2018 Լուրերու Արխիւ

Հայկական Բանակի Կազմութեան 26-ամեակի Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ կազմակերպութեամբ Իրանահայ Միութեան, Կիրակի, 28 Յունուար 2018-ի երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային բանակի կազմութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էին հիւպատոսարանի անձնակազմի անդամներ եւ մեր գաղութի հայկական կազմակերպութեանց […]

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան՝ «Ս. Սարգիսի Օրինակով Հետամուտ Ըլլանք Յաւիտենական Կեանքի Հացին»

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը մեծ շուքով ու խանդավառութեամբ նշեց Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր որդիին՝ Մարտիրոսի եւ տասնչորս զինակիցներու նահատակութեան եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ աղօրհնէքը եւ մատաղի պատրաստութիւնը։ Իսկ Շաբաթ, 27 Յունուարին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նաւակատիքը։ Կիրակի, 28 […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Թատերագիր եւ Մշակութային Գործիչ Հրանդ Մարգարեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 27 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ թատերագիր եւ մշակութային բազմավաստակ գործիչ Տիար Հրանդ Մարգարեանի, որ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին հրաւէրով Լոս Անճելըս կր գտնուէր, Խրիմեան Հայրիկի կեանքն ու անկէ բխող պատգամները բեմական գործով մը ներկայացնելու համար։ Տիար Մարգարեանի կ’ընկերանային […]

Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Ձեռնարկին

Ընդառաջելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 27 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ներկայ եղաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի աւանդական խրախճանքին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էին մասնաճիւղերու վարչութիւնները, շրջանային յանձնախումբերն ու «Նաւասարդեան» խաղերու պատուոյ նախագահները։ Արտասանուեցան ողջոյնի ու բարեմաղթութեանց խօսքեր։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի […]

Արցախի Քառօրեայ Պատերազմի Հերոսները Կ’այցելեն Առաջնորդ Սրբազանին

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, կողքին ունենալով Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը, ընդունեց այցելութիւնը Արցախի քառօրեայ պատերազմի հերոսներէն՝ Մարատ Պետրոսեանի եւ Նարեկ Մալխասեանի, որոնք արժանացած են Հայաստանի «Մարտական Խաչ» եւ Արցախի «Արիութեան Մետալ» ռազմական բարձրագոյն պարգեւներուն։ Յարգարժան հիւրերը Լոս Անճելըս կը գտնուին մասնակցելու համար […]

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ներկայացուց «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքները» Հատորը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքներ. Մուսա Տաղ – Տէօրթ Եօլ – Քեսապ» հատորի ողջունահանդէսը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր […]

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութիւնը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ նախագահ Տոքթ.buy levitra online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/levitra.html no prescription Ֆրիտա Ճորտընի: ՀՈՀի ներկայացուցիչներուն համար աւանդութիւն դարձած է իւրաքանչիւր տարեսկիզբի օրերուն այցելել Առաջնորդ Սրբազանին, ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորանք ու […]

Հրանդ Տինքի Սպանութեան 11-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչում եւ Հոգեհանգիստ

Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, անցեալ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի յիշատակի ոգեկոչում եւ հոգեհանգիստ՝ սպանութեան 11-րդ տարեդարձին առիթով։ Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, որուն յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի՝ ներկայ եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին Շաբաթ, 27 Յունուար 2018-ին պիտի նշէ Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ որդւոյն՝ Մարտիրոսին ու 14 զինակիցներուն տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 28 Յունուարին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, սուրբին վարքն ու մարտիրոսութիւնը վեր առնող պատգամ մը պիտի […]

«Անկախութեան Տարուան» Հայրապետական Կոնդակի Ընթերցում Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 21 Յունուար 2018-ին, տնօրինումով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս Ս. Պատարագի ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Անկախութեան Տարուան» հայրապետական սրբատառ Կոնդակը։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին […]

Անծին Մանուկներու Յիշատակի Արարողութիւն

Իւրաքանչիւր տարուան Յունուարին, Լոս Անճելըսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի կþունենայ յիշատակումի յատուկ արարողութիւն եւ մոմավառութիւն, ի յարգանս արհեստական վիժումի հետեւանքով անծին մանուկներուն: Այս տարի, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Յունուարին, նախագահութեամբ Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզին: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արարողութեան ներկայ եղան Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. […]

Պաշտօնական Բացում եւ Օրհնութիւն՝ Փասատինայի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» Երիտասարդական Կեդրոնի

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 13 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, օրհնութիւնը կատարեց Փասատինայի Հայ Կեդրոնին, որ վերանուանուած է «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» երիտասարդական կեդրոն, բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին, ի պատիւ Տիկին Հուրի Մելքոնեանի ծնողներուն։ Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք, պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ ողջոյնի խօսքով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտնետու տողանցքով եւ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի 100-ամեայ «Մայր» Մասնաճիւղի Վարչութեան Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 17 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Օգնութեան Միութեան Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ ՀՕՄ-ական տիկինները Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը շնորհաւորեցին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ու մաղթեցին, […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ի յետ միջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին շնորհաւորելու համար Առաջնորդ Սրբազանին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ու զայն տեղեակ պահելու իրենց աշխատանքներուն մասին: Հանդիպումին ներկայ էին Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. […]

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք

Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ, Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ ու աւարտին, կատարեց մատաղօրհնէք։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ սարկաւագներն ու դպիրները։ Առաջնորդ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022