2017 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Տիար Էնթընի Փորթանթինոյի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Տիար Փորթանթինոյին կ’ընկերանար շրջանի ներկայացուցիչը՝ Օր. Արտա Չաքեան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ծերակուտականին ցայժմ ձեռք բերած իրագործումները Սաքրամենթոյի մէջ ու ապագայ աշխատանքային […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ճերըլտ եւ Մարք Խաչատուրեաններու Յիշատակի Ընթրիքին

Երկուշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2017-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մօտակայ Սան Մաթէօ քաղաքի «Peninsula Golf and Country Club»ին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ճերըլտ եւ Մարք» կոլֆի տարեկան 16րդ մրցումը։ Այս մրցումը հաստատուած է ազգային բարերար Տիար Հէնք Խաչատուրեանի եւ իր մահացած տիկնոջ Ռիթայի կողմէ, ի յիշատակ անոնց զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթին

Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Պէվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին պետական անձնաւորութիւններ, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուներ ու ղեկավարներ, բարերարներ եւ բարեկամներ: Ճաշկերոյթի ընթացքին, ըստ տարիներու սովորութեան, այս տարի եւս մեծարանքի արժանացան նկատառելի […]

Առաջնորդ Սրբազան Հանդիսապետեց Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագինեւ Օծումը Կատարեց Ս. Սարգիս Զօրավարի Նոր Սրբապատկերին – Աղօթք Լաս Վեկասի Զոհերուն Համար

Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2017-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Աղօթակից էին Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանն ու Արժ. Տ. Խորէն Ա. Քհնյ. Հապէշեանը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը օծումը կատարեց Ս. Սարգիս […]

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Միջ-Թեմական Հոգեւորականաց Համագումար Նուրիուած «Վերանորոգման»

Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին, Հիւսիսային Ամերիկայի մեր երեք թեմերու՝ Արեւելեան, Արեւմտեան ու Քանատայի թեմերու հոգեւորականաց դասերը երրօրեայ միացեալ համագումար մը ունեցան Մոնթրէալի մէջ, հիւրընկալութեամբ Քանատայի Թեմին։ Այս տարուան համագումարին ընդհանուր խորագիրն էր «վերանորոգում»՝ մեկնելով 2017-ը «Վերանորոգումի Տարի» հռչակող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն։ Համագումարը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ երեք Թեմերու Առաջնորդներուն՝ Բարձր. […]

Հաղորդագրութիւն – Աշխոյժ Հայերէն՝ Կենսունակ Համայնք

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ եւ անոր հովանիին տակ կազմուած է Հայերէնի Վերաշխուժացման Մարմինը (ՀՎՄ): Մեկնելով այն հասարակաց մտահոգութենէն, որ մեր Մայրենին նոր սերունդներու կեանքին մէջ չի գրաւեր անհրաժեշտ տեղն ու չի ներգրաւեր զանոնք, Մարմինի աշխատանքները սկզբնապէս ունեցան ծրագրային բնոյթ, նպատակ ունենալով քաջալերել հայախօսութիւնը։ Այդ եւ ապագայ աշխատանքներու ամփոփ պատկերը հետեւեալն է։ Առաջին […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Մեծ Ընտանիքը Պաշտօնական Հանսիդութեամբ Նշեց Առաջնորդ Սրբազանին Յոբելենական Տարին

2017 տարին յոբելենական հանգրուան մը կը հանդիսանայ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կեանքին մէջ ու ծառայական առաքելութեան ճամբուն վրայ. արդարեւ, 2016 տարին կը զուգադիպէր իր կուսակրօն քահանայութեան 40-ամեակին, իսկ այս տարի՝ Եպիսկոպոսական ձեռնադրուութեան 20-ամեակին, իբրեւ Թեմակալ Առաջնորդ աւելի քան 20 տարի ծառայութեան եւ ծննդեան 60-ամեակին։ Յայտնենք, որ այս առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. […]

Ա. Փինաճեանի Գեղանկարներու Ցուցահանդէս-Վաճաոք Ազգ. Առաջնորդարանի «Տ. եւ Զ. Տէր Ղազարեան» Սրահին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, եւ կազմակերպութեամբ «Stephanie՚s Art Gallery»ի, Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ամերիկահայ անուանի արուեստագէտ Արթիւր Փինաճեանի իւղանկարներու, ջրաներկ գործերու եւ գեղանկարներուն ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-10, […]

Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Առիթով Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Նախատօնակ

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց Դասուն տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ։ Պիտի քարոզէ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։ կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան […]

«Տէր Ողորմեառ»ի Աղօթք Լաս Վեկասի Զոհերուն Համար

Ի լուր Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական անարգ ոճիրին, որ խլեց մօտ 60 զոհ ու աւելի քան 500 վիրաւորներ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2017-ին, ցաւակցագիր մը յղեց Նեւատա Նահանգի նահանգապետ Պրայըն Սանտովալին եւ Լաս Վեկասի քաղաքապետ Քարոլին Կուտմընին։ «Մեծ վիշտով ու տխրութեամբ լեցուած են մեր սիրտերը ի […]

Վերամուտի Առիթով – Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանը Խանդավառութեամբ Դիմաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը

Ուսումնական-կրթական 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2017-ին այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնին, դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ, անոնց ուղղելով իր հայրական պատգամն ու յորդորները: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ.buy cialis […]

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ համայնքի Կոստանդնուպոլսոյ Առաջնորդ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ պապական նուիրակ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի, որ Լոս Անճելըս կը գտնուի՝ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր նուիրուած ձեռնարկներու առիթով։ Հիւր հոգեւորականին կ’ընկերանար միաբանութեան անդամներէն Հոգշ. Տ. Մեսրոպ […]

Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձի Նշում եւ Լիբանանի Նուիրուած Համագումար՝ Լաս Վեկասի Մէջ

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, 22-25 Սեպտեմբեր 2017-ին, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան այցելեց Լաս Վեկաս եւ մասնակցեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պեսիլի գլխաւորած համագումարին, որ նուիրուած էր զանազան կալուածներէ ներս Լիբանանի բարգաւաճման միջոցներու որոնման։ Համագումարը հրաւիրած էր գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ։ Համագումարին մասնակցեցան քաղաքական ու […]

Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն

Հայաստանի անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, գլխաւորեց Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը, կատարեց Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց իր պատգամը։ Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. […]

Հայաստանի Անկախութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով, եւ տնօրինումով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2017-ին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Հանրապետական Մաղթանքը, Եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022