2015 Լուրերու Արխիւ
Արեւմտեան Մեր Թեմը Կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Միւռոնօրհնէքին եւ Մշակութային Ձեռնարկներուն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան գրասենեակէն քաղելով, ստորեւ ամփոփ գիծերու մէջ եւ ժամանակագրական կարգով կը ներկայացնենք Ս. Աթոռոյս յարկին տակ 18 եւ 19 Յուլիսին տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները, որոնց բարձրակէտը եղաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, Շաբաթ, 18 Յուլիսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ: Թէ՛ Միւռոնօրհնէքը […]
Ազգ. Առաջնորդարանը Կը Սգայ Ազգային Բարերար Լէրի Պարնզի Կորուստը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց Դասը, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնն ու Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը կը սգան կորուստը ազգային բարերար Լէրի Պարնզի, որ աչքերը առյաւէտ փակեց Ուրբաթ, 17 Յուլիս 2015ին։ Լէրի Պարնզ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն է։ Ի յիշատակ իր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, […]
Առաջնորդ Սրբազանը Լիբանան Կը Մեկնի Մասնակցելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման Միւռոնօրհնէքին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին Լիբանան մեկնեցաւ, մասնակից ըլլալու համար Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որ պիտի կատարուի Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015ի երեկոյեան, Պիքֆայա, Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ, ձեռամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներու, թեմակալ Առաջնորդներու […]
Համահայկական 6րդ Խաղերու Ջահի Հրավառութիւն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 12 Յուլիս 2015ի կէսօրին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ Համահայկական 6րդ Խաղերու ջահի հրավառութեան խորհրդանշական արարողութիւնը: Խաղերը տեղի պիտի ունենան 2էն 13 Օգոստոսին, Հայաստանի մէջ: Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոսութեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ ու Ազգ. Երեսփոխաններ եւ ներկայացուցչական այլ դէմքեր: Ինչպէս ծանօթ է, ջահի […]
Առաջնորդ Սրբազան Այցելեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Գրային Ամառնային Վարժարանը
Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 2015ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Գրային ամառնային վարժարանը եւ դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, հոգաբարձութեան անդամներու եւ ուսուցիչներու կողմէ: Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քեմանճեան: Աշակերտները […]
Շաբաթական Լուրեր – 10 Յուլիս 2015
ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Այս Կիրակի, 12 Յուլիս 2015ին, Հայց. Առաք. Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը, որ նաեւ Վարդավառ անունով ծանօթ է։ Վարդավառի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս.buy clomid online […]
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նաւասսարդեան 40րդ Խաղերու Փակման Հանդիսութիւն
Անցեալ շաբաթավերջին, Պըրմինկհէմ Հայ Սքուլի համալիրին մէջ տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 40րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը։ Կիրակի, 5 Յուլիս 2015ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ մարզախաղերու փակման հանդիսութեան ու տողանցքին եւ փոխանցեց իր պատգամն ու օրհնութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազանը հոգեկան ցնծութեամբ ողջունեց փառատօնին մասնակիցները եւ ըսաւ. «Կարելի՞ է չխանդավառուիլ ու ցնծութեան […]
Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Հ.Մ.Ը.Մ. «Մասիս» Մասնաճիւղի «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» Մարզադաշտին Բացման Հանդիսութեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 40րդ խաղերուն նախօրեակին, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղը Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015ի երեկոյեան վայելեց իր նոր՝ «Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան» մարզադաշտին պաշտօնական բացումը եւ անուանակոչութեան արարողութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց հանդիսութեան եւ աղօթքով կատարեց մարզադաշտին բացումն ու օրհնութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. […]
Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիթոսի Գահակալութեան 20րդ Տարեդարձին Առթիւ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 20րդ տարեդարձը Կիրակի, 28 Յունիս 2015ին, յատուկ արարողութեամբ, յարգանքի արտայայտութեամբ եւ առաւել շեշտով նշուեցաւ Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, առիթ ընծայելով մեր ժողովուրդին, որ հաղորդակից դառնայ Վեհափառ Հայրապետին վաստակին, իրագործումներուն եւ առաջնորդած ուղիներուն։ Այս ուրախ առիթով, տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք եւ բարձրացուեցան Նորին Ս. Օծութեան արեւշատութիւն ու […]
Ազգ. Առաջնորդարանի “Լուսաւորիչ” Երգչախումբը Մասնակցեցաւ “Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր “ուան Հաւաքին
Շաբաթ, 27 Յունիս 2015ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս Ղըպտի Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու 8-րդ տարեկան միօրեայ հաւաքը։ “Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր”ուան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայց. Առաքելական, Ղըպտի, Ասորի, Եթովպիոյ, Հնդիկ, Ռուսիոյ եւ այլ Ուղղափառ եկեղեցիներ։ Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Ապա, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ […]
Ազգային Առաջնորդարանի Աշակերտական Ասմունքի Մրցումի Մրցանակներու Բաշխումի Հանդիսութիւն
Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուած ասմունքի միջ-դպրոցական մրցումն ու անոր մրցանակաբաշխումի հանդիսութիւնը գործնական վկայութիւն եղան այն ճշմարտութեան, որ մեր գրաւոր մշակոյթը պահպանելու եւ անոր հաւատարմութիւն արտայայտելու իմաստով, դեռատի ու մատղաշ սերունդներուն մէջ մեր գրողներուն ժառանգութեան վերապրումը կենսական գրաւական է: Իսկ նկատի ունենալով, որ այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100ամեակին, նահատակ գրողներու գործերուն ներկայութիւնը՝ արտասանուած կտորներուն […]
Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 20րդ Տարեդարձին Առթիւ
Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.buy albuterol generic https://buyinfoblo.com/albuterol.html over the counter Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 20րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 28 Յունիս 2015ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի նախագահէ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ եւ Կատարեց Սրբապատկերի Օծում – Հոգեհանգիստ Մեծանուն Բարերար Գըրք Գրգորեանի Յիշատակին
Շաբաթ, 20 Յունիս 2015ի շաբաթավերջին, Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, ուր Կիրակի առաւօտեան, յընթացս Ս. Պատարագի, օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի կողմէ Ս. Տրդատ թագաւորի մկրտութիւնը պատկերացնող նոր իւղաներկ պատկերը: Ս. Պատարագին Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. […]
Շաբաթական Լուրեր – 19 Յունիս 2015
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԳԸՐՔ ԳՐԳՈՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Ինչպէս ծանօթ է, հայ ժողովուրդը այս շաբաթասկիզբին կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն՝ ազգային բարերար Գըրք Գրգորեանը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Կիրակի, 21 Յունիս 2015ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի հանգուցեալ մեծանուն հայուն հոգւոյն համար: Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ […]
Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան Տարեկան Ճաշկերոյթ
Շաբաթ, 13 Յունիս 2015ի երեկոյեան, Beverly Hills “Մոնթաժ” պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Միութեան 25ամեակի ճաշկերոյթը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր գնահատանքի խօսքը եւ օրհնութիւնները։ Ան անդրադարձաւ այս ընկերակցութեան հայրենանուէր եւ ժողովրդանուէր ծառայութիններուն, մաղթելով յարատեւութիւն՝ օրէնքի կիրարկման ու պաշտպանութեան առաքելութեան ճամբուն վրայ: Այս ձեռնարկին առիթով, […]