2018 Լուրերու Արխիւ
Կլենտէյլի «Memorial» Հիւանդանոցի Նոր Նախագահ Ճիլ Ուելթըն Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան
Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցի նոր նշանակեալ նախագահ Տիկին Ճիլ Ուելթընի, որուն կ’ընկերանային հիւանդանոցի պատասխանատուներէն Տիկին Մէրի Ֆիլիփեան եւ հոգեւոր խորհրդատու Քէսի Մըքարթի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց յարգելի հիւրերը, շնորհաւորեց […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի Այցելութիւնը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը բանաստեղծ եւ վաստակաշատ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի, որուն «Յիսուսաբոյր» բանաստեղծական հատորը քանի մը օր առաջ լոյս տեսած էր Ազգ. Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ (երրորդ տպագրութիւն)։ Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Շիքակոյէն հիւրաբար […]
Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Դասախօսութիւն-Ճաշկերոյթ
Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը։ Դասախօսն է Դոկտ. Վերժին Մատէնլեան, որ պիտի ներկայացնէ ոսկրածուծի բջիջներու փոխ-պատուաստում – Bone Marrow Stem Cell Transplantation […]
Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Օծման 30-ամեակի Տօնակատարութիւն եւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ
– ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԵՌԱԳՈՅՆ ԴՐՕՇԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ 27-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ – ՄԵԿՆԱՐԿ ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ԱՐՇԱՒԻՆ Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձը։ Նոյն օրը, յընթացս Ս. Պատարագի, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին Առիթով
Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը։ Ընդառաջելով Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ ներկայ հաւատացեալներուն։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Փասատինայի […]
Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին Տեղեկատուական եւ Հանգանակային Արշաւի Մեկնարկը
Կիրակի, 23 Սեպտեմբերին, Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի հիմնադիր խորհուրդը մեկնարկեց թանգարանին ի նպաստ հանգանակային եւ քարոզչական իր աշխատանքները։ Թանգարանին կամաւոր ծառայողներ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին տեղեկատուական աշխատանք, բացատրական թղթիկներ բաժնեցին եւ արձանագրեցին նուիրատուութիւններ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ իր ուղղած պատգամին ընդմէջէն, կոչ ուղղեց մեր […]
Կոչ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրին Ի Նպաստ Նուիրաբերելու
Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ, Հայրական սիրով կ’ողջունեմ բոլորդ եւ գոհունակ սրտով կը յայտնեմ Ձեզի, թէ մեր շրջանին մէջ տարիներու երազ մը հասած է իրականացման սեմին։ Կլենտէյլի մէջ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի մը կառուցման ծրագիրը այսօր կը կանգնի գործնական աշխատանքներու մեկնարկին սկզբնաւորութեան, ինչ որ ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց կը դնէ մեզ՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութի բոլոր զաւակներս։ Ինչպէս […]
Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնումի 27-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Մեր Եկեղեցիներուն Մէջ
Մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, որ Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացման 27-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։ Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլայ արարողութեան ու աղօթք բարձրացնէ մեր հայրենիքի ու պետութեան անսասանութեան, ապահովութեան ու բարգաւաճման համար։
Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Օծման 30-ամեակիՏօնակատարութիւն եւ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ
Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ յատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշէ իր օծման 30-ամեակը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, վեր առնելով եկեղեցւոյ դերը՝ Օրէնճ Քաունթիի մեր գաղութի կեանքին մէջ։ […]
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն եւ Մատաղօրհնէք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով
Կիրակի, 16 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց, սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց, իր պատգամը փոխանցեց եւ ռեհանի ու մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Արարողութիւններուն մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. […]
ՀՕՄ-ի «Անահիտ» Մասնաճիւղը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 60-ամեակը
Շաբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2018-ին, ՀՕՄ-ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղը «Աւետիսեան» սրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ գնահատագիրով մը պատուեց մասնաճիւղը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային ու մասնաճիւղերու վարչութեանց, Ս. Նահատակաց […]
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակի Նուիրուած «Բարձրացի՛ր» նշանախօսքով Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութիւնը
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը, միութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքին, անցեալ շաբաթ ունեցաւ «Բարձրացի՛ր» նշանախօսքով ցուցահանդէս մը։ Ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանին մէջ։ Ցուցահանդէսը կը նպատակադրէ միութեան անցեալի, ներկայի գործունէութիւնն ու ապագայի հեռանկարները ներկայացնել, որոնք իբրեւ ներդրում կը մատուցուին մեր գաղութին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. […]
Ի Պատիւ Լոս Անճելըսի Մանուկներու Հիւանդանոցի «Հայ Դեսպաններ»ուն
Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2018-ին, Լոս Անճելըսի Մանուկներու Հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-ձեռնարկ մը, ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք այս հիւանդանոցին ծիրին մէջ գործող «Հայ Դեսպաններ»ուն։ Սա հայկական մեր գաղութի անդամ անհատներէ եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներէ բաղկացած խմբակ մըն է, որ հիւանդանոցին հետ գործակցաբար, յոյսի եւ աւելի առողջ ապագայի մը ի խնդիր աշխատանք կը տանի մեր […]
Առաջնորդ Սրբազանը Վերամուտի Առիթով Այցելեց Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարան
Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան վերամուտի առիթով այցելեց Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարան եւ իր օրհնութիւնն ու յաջող տարուան մը բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, որոնք վարժարանին կրօնի դասատուներն են։ Վարժարանի մուտքին, Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց «Նոր Ջուղայի Միութեան» Ներկայացուցիչները
Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց «Նոր Ջուղայի Բարեկամներ» յանձնախումբին ներկայացուցիչներու այցելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Նշենք, որ այս յանձնախումբը աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը գործէ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ, իբրեւ գլխաւոր առաքելութիւն ունենալով պահպանել հայկական մշակոյթն ու Նոր Ջուղայի […]