Վերջին Լուրեր
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104-րդ Տարեդարձ – Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն – Ազգ. Մեսրոպեան Վրժ.Ի 12-Րդ Կարգի Աշակերտները Հաղորդութիւն Ստացան
Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Ս. եւ անմահ Պատարագին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հաստատման 104-րդ տարեդարձին առիթով կատարեց Հանրապետական մաղթանք ու Եռագոյն Դրօշի հանդիսաւոր օրհնութիւն, աղօթակից ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը եւ Հոգեւոր հովիւ՝ […]
Հոգեւոր Տէրը Այցելեց Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան
Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ վարդապետներու, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանի եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. […]
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ասպետի Կարգի Շքանշանով Պարգեւատրեց Վահէ Յովակիմեանը
Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւն եւ օծում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին: Աւանդութեան համաձայն ձեռնադրեալ քահանան կ’ունենայ կնքահայր: Երեք նորընծայ աբեղաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնեց յիշեալ թեմին Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեանը: Ձեռնադրութենէն ետք, Դպրեվանքի գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ի […]
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Համբարձման Տօնի Ս. Պատարագին Եւ «Սիրոյ Սեղանին»
Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022, առաւօտեան ժամը 10-ին, Արեւմտեան Թեմը հանդիսաւորապէս նշեց Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս Տօնոյեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Համբարձման հոգեւոր արարողութեան, իր կողքին ունենալով Թեմի Հոգեւորականաց դասը: Պատարագիչն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, […]
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նուիրապետական Աթոռը Զինուեցաւ Երեք Կուսակրօն Նորընծաներով
Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Բարշ. Հրակ Սրկ. […]
Երեք Նոր Ընծայեալներու Կոչման Արարողութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Շաբաթ, 21 Մայիս 2022-ին, Կիրակնամուտքի ժամերգութեան աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ Դպրեվանքի երեք աւարտական սարկաւագներու քահանայական կոչման արարողութիւնը։ Ընծայեալ սարկաւագները խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, եկեղեցւոյ գաւիթէն […]
Առաջնորդ Սրբազանը Եւ Ազգ. Վարչութեան Ատենապետը Մեկնեցան Անթիլիաս
Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ իր տիկնոջ՝ Յասմիկի, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ կեդրոն՝ Անթիլիասի Մայրավանք, Լիբանան: Անթիլիաս իր կեցութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս պիտի կատարէ կուսակրօն […]
Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Նախակրթարանի Աշակերտները Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր
Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ հանդիպում ունեցան Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանի 5 եւ 6-րդ կարգերու աշակերտները, ընկերակցութեամբ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Անի Շահինեան-Սարգիսեանի, ուսուցիչներու եւ ծնողներու: Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան […]
«Սփիւռքի Տարուան» Ծիրէն Ներս՝ Հայ Լիբանանը Հայ Հոլիվուտի Մէջ – Ազգ. Առաջնորդարանը Կը Հովանաւորէ 500 Աշակերտի Կրթաթոշակ Լիբանանի Մէջ
Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ փառատօնային մթնոլորտ կը տիրէր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայութեան զօրակցական հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ եղան Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան եւ Թեմէն ներս գործող Հոգեւոր հայրեր, Ազգ. վարչութեան, Կեդր. […]
Ազգ. Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի 5-րդ եւ 8-րդ Կարգի Աշակերտները Աղօթական Եւ Ազգային Մթնոլորտ Ստեղծեցին Առաջնորդարանէն Ներս
Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի մէջ գործող Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աւարտական՝ 5-րդ եւ 8-րդ կարգի աշակերտներուն, գլխաւորութեամբ նախակրթարանի տնօրէնուհի դոկտ· Սիւզի Օհանեանի եւ դաստիարակ ուսուցիչներու: Կրտսեր եւ պատանի աշակերտները խմբական դրութեամբ աղօթեցին, արտասանեցին […]
Հաղորդագրութիւն – «Սփիւռքի Տարի – Գագիկ Եւ Քնարիկ Գալստեան Հիմնադրամ»ը Կրթանպաստ Կը Յատկացնէ Հայագիտական Նիւթերու Ուսանողներու
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, քանի մը ամիս առաջ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս կեանքի կոչեց հայագիտական նիւթերու հետեւող ուսանողներու ի նպաստ նոր հիմնադրամ մը, ի յիշատակ գաղութի բարերարներէն՝ հանգուցեալ Տէր եւ Տիկին Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեանի, «Սփիւռքի Տարի – Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան Հիմնադրամ» անունով: Հիմնադրամը կը հովանաւորեն հանգուցեալ ամոլին դուստրերը՝ Սեդա […]
Հաղորդագրութիւն – «Յարութ Պարսամեան Կրթանպաստ» Հիմնադրամը Դիմումնագրեր Կ՛ընդունի 2022-2023 Տարեշրջանի Համար
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութեան, «Յարութիւն Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը այսու բացուած կը յայտարարէ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի համար դիմումնագրեր ընդունելու ժամանակաշրջանը: Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամին նպատակն է աջակցիլ այն հայ ուսանողներուն, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեանց կալուածէ ներս, Միացեալ Նահանգներու […]
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ Եւ Խաչքարի Օծում Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 8 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շքերթով մուտք գործեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցի, ուր Եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ աղօթակից դարձաւ ծխական համայնքի հաւատացեալներուն ու բարեպաշտ ժողովուրդին, եկեղեցւոյ օծման 9-րդ տարեդարձին, խաչքարի օծման եւ «Մայրերու օր»ուան եռեակի առիթով: […]
Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազանին
Ուրբաթ, 6 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, իր կողքին ունենալով Հոգշ. Տ. Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը, ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ ատենապետ Եղբայր Աւօ Քապաքչուզեանի: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ-քրիստոնեայ անհատի կեանքը յուզող հարցեր, ապա իբրեւ այցելութեան գլխաւոր նպատակ՝ հիւրերը խորհրդանշական գումար մը յանձնեցին Սրբազան Հօր, […]
«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով – Հայերէնաւանդ Ուսուցիչները Ի Պատուի Ազգային Առաջնորդարանէն Ներս
Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, գնահատանքի երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս, ուր մեծարուեցան Ազգ.buy levitra soft online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/levitra-soft.html no prescription վարժարաններու հայերէնաւանդ 73 ուսուցիչներ, ներկայութեամբ Կրօնական ժողովի Հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, տնօրէնութեանց եւ կրթական մշակներու։ Հայկական […]