2018 Լուրերու Արխիւ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըս Մասնաճիւղը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 50-ամեակը

Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըս մասնաճիւղը «CBS Studio» կեդրոնին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։ Հանդիսութիւնը […]

«Cultural Impact Foundation»ին Առաջին Ձեռնարկը

Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2018-ին, «Cultural Impact Foundation»ին առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի «Դաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, ի զօրակցութիւն ֆիլմարտադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «Titanic Love» եւ «Bloodless: Youth Forging Democracy» ֆիլմերու ապագայ ծրագիրներուն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքը։ Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Տոքթ. Վիգէն Սեփիլեան։ Առաջնորդ Սրբազանը […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն եւ Մատաղօրհնէք Խաչվերացի Տօնին Առիթով

Կիրակի, 16 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը սարկաւագական ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ, սարկաւագութեան […]

Խաչվերացի Տօնին՝ Կիրակնօրեայ Վարժարանները կը Վերսկսին

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեա Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանի Նոր Գործադիր Տնօրէնուհին

Երեքշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի նոր գործադիր տնօրէնուհիին՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ վարժարանի գլխաւոր տնօրէն Դոկտ. Ալինէ Դուրեանի, վարժարանի Ուսումնական Մարմինի ատենապետ Տիար Վահէ Թաշճեանի եւ անդամ Տիար Մուրատ Շահինեանի։ Հանդիպումին ներկայ […]

Ազգ. Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամը Կրթանպաստ կը Տրամադրէ Հինգ Ուսանողներու

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, գոհունակութեամբ կը յայտնէ, թէ քննելէ ետք 2018-2019 տարեշրջանի համար կրթանպաստի դիմումնագիրները, Աւետիս ԹիւՖէնքճեան (UC Berkeley), Շահան Աթմաճեան (UCI), Մեղեդի Մանոյեան (UCLA), Վահէ Ղարախանեան (UC Berkeley) եւ Փաթիլ Ճիվէլէկեան (UC Berkeley) կրթանպաստի կ՛արժանանան։ Անոնք կը հետեւին գիտական […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Շանթ» Մասնաճիւղը Տօնեց Հիմնադրութեան 25-ամեակը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը Շաբաթ, 25 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Պըրպէնքի «Քէսթըուէյ» ճաշարանին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը տօնեց իր հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, հանդիսութեան ներկայ եղաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը։ Ներկայ […]

Այցելութիւն եւ Խաղողօրհնէք Հայ Բանտարկեալներու եւ Ընկերային Յատուկ Հոգածութեան Արժանացողներու Համար

Ինչպէս ծանօթ է, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հոգեւոր ծառայութիւններ կը մատուցէ նաեւ հայ բանտարկեալներու եւ ընկերային յատուկ խնամքի կարօտող երիտասարդներու, զանոնք մասնակից դարձնելով մեր եկեղեցական տօներուն ու անոնց խորհուրդով պարուրելու զանոնք։ Այս ծիրին մէջ, եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ, 25 Օգոստոս եւ Երկուշաբթի, 27 Օգոստոս 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուրի Վերամուտի Արարողութեան

Փասատինայի Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրը վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Օգոստոսի առաւօտուն, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Հիւրաբար ներկայ էր Վենեզուելլայի Հայոց Թեմի հոգեւոր տեսուչ Բարձր. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։ Ներկայ էին նաեւ […]

Վերամուտ Ազգային Վարժարաններու

Ուսումնական 2018-2019 տարեշրջանի սեմին, մեր Թեմի Ազգ. Վարժարաններուն վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնները տեղի ունեցան Երկուշաբթի, 20 Օգոստոս 2018-ի առաւօտուն։ Հանդիսութիւնները սկիզբ առին աղօթքով, քայլերգներու երգեցողութեամբ եւ «Աշակերտին ուխտ»ի արտասանութեամբ։ Խօսք առին վարժարաններու տնօրէններն ու Ուսումնական մարմնի պատասխանատուները. իւրաքանչիւր շրջանի հոգեւոր հովիւ ընթերցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի վերամուտի պատգամը, ուղղուած դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն։ […]

Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հիւրընկալութեամբ, Հինգշաբթի, 16 Օգոստոս 2018-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի հոգեւոր առաջնորդներու՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերշ.buy prednisone online https://apwh.org/wp-content/languages/new/prednisone.html no prescription Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Պերճ […]

Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնադիր Նուիրատուներուն

Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Հայ¬Ամերիկեան Թանգարանը ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան հետ Թանգարանին համար տրամադրուած կալուածին վարձակալման մասին համաձայնութեան կնքումին առիթով, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու հիմնադիր նուիրատուներուն։ Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Adult Recreation Center-ին մէջ, որ կը գտնուի տրամադրելի հողաշերտին դիմաց։ Ներկայ էին թանգարանի հիմնադիր նուիրատուները, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Առաջնորդ Սրբազանը, […]

Ս. Աստուածածնի Տօնին առիթով Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք «Արարատ Տան» մէջ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՄԷՋ Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոս 2018-ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասը այցելեցին Արարատ Տան Միշըն Հիլզի հաստատութիւն եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին յատուկ եկեղեցական արարողութիւն ու խաղողօրհնէք կատարեցին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ եւ Ս. Պատարագ՝ […]

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի համաձայնագիրի ստորագրում Կլենտէյլի քաղաքապետութեան հետ

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոսի առաւօտուն, Կլենտէյլի քաղաքապետարանին գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի համաձայնագիրին ստորագրումի արարողութիւնը՝ քաղաքապետութեան ու թանգարանի հիմնադիր խորհուրդի ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Իբրեւ այս մարմինի համա-ատենապետ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ արարողութեան։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան։ Նշենք, որ […]

«Աստուածամայրը եղաւ անսպառ սէր, անսպառ աղօթք ու անսպառ ներում»

«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՂԱՒ ԱՆՍՊԱՌ ՍԷՐ, ԱՆՍՊԱՌ ԱՂՕԹՔ ՈՒ ԱՆՍՊԱՌ ՆԵՐՈՒՄ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Կիրակի, 12 Օգոստոս 2018-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին նշեց Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի երկրէն երկինք փոխադրուելուն՝ Վերափոխման տօնը, որ Աստուածամօր նուիրուած եօթը տօներէն մեծագոյնն է, մեր Եկեղեցւոյ չորրորդ տաղաւար տօնը։ Այս առիթով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ կատարուեցաւ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022