը։ Հանդիսութիւնները կազմակերպուած էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին կողմէ, եւ տնօրէններուն գործակցութեամբ։ Վարժարաններու 5-րդէն 12-րդ կարգի աշակերտները համախմբուեցան Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի կից «Ռիօ Հոնտօ» հանրային պարտէզին մէջ, իսկ մանկամսուրէն մինչեւ 4-րդ դասարաններու աշակերտները տօնակատարութիւնը ունեցան իրենց վարժարաններու յարկին տակ։ […]

Ազգային Առաջնորդարանը Կը Մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Աղօթքի Օրուան Արարողութեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ Մայիսի առաջին Հինգշաբթին հռչակուած է Աղօթքի Օր։ Այս առիթով, բոլոր շրջաններուն մէջ տեղի կ’ունեցան յատուկ արարողութիւններ։ Համաձայն այս աւանդութեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի եւ տիկինը՝ Էյմի Ուէյքլընտ Հինգշաբթի, 3 Մայիս 2018-ին, իրենց բնակարանին՝ «Կեթի Հաուս»ին մէջ հիւրընկալեցին միջ-կրօնական հանդիպում մը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. […]

Ազգային Երեփոխանական Ժողովի 46-րդ Նստաշրջանի Նախօրեակին Հոգեւորականաց Համագումար

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 46րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 2 Մայիս 2018-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց տարեկան միօրեայ համագումարը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարիտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ Համագումարը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ, փառաբանութեան աղօթքով եւ ժամերգութեամբ, որուն աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց հոգեւոր հայրերուն […]

Յարութ Պարսամեան Ուսանողական Կրթաթոշակի Դիմումնագիրներու Ընդունում 2018-2019 Տարեշրջանին Համար

Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնն ու «Պարսամեան» Կրթաթոշակի Յանձնախումբը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական 2018-2019 տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունին «Յարութ Պարսամեան Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար։ Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամը կը նպատակադրէ աջակցիլ հայ ուսանողներու, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեամբ մը, Միացեալ […]

ՀՕՄ-ի Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» Մասնաճիւղը Տօնեց Հիմնադրութեան 50-րդ Տարեդարձը

ՀՕՄ-ի Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» մասնաճիւղը Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ին, տօնեց իր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձը, որ նաեւ 37-րդ տարեդարձն էր իր հաստատած շաբաթօրեայ դպրոցին, իսկ 20-րդ տարեդարձը՝ մանկամսուրին։ Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ […]

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ 40-ամեակի Տօնակատարութիւն

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ի յետմիջօրէին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի ու հոգաբարձութեան, եւ պատուոյ նախագահութեամբ եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Տիար Վահէ Կարապետեանի, ծխական շրջանի բազմավաստակ ծառայողներէն […]

Հայ-Ամերիկեան Բժշկական Ընկերակցութիւն Տօնեց Իր 33-րդ Տարեդարձը

Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Հայ-Ամերիկեան Բժշկական Ընկերակցութիւնը, Loews Hollywood պանդոկին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 33-րդ տարեդարձը։ Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի վիրաւոր զինուորներուն։ Հանդիսութիւնը առիթ մը եղաւ պատուելու Փրոֆ. Արա Բաբլոյեանը, Տոքթ. Սիմոն Քէօշկէրեանը, Տոքթ. Րաֆֆի Մինասեանն ու նախկին Տիկնանց Միութիւնը՝ իրենց բազմամեայ ծառայութեանց համար։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]

Ցեղասպանութեան եւ Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակման Արարողութիւն՝ Սոլվէնկի Մէջ

Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ին, Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ որբերու մեծ ծառայութիւններ մատուցած դանիացի հայասէր Մարիա Ճէյքըպսընի բարեկամներու ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, յիշատակի յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Սոլվէնկի Բեթանիա Լուտերական եկեղեցւոյ մէջ։ Ծանօթ է որ Մարիա Ճէյքըպսըն եղած է հիմնադիրը Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ 40-ամեակին Առիթով

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը։ Եկեղեցւոյ 40-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի ու հոգաբարձութեան, պատուոյ նախագահութեամբ եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Տիար Վահէ Կարապետեանի եւ հիւրընկալութեամբ […]

Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան անցեալ շաբաթ Անթիլիասի մայրավանքէն Լոս Անճելըս վերադարձաւ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման արժանանալէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ։ Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ին, ան եպիսկոպոսական իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ս. Պատարագին ներկայ […]

Լիբանանի Նոր Գլխաւոր Հիւպատոսին Ի Պատիւ Ընդունելութիւն

Հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Հէրի եւ Շերըլ Նաճարեան ամոլին եւ խումբ մը նախկին լիբանանցիներու, Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «California Club» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ Լիբանանի նոր գլխաւոր հիւպատոս Տիկին Միռնա Խաուլիի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան ու անգամ մը եւս առիթ […]

CASPS-ի Նախաձեռնութեամբ՝ Կլենտէյլի Հանրային Վարժարաններէ Շրջանաւարտ Հայ Աշակերտներու Ի Պատիւ Ձեռնարկ

Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու Յանձնախումբը՝ CASPS, Հինգշաբթի, 26 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան կազմակերպած էր Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներու ի պատիւ իր տարեկան 22-րդ հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ քաղաքի Adult Recreation Center-ի սրահին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ […]

Ազգ. Առաջնորդարան Այցելելով՝ Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի Աշակերտները Վերանորոգեցին Մշակոյթի ու Հաւատքի Հաւատարմութեան Ուխտը

Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները Հինգշաբթի, 26 Ապրիլ 2018-ի կէսօրին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հայերէն լեզուի, մեր մշակոյթին ու քրիստոնէական հաւատքին հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգեցին խօսքով եւ գործքով։ Վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Օր. Սանան Շիրինեանի, ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ եւ ծնողներու ընկերակցութեամբ, աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. […]

Համբարձման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Աւանդական Ճաշկերոյթը

Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ժամը 11։30-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կազմակերպած աւանդական […]

Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 46-րդ Նստաշրջանը՝ 4 եւ 5 Մայիսին

Ուրբաթ, 4 եւ Շաբաթ, 5 Մայիս 2018-ին, Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր ընթացիկ 46-րդ նստաշրջանը պիտի գումարէ Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Նստաշրջանը պիտի հիւրընկալէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։ Երկօրեայ նստաշրջանը հրաւիրուած է քննարկելու Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին, Ազգային […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022