2015 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիասի Մէջ Մասնակցեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Նիստերուն

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին Անթիլիաս մեկնեցաւ, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարկին տակ մասնակցեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերուն եւ անոնց զուգահեռ հանդիպումներուն։ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ժողովները տեղի ունեցան նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ թեմակալ առաջնորդներու եւ ներկայացուցիչներու հետ։ Կրօնական, դաստիարակչական, […]

Շաբաթական Լուրեր – 6 Փետրուար 2015

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԵՒ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Երեքշաբթի, 10 Փետրուարին, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանային տօնին առթիւ, Թեմիս հոգեւորականաց համագումար տեղի պիտի ունենայ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, պիտի կատարուի Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ նախատօնակ, ապա հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ պաշտօնավարած ննջեցեալ հոգեւորականներու հոգւոց խաղաղութեան […]

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Շաբաթ, 31 Յունուար, 2015ին, Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին յիշատակեց Քրիստոնեայ հաւատքի նահատակ Ս. Սարգիսի, անոր զաւակին Մարտիրոսի եւ տասնըչորս զինուորներուն տօնը։ Ս. Սարգիսի տօնը նաեւ անուանակոչութեան օրն է Թեմիս Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Կիրակի, 1 Փետրուարին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց, յաւոր պատշաճի իր պատգամը փոխանցեց եւ մատաղի […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ժոզէֆ Արք. Զահլաուիին Ի Պատիւ Ճաշկերոյթին

Շաբաթ, 31 Յունուար 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի նոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Ժոզէֆ Արք. Զահլաուիի ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան: Նորընտիր Առաջնորդին գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 6 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Նիկողայոս Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ։ Զահլաուի Արքեպիսկոպոսը […]

Շաբաթական Լուրեր – 30 Յունուար 2015

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 31 Յունուար, Ս.buy valtrex online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/valtrex.html no prescription Սարգիս Զօրավարին եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու յիշատակի տօնն է, նաեւ՝ անուանակոչութեան տօնը Թեմիս Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Կիրակի, 1 Փետրուար 2015ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան Նորընտիր Կազմի Ներկայացուցիչները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի “Սիւլահեան” դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Տիար Մանուէլ Մարսէլեանի: Ներկայ եղան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տեարք Վիգէն Դաւիթեան եւ Յակոբ Թիւֆէնքճեան: Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկայացուցիչները, շնորհաւորեց վարչութեան նոր կազմը […]

“Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի Պատասխանատուները Հանդիպում Ունեցան Առաջնորդ Սրբազանին Հետ

Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի Ատենապետ Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեանի եւ գործադիր տնօրէն Տիար Սարգիս Գոթանճեանի: Հիմնադրամին պատասխանատուները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկագրեցին տարուած աշխատանքներուն եւ անմիջական ապագայի ծրագիրներուն մասին: Անոնք յայտնեցին, որ ճիգ կը տարուի, որպէսզի Հիմնադրամի գործունէութիւնը […]

Համազգայինի “Անի” Պարախումբի Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի “Անի” Պարախումբի միաւորին ներկայացուցիչները՝ պարուսոյցներ Տիար Եղիա Հաշօլեան, Տիկին Սիւզի Դարբինեան-Բարսեղեան, միաւորի վաչութեան անդամներ՝ Տիկնայք Նուարդ Չալեան եւ Սեդա Գոնիալեան-Ֆրունճեան: “Անի”ի ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին շնորհակալութիւն յայտնելու Առաջնորդ Սրբազանին, որ ներկայ եղած էր պարախումբի 40-ամեակի […]

Ցեղասպանութեան Նահատակներու Փասատինայի Յուշարձանի Կառուցման Մեկնարկի Արարողութիւն

Հայց. Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու ներկայացուցչական անձնաւորութեանց ներկայութեամբ, Կիրակի, 25 Յունուար 2015ի յետմիջօրէին, Փասատինայի “Մեմորիըլ Փարք” հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողի մեկնարկի արարողութիւնը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան գլխաւորեց արարողութիւնը: Անոր կողքին էր Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ […]

Հանրային Վարժարաններ Յաճախող Աշակերտներու Յանձնախումբի (CASPS) 20-Ամեակ

Հանրային Վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու ուսումնական եւ դպրոցական կարիքներուն բաւարարութիւն տուող Ազգային Առաջնորդարանի յատուկ յանձնախումբը՝ CASPSը Կիրակի, 25 Յունուարի յետմիջօրէին տօնեց իր կազմութեան 20րդ տարեդարձը: Տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթով մը, Կլենտէյլի “Անուշ” ճաշարանին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. […]

Ազգ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուրը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 40րդ Տարեդարձը – Յայտարարուեցաւ Մանկամսուրի Ընդարձակման Ծրագիրը

Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին կանգնած ու անոր հովանին վայելող Ազգ. Թիւֆէնքեան մանկամսուրը Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015ին, Հոլիվուտի “Տաղլեան” սրահին մէջ հանդիսաւոր ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. […]

Թեմիս Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչական Կազմերու Միօրեայ Համագումար Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Շաբաթ, 24 Յունուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներուն Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ուսուցչական միօրեայ համագումարը, որ նախաձեռնութիւնն էր մեր Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Մարմինին։ Համագումարը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Մասնակցեցան ծխական շրջաններու Հոգեւոր Հովիւները […]

Շաբաթական Լուրեր – 23 Յունուար 2015

  ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 8-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ Կիրակի, 18 Յունուարին, նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ Միութեան, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 8րդ տարելիցին առիթով համահայկական հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ։ Երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, յուշ երեկոյ մը տեղի ունեցաւ միութեան սրահին մէջ։ Բանախօսն էր Հրանդ Տինքի բարեկամ՝ պատմաբան Փրոֆ. Թանէր Աքչամ, որուն շնորհուեցաւ Հրանդ […]

Հոգեհանգիստ՝ Գիւմրիի Ոճրային Դէպքին Զոհերուն Համար

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ, Աւետիսեան ընտանիքի 6 անդամներ զոհ գացին ռուս զինուորի մը կողմէ 12 Յունուարին գործուած ոճրային արարքի մը, որ մեծ յուզում պատճառեց ողջ հայութեան: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, անցեալ Կիրակի, 18 Յունուարին, յիշեալ դէպքի զոհերուն համար հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ, Կլենտէյլի Ս. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութեան Անդամներուն Այցելութիւնը

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան անդամները տարեսկիզբի այս օրերուն այցելութիւն մը տուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ կատարելու եւ խօսելու Հիմնարկի աշխատանքներուն, իրագործումներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան: Հիմնարկի հիմնադիրն ու տնօրէնուհին՝ Տոքթ. […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022