2019 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեանց Ներկայացուցիչները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 16 Մարտ 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տեարք Վիգէն ԹիւՖէնքճեանի, Հրայր Պարոնեանի, Մանուկ Չուխաճեանի եւ Համազգայինի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Շրջանային Վարչութեանց՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու եւ Քանատայի ատենապետներուն, Տիկնայք Սեդա Սիմոնեանի, Արեւիկ Գաբրիէլեանի եւ Ծովիկ Գահուէճեանի։ Առաջնորդ […]

Միջ-դպրոցական Ասմունքի 6-րդ Տարեկան Մրցումը

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, Շաբաթ, 16 Մարտ 2019-ին, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական ասմունքի 6-րդ մրցումը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւններն ու յաջողութեան բարեմաղթութիւնները։ […]

Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 49-Ամեակի Ճաշկերոյթը

Ուրբաթ, 15 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 49-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Կլէն Արտըն» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էր ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, որ այս առթիւ շնորհաւորական գնահատագիր մը յանձնեց վարժարանի տնօրէնութեան։ Ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէի ատենապետուհի Դոկտ. Քարմէն Օհանեան, […]

Հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Պատրիարքին Յիշատակին Հոգեհանգիստ՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ. Արք. Մութաֆեան վախճանեցաւ 8 Մարտ 2019-ին։ Կիրակի, 10 Մարտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ վախճանեալ Պատրիարք Հօր յիշատակին։ Վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 17 Մարտին։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. […]

Ս. Վարդանանց Տօնը՝ Իրանահայ Միութեան Յարկին Տակ

Ս. Վարդանանց տօնին առիթով, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւնը Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր հանդիսաւոր տօնախմբութիւն մը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ հոգեւորականներուն հետ, Տէր Հայրը կատարեց տօնակատարութեան բացման աղօթքը, փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը, ապա նաեւ […]

Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը

Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2019-ին, Կլենտէյլի «Լեկըսի» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի աւանդական Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy viagra plus generic https://viagra4pleasurerx.com/viagra_plus.html over the counter Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Նախքան ճաշկերոյթը, առաւօտեան ժամը 10:‎‎00-ին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Առաջնորդական […]

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչում

Առաջնորդ Սրբազան Հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

«ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ»Ի ԱՂՕԹՔ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՄԵՍՐՈՊ Բ. ԱՐՔ. ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՀՈԳՒՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Հ.Յ.Դ.-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ին, Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակիին, որ կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ […]

ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան 35-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Շաբաթ, 9 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան 35-ամեակի կալա-ճաշկերոյթը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ ուղղեց իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Տիար Կարօ Մատէնլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Մհեր Տէր Տէր Յովհաննէսեան, ՀՕՄ-ի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 17 Մարտ 2019ը, Մեծ Պահոց երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Անառակի Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Ազգ.buy lasix online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/lasix.html no prescription Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի վերանորոգուած […]

Ի Տէր Հանգեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ. Արք. Մութաֆեան – «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան հոգին աւանդեց Ուրբաթ, 8 Մարտ 2019-ին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իմանալով գոյժը, հեռագիր մը յղեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ. Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ միաբանութեան՝ խորազգաց ցաւակցութիւն յայտնելով Սրբազանին, միաբանութեան, Կրօնական Ժողովին […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 10 Մարտ 2019ը, Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 128-ամեակին առիթով, եւ շրջանի Հ.Յ.Դ. «Թեհլիրեան» Կոմիտէի խնդրանքով, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կոմիտէութեան […]

Արեւագալի Առաջին Արարողութիւնը Էնսինոյ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ին նշեց Բուն Բարեկենդանը, որուն յաջորդ օրը սկսաւ Մեծ Պահոց քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը։ Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի շրջանի Արեւագալի առաջին արարողութիւնը։ Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի արարողութեան […]

Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 5 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորընտիր Շրջանային վարչութեան, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Տիար Յակոբ Թիւֆէնքճեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւր վարչականները, շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ գնահատանքով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծառայութեանց մասին, վեր առնելով մարզական […]

ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ Վարժարանները Միացեալ Հանդէսով Տօնեցին Բուն Բարեկենդանը

Շաբաթ, 2 Մարտ 2019-ի առաւօտեան, ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներ իրենց ծնողներուն հետ համախմբուեցան Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ, տօնելու համար Բուն Բարեկենդանը։ Միացեալ հանդէսը կազմակերպուած էր շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինին կողմէ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, ներկայ եղաւ Արժ.buy sinequan online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/sinequan.html no prescription Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ համապարփակ բովանդակութեամբ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022