2019 Լուրերու Արխիւ

Ս. Զատկուան Արարողութիւն՝ Հայ Բանտարկեաներու Համար

Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին օրհնութեամբ, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան այցելեցին Քասթէյքի «Փիթչըս» բանտը, ուր Ս. Զատկուան առիթով յատուկ արարողութիւն եւ ջրօրհնէք կատարուեցաւ։ «Տէր Ողորմեա»էն առաջ, Րաֆֆի Սարկաւագ ներկաներուն փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու ողջոյնի խօսքը եւ խօսեցաւ զղջումի կարեւորութեան մասին։ […]

Առաջնորդ Սրբազան Անթիլիասի Մէջ Կը Մասնակցի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Նիստերուն

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2019-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ նիստին։ Բացման իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցին վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ դնելու հրամայականը, որպէսզի անոր առաքելութիւնը ու ծառայութիւնը դառնան աւելի կազմակերպ ու […]

Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ 10-Ամեակի Տօնախմբութիւնը

Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Պըրպէնքի «Արպաթ» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ 10-ամեակի տօնախմբութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, հոգեւոր հայրեր, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, ծխական համայնքի ժողովականութեան անդամներ, շրջանի Հ.Յ.Դ. «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան […]

Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշակատման Արարողութիւն՝ Սոլվէնկի Մէջ

Համազգայինի «Սայաթ Նովա» Երգչախումբի Տարեկան Ելոյթը

Շաբաթ, 4 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ Փասատինայի Նազովրեզի եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տարուան համերգը նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին եւ երգչախումբին 10-ամեակին։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ներկայ եղաւ համերգին եւ ուղղեց իր շնորհաւորական ու գնահատանքի խօսքը։

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Մասնակցի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Նիստերուն

7էն 10 Մայիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը պիտի գումարուին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի մասնակցի Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Խառն Ժողովներու նիստերուն։ Մեր Թեմէն Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամներ Տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէյթլեան պիտի մասնակցին […]

Քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի Կը Հիւրընկալէ Աղօթքի Օրուան Տարեկան Հաւաքը

Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2019-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, առաջին տիկին՝ Էյմի Ուէյքլընտ եւ «Կեթի Հաուս»ի Վարչական Խորհուրդը հիւրընկալեցին Ազգային Աղօթքի Օրուան նուիրուած տարեկան միջ-կրօնական նախաճաշի հանդիպումը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան մասնակցեցաւ այս հաւաքին։

Հայաստան Իրենց Ուխտագնացութեան Նախօրեակին Ազգ. Փիլիպոս Վարժարանի 11-րդ Կարգի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Հայաստան իրենց ուխտագնացութեան նախօրեակին, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի 11-րդ կարգի աշակերտները Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2019-ին Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին եւ վերանորոգեցին մեր հաւատքին ու ազգային արժէքներուն հաւատարմութեան ուխտը։ Աշակերտները իրենց հայոց լեզուի դասատուներուն հետ առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Առաջնորդ […]

Կլենտէյլի Հանրային Վարժարաններէ Հայ Շրջանաւարտներու Ի Պատիւ Հանդիսութիւն

Երկուշաբթի, 29 Ապրիլ 2019-ին, Կլենտէյլի «Adult Recreation Center»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու Յանձնախումբի՝ CASPS-ի կազմակերպած 23-րդ տարեկան հանդիսութիւնը՝ ի պատիւ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ հայ աշակերտներու։ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ընթերցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքը, որուն մէջ […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Պատաղօրհնէք եւ Ուրարի Տուչութիւ Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ 10-Ամեակին Առիթով

Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ին, Նոր Կիրակիին կամ Կրկնազատիկին, եւ ծուխի հիմնադրութեան 10-ամեակին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, մատաղի օրհնութիւն կատարեց, եւ իր պատգամը ուղղեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան աղօթակից էր Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ս. սեղանին սպասարկեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արսէն […]

Պըրպէնքի Հայ Դատի Յանձնախումբի 10-Ամեակի Ճաշկերոյթ

Ցեղասպանութեան 104-Ամեակին Նուիրուած Կլոր Սեղանի Ասուլիս

Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինին, Ուրբաթ, 26 Ապրիլի 2019-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի ասուլիս մը «Պահանջատիրութիւն, հատուցում, արդարութիւն» խորագիրով։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Բանախօսներն էին Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ […]

Նոր Կիրակիին Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Նորթ Հոլիտուտի Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող առաջին Կիրակին է, որ կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ։ Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, եւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 10-ամեակին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, մատաղի օրհնութիւն պիտի կատարէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. […]

Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով՝ Ազգ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան եւ Ծաղիկներ Մատուցեցին Ս. Նահատակաց Յուշակոթողին

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի 110 աշակերտները, ընկերակցութեամբ մանկամսուրի վարիչուհի՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեանին եւ դաստիարակներուն, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին, ուր դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կողքին ունէր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանն ու Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. […]

Ս. Զատկուան Տօնը՝ Արարատ Տան Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, եւ համաձայն Արարատ Տան բնակիչներուն հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրելու Ազգային Առաջնորդարանի տարիներու բարի աւանդութեան, Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու հոգեւորականաց դասու անդամներ այցելեցին Միշըն Հիլզի Արարատ Տուն, ուր Ս. Պատարագով եւ յատուկ արարողութիւններով Ս. Յարութեան տօնին աւետիսը փոխանցեցին պատսպարեալ բնակիչներուն եւ անձնակազմի անդամներուն։ Արարողութիւնը […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022