2016 Լուրերու Արխիւ
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան 25-ամեակի Հանդիսութիւն
Շաբաթ, 6 Օգոստոս 2016ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան հիմնադրութեան 25-ամեակի հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ միութեան Գրական Յանձնախումբին, Կլենտէյլի Երիցական Եկեղեցւոյ մէջ։ Բանախօսն էր ազգային գործիչ եւ դաստիարակ Իրաւաբան Սեդօ Պօյաճեան, իսկ յայտագիրը յագեցած էր գեղարուեստական ծրագիրով, երգով եւ ասմունքով, մասնակցութեամբ միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբին […]
Խաչքարի Յուշատախտակի Քօղազերծում Ազգ. Առաջնորդարանէն Ներս
Չորեքշաբթի, 3 Օգոստոս 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներէն՝ հանգուցեալ Գրիգոր Պետրոսեանի տիկնոջ՝ Քէթիին, դստեր՝ Ճէյն Ասմարին ու ամուսնոյն՝ Սքաթ Ասմարին եւ թոռներուն, որոնք եկած էին իրենց ամուսնոյն, հօր, եւ մեծ հօր յիշատակին ձօնուած խաչքարը տեսնելու եւ յուշատախտակի քօղազերծումը վկայելու, որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղեկցութեամբ […]
Կրօնական Դասընթացքներ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 7րդ Շրջանային Բանակումին
3-5 Օգոստոս 2016ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Թաքույա Camp-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Սկաուտական Խորհուրդի կազմակերպած 7-րդ շրջանային բանակումը: Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ գտնուեցաւ այս բանակումին, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ կրօնական- դաստիարակչական յատուկ դասընթացքներու ծրագիր մը, 5-7 եւ 8-11 տարեկան […]
Շաբաթական Լուրեր – 5 Օգոստոս 2016
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 7 Օգոստոս 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդին Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 2 Օգոստոս 2016ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի, որ անձնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի: Հանդիպումը առիթ եղաւ երկու Թեմերու եկեղեցական աշխատանքներու փոխադարձ ծանօթացման: Հիւր Սրբազան Հայրը այս առիթով շնորհաւորեց Թեմիս Առաջնորդը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ վերընտրութեան առիթով, […]
Առաջնորդ Սրբազանը Դպրութեան Աստիճանները Շնորհեց Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասի 14 Անդամներու – Հոգեհանգիստ՝ Լիզպոնի Հինգ Նահատակներուն եւ Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի
Մեր Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդը Կիրակի, 31 Յուլիս 20016ին, աղօթքով ու յարգանքով խոնարհեցաւ 33 տարի առաջ իրենց կեանքերը մեր Դատի զոհասեղանին նուիրաբերած հինգ նահատակներուն՝ Լիզպոնի հերոսներուն յիշատակին: Արդարեւ, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տնօրինումով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիզպոնի Հինգին յիշատակին ինչպէս նաեւ նորոգ հանգուցեալ Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի հոգիին […]
Շաբաթական Լուրեր – 29 Յուլիս 2016
ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 31 Յուլիս 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը դպիրներու ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ։ Դպիրի կարգ պիտի ստանան եկեղեցւոյ ծառայասէր պատանիներէն Սարգիս Օվայեան, Ալեքս Սանտալճեան, Մայքլ Սիմոնեան, Յակոբ […]
Հանգիստ՝ Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 23 Յուլիս 2016ին: Տ. Մեսրոպ Քահանայ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ ունի աւելի քան եօթը տասնամեակներու ծառայութեան վաստակ: Ծնած է Հալէպ, 1924ին, ուր նախնական ուսումը […]
Միջ-թեմական Երիտասարդական Համագումար Անթիլիասի Մայրավանքէն Ներս
Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական եւ Երիտասարդական զոյգ բաժանմունքներուն, 14էն 16 Յուլիսին, Կաթողիկոսարանի մէջ տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական համագումար մը։ Սոյն համագումարին հիմնական նպատակն էր Կաթողիկոսութեան տարբեր Թեմերու երիտասարդական միաւորներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումն ու համացանցն ու արդի արհեստագիտութեան ստեղծած կարելիութիւնները ազգօգուտ նպատակներով օգտագործելու հնարաւորութիւններու որոնումը: Յայտնենք […]
Շաբաթական Լուրեր – 22 Յուլիս 2016
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ Կիրակի, 24 Յուլիս 2016ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս.buy black cialis generic https://yourcialisrx.com/black_cialis.html over the counter Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Սուրիոյ տագնապին զոհ գացած հայութեան նահատակներուն համար, աղօթք բարձրացնելով, որ երկիրը վերագտնէ խաղաղութիւնը եւ բնականոն վիճակը: Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ արարողութեան եւ աղօթքով […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ցաւակցագիր մը Յղեց Լոս Անճելըսի Մէջ Ֆրանսայի Գլխաւոր Հիւպատոսին
Ի լուր Ֆրանսայի հարաւային Նիս քաղաքին մէջ Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2016ին տեղի ունեցած ահաբեկչական ահաւոր արարքին, որուն զոհ գացին 84 անմեղներ ու արձանագրուեցան հարիւրաւոր վիրաւորներ, որոնց շարքին՝ կիներ ու մանուկներ, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նոյն օրը ցաւակցական գիր մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի եւ խստիւ դատապարտեց ոճրային ահաբեկչութիւնը, նշելով, որ նման […]
Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Գրային Ամառնային Վարժարանը
Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2016ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Գրային ամառնային վարժարանը: Ժամանման պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, Հոգաբարձութեան անդամներու, Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու, տեսչուհի Տիկ. Ալին Սարգիսեան-Նիկողոսեանի եւ իր օգնականներուն կողմէ: Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Տ. Օշական եւ Տ. Բաբգէն Սրբազաններուն Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 15 Յուլիսի 2016ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ Քանատայի Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Բարձր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, որոնք հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուին: Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Տ. Բաբգէն Սրբազանը՝ Քանատայի Թեմի […]
Սան Քրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիզ Եկեղեցւոյ Ծխական Համայնքը Ապրեցաւ Յիշատակելի Շաբաթավերջ մը – Ողջերթ Ի Պատիւ Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանի
Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2016-ին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս.buy synthroid Canada https://langleyrx.com/synthroid.html no prescription Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան, տեղի ունեցաւ ողջերթի երեկոյ մը, ի պատիւ Արժ. Տէր Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանի եւ երէցկին Պերճուհիի, Տէր Հօր հանգստեան […]
Շաբաթական Լուրեր – 15 Յուլիս 2016
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱԹԻԼԻԱՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին առաքելութեամբ կը մեկնի Պէյրութ: Անթիլիասի մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում պիտի ունենայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողկիոսին հետ, խորհրդակցելու համար Նորին Սրբութեան մեր Թեմը կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան կարգ մը մանրամասնութեանց մասին: Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը իր այցելութեամբ մեր Թեմը պիտի պատուէ […]