2019 Լուրերու Արխիւ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում

Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2019-ին, հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը, կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն։ Մեր գաղութէն ներս, շարգ մը ոգեկոչական ձեռնարկներ տեղի ունեցան, որոնց մասնակցեցան Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական փոխանորդը, հոգեւորականաց դասն ու Ազգային Վարչութեան անդամները։ Առաւօտեան, կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի […]

Լոս Անճելըս Գաւառի Վերահսկիչնեու Խորհուրդը Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

Լոս Անճելըս գաւառի Վերակացու Քաթրին Պարկըրի նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու Խորհուրդը իր շաբաթական նիստին ընթացքին յատուկ արարողութեամբ մը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը, որուն ընթացքին 24 Ապրիլը հռչակուեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր»։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ներկայ եղաւ […]

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Սաքրամենթոյի Մէջ

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի հայկական խմբակի նախաձեռնութեամբ, եւ գործակցութեամբ Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2019-ին, նահանգային Ծերակոյտի ու Խորհրդարանի նիստերուն յիշատակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը, ներկայութեամբ հոգեւորականներու, Հայ Դատի գործիչներու, ու հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս.buy strattera generic https://rxbuyonlinewithoutprescriptionrx.net/strattera.html over the counter Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ […]

Ս. Յարութեան Տօնը Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ հաւաքուած էր մեր եկեղեցիներուն մէջ, տօնելու համար մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը եւ զիրար ողջունելու «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ Ս. Զատկուան իր պատգամը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ […]

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներ

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ, կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը, կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն։ Մեր գաղութէն ներս, Չորեքշաբթի 24 Ապրիլին, շարգ մը ոգեկոչական ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան, որոնց պիտի մասնակցին տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, յարգելու համար մեր սրբադասուած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը։ Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական փոխանորդը, հոգեւորականաց դասն […]

Ս. Զատկուան Արարողութեանց Ժամանակացոյց

Կիրակի, 21 Ապրիլ 2019-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը հանդիսաւոր Ս. Պատարագով պիտի նշուի Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ Ս. Զատկուան իր պատգամը պիտի փոխանցէ Կլենտէյլի Ս.buy zovirax online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/zovirax.html no prescription Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ […]

Աւագ ՀինգշաբթիիՀոգեպարար Արարողութիւնները

18 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Աւագ Հինգշաբթի օրուան հոգեպարար արարողութիւնները։ Առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքի ընթացքին Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատման նուիրուած Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին ժողովուրդը ստացաւ Ս. Հաղորդութիւն։ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Յետմիջօրէին, կատարուեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը, յիշելով խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան Քրիստոսի պատգամը, որ մարմնաւորուեցաւ աշակերտներուն ոտքերու լուացումի խորհուրդով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. […]

Տասը Կուսանաց Յիշատակութիւն

16 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Երեքշաբթիի յատուկ արարողութիւնը, յիշատակելով Տասը Կոյսերուն առակը։ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտուհիներ մասնակցեցան արարողութեան, ներկայացնելով տասը կոյսերը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց եւ գնահատեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտուհիները, որոնք օրուան […]

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց Ներկայացուցիչներուն Այցելութւնը Ազգ. Առաջնորդարան

Երեքշաբթի 16 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց ներկայացուցիչներուն։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան եւ Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիար Գառնիկ Մկրտիչեանի կ՛ընկերակցէին Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն՝ Տեարք Վիգէն Դաւիթեան եւ Օշին Փիրումեան ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային […]

Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու Խորհուրդը Պատուեց Հասարակական Գործիչ Պերճ Կարապետեանը

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քէթրին Պարկըր այս տարի եւս Ապրիլ ամիսը հռչակեց «Հայոց Պատմութեան Ամիս»։ Այս առիթով, վերահսկիչներու Խորհուրդը Ապրիլ ամսուան ընթացքին պատուեց հայորդիներ, որոնք նպաստ բերած են հայութեան ու ամերիկեան հաւաքականութեան։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու Ազգային Վարչութեան առաջարկութեամբ, Տիար Պերճ Կարապետեան պատիւի արժանացաւ վերահսկիչներու Խորհուրդի 16 […]

2019 – Հայ Մամուլի Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները, Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Հոգեկան խոր գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ […]

Ծաղկազարդի Տօնը՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս եկեղեցիները զարդարուած էին ձիթենիի եւ արմաւենիի դալար ճիւղերով եւ ողողուած բազմահարիւր հաւատացեալներով ու մանուկներով, որոնք եկած էին տօնելու Ծաղկազարդը՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը։ Ծաղկազարդը նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ մանուկներու թափօրով, իսկ աւարտին կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան […]

Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի Հիմնադիր Տնօրէն, Վաստակաւոր Կրթական Մշակ ու Ազգային Գործիչ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Ոչ Եւս Է

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն Միացեալ Նահանգներու առաջին ամէնօրեայ Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի հիմնադիր Տնօրէն, վաստակաշատ կրթական մշակ ու ազգային գործիչ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն։ Պիտի կատարուի Ազգային թաղում։ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան մեր Թեմին մէջ ծառայական […]

Ծաղկազարդը՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019-ին, Ս. Յարութեան տօնէն շաբաթ մը առաջ, Քրիստոնեայ աշխարհը տօնեց Ծաղկազարդը, իբրեւ խորհրդանիշ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրսիտոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին։ Այդ առաւօտուն, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիները ծաղկազարդուած ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով, ողողուած էին բազմահարիւր հաւատացեալներով ու մանուկներով, յիշատակելու Ծաղկազարդը, որ նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ տօնը խորհրդանշող թափօրով, որուն մասնակցեցան մոմեր բռնած […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը

Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ Յարութեան տօնին յաղթական աւետիսը դարձեալ ցնծութեամբ կը լեցնէ մեր կեանքը, իր լոյսով կը պայծառացնէ մեր սիրտերն ու հոգիները եւ մասնաւորաբար յաւիտենական կեանքի յոյսով կ’ամրապնդէ մեր հաւատքը։ Եկէ՛ք, բոլորս ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ մեր Տէրը եւ Փրկիչը յարութիւն առաւ եւ իր բոլոր թշնամիները սարսափահար փախան եւ ցրուեցան։ Այո՛, Յարութեան տօնը […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022