2018 Լուրերու Արխիւ
Խաղողօրհնէքի արարողութիւն՝ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին մէջ
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Չորեքշաբթի, 8 Օգոստոսի առաւօտուն, տօնին յատուկ արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի մատրան մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, արարողութիւնը կատարեցին Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան, Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Թորոսեան, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Տ. Մովսէս […]
Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ «Արարատ» Տան նոր բաժանմունքի բացման պաշտօնական ճաշկերոյթին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 4 Օգոստոսի երեկոյեան ներկայ եղաւ «Արարատ» Տան մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթի մը, որ տեղի կ’ունենար հաստատութեան բնակարանային նոր բաժանմունքի պաշտօնական բացման առիթով։ Ներկայ հոգեւորականներուն հետ բացման աղօթքը կատարելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք մը. ան շնորհաւորեց հաստատութիւնը՝ տարեցներուն յատուկ բնակարանային նոր համալիրին բացման առիթով, գնահատանքով […]
Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի նոր նախագահին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 7 Օգոստոսի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի նոր նշանակեալ նախագահին՝ Տիկին Ալիս Իսայիի, որուն կ’ընկերանար հիւանդանոցի փոխ նախագահը՝ Տիկին Ռամելա Մարգարեան։ Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հանդիպումը վերածուեցաւ մտերմիկ զրոյցի։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւրերը եւ շնորհաւորեց Տիկին Իսային՝ նոր պաշտօնին կոչումին առիթով։ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին ներկայացուց նոր հոգեւոր հովիւը
Ինչպէս հաղորդած էինք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ եւ Խառն Ժողովին որոշումով, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին Օգոստոսի սկիզբը օժտուեցաւ նոր հոգեւոր հովիւով մը՝ յանձին Արժ. Տ. Վահան Ա. Քհնյ. Կոստանեանի, որ իր առաջին Ս. Պատարագը մատուցեց Կիրակի, 5 Օգոստոսին։ Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով Լաս Վեկաս ժամանած էր, նախագահելու համար արարողութեան […]
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին ի պատիւ ընդունելութիւն-ընթրիք Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմիս Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային վարչութեան, Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման առիթով, Ուրբաթ, 3 Օգոստոսի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Ընդունելութիւն-ընթրիքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Ազգ. […]
Երիտասարդական Խտացեալ Դասընթացքը Ընթացք Առաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր յարկին տակ կը հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու համալսարաններրուն մէջ ուսանող շուրջ 20 երիտասարդներ (Ա.Մ.Ն. արեւմտեան թեմ 4 հոգի, Ա.Մ.Ն. արեւելեան թեմ 12 հոգի, Քանատայի թեմ 1 հոգի), որոնք կը հետեւին երկու շաբթուան վրայ երկարող խտացեալ դասընթացքի մը, որ կ’ընդգրկէ Աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, հայ դատի […]
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան
Երեքշաբթի, 31 Յուլիս 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի։ Հիւր նախարարին կ’ընկերանային օգնականը՝ Տիար Վաղարշակ Յակոբեան ու Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան: Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Թեմիս Կրօնական ժողովի ատենապետ […]
Արժ. Տ. Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան Նշանակուեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ
Այսու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Խառն Ժողովի որոշումով, Արժ. Տ. Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան նշանակուած է Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ան իր առաքելութեան կը սկսի 1 Օգոստոս 2018-ին, փոխարինելով Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանը, որ ծխական շրջանի հովիւն էր 2013-էն ի […]
Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նահատակութեան 35-ամեակի Առիթով Հոգեհանգիստ՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
35 տարի առաջ, հինգ հայ երիտասարդներ՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ յանդուգն գործողութեամբ մը իրենց կեանքը նուիրաբերեցին մեր Դատի զոհասեղանին, յատկապէս ցեղասպան պետութեան ու ընդհանրապէս աշխարհին յիշեցնելով հայութեան անսակարկելի պահանջները։ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նահատակութեան 35-րդ տարելիցին առիթով, համաձայն տարիներու աւանդութեան եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
Արեւմտեան Մեր Թեմէն Չորս Երիտասարդներ կը Մասնակցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Յատուկ Խտացեալ Դասընթացքին
Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 30 Յուլիսէն 11 Օգոստոս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական երկշաբաթեայ յատուկ խտացեալ դասընթացք մը, մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի թեմերէն երիտասարդներու։ Արեւմտեան մեր Թեմէն պիտի մասնակցին չորս երիտասարդներ, ուրարակիրներ՝ Կէրի Մարգարեան (Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ), Վարդան Պալթայեան (Ս. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Բանաստեղծ եւ Մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի Այցելութիւնը
Ծերունազարդ բայց հոգուով ու միտքով միշտ կենսունակ բանաստեղծ-մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեան փափաք յայտնած էր այցելելու Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, որ ընդառաջելով՝ Ուրբաթ, 27 Յուլիս 2018-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց բանաստեղծը։ Նկատի ունենալով, որ այցելութիւնը տեղի կ’ունենար Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն նահատակութեան 35-րդ տարելիցին օրը, զրոյցը իբրեւ մեկնակէտ ունեցաւ այդ սխրանքին նուիրուած՝ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայաստանի Հիւպատոս Արմելա Շաքարեանի Հրաժեշտի Երեկոյին
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանը Հինգշաբթի, 26 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, հրաժեշտ տալու համար հիւպատոս Արմելա Շաքարեանի, որ աւարտելէ ետք Լոս Անճելըսի մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանը, ի մօտոյ պիտի վերադառնայ Հայաստան։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ բարի երթ մաղթեց հայրենի դիւանագէտին՝ իր առաքելութեան յառաջիկայ դաշտերուն […]
Եզակի Գիրքի Իւրայատուկ Ողջունահանդէս՝ Որ Ատրպատականի Հայոց Թեմին Անցեալը Ներկայ Դարձուց Կլենտէյլի Մէջ
Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում, Հայկական Յուշարձանների հետքերով» գիրքի Ա. հատորին ողջունահանդէսը, կազմակերպութեամբ «Սարդարապատ» գրախանութին եւ հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ գործող իրանահայ հինգ Միաւորներու՝ «Ջան Թաւրիզ», «Իրանահայ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ամառնային Դպրոցը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018-ի կէսօրին այցելութիւն մը տուաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցաւ ամառնային դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ, հիւրասիրուելով գողտրիկ յայտագիրով մը։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, վեց տարիներէ ի վեր օգտակար աւանդութիւն մը հաստատուած է.buy avapro generic https://andnewonlineblo.com/avapro.html over the […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի, որ կարճատեւ այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս կը գտնուի, իր նոր լոյս ընծայած գիրքին՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում, հայկական յուշարձանների հետքերով» պատմա-ուսումնասիրական հատորին ողջունահանդէսին առիթով։ Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ […]