2019 Լուրերու Արխիւ

Անթիլիասի Մայրավանք Վերադարձի Առիթով` Ս. Պատարագ Եւ Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի

Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին եւ նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ ապա «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծարանքի Ճաշկերոյթ մը ի պատիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս Առաջին Այցելութեան Նախաձեռնութիւններուն

Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր, 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ վսեմաշուք տիար Նիկոլ Փաշինեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Լոս Անճելըսի հայահոծ համայնքին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ ամբողջ օրուայ ընթացքին տեղի ունեցած հանդիսութեանց ու հանդիպումներուն։ Հայաստանի վերանկախութեան 28-րդ տարեդարձին առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագի ընթացքին […]

Անթիլիասի Մայրաքանք Վերադարձին Առիթով՝ Ս. Պատարագ եւ Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի

Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ ապա տեղի ունեցաւ մեծարանքի ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի, որ շուրջ երեք ու կէս տարիներու իր ծառայութեան աւարտին, ի […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Կազմակերպութեամբ՝ Դասախօսութիւն-Ճաշկերոյթ

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-դասախօսութիւն մը։ Դասախօսն է Տոքթ. Այտա Ռշտունի-Ճուհարեան, որ պիտի ներկայացնէ «Սնունդի եւ մարզանքի գործօնները մարդու առողջ եւ ներդաշնակ ապրելակերպին […]

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 28-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 28-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Կոչ կþուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլայ Ս. Պատարագին եւ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան, աղօթք բարձրացնելու ի խնդիր մեր հայրենիքի ապահովութեան, հզօրացման եւ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Կ’ունենայ Ասորի Արեւելեան Եկեղեցւոյ Պատրիարքին Հետ

Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, Թարզանայի Ս. Աստուածածին Ասորի Արեւելեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի յատուկ արարողութիւն եւ ճաշկերոյթ ի պատիւ Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Մար Կեուարկիս Սլիուայի։ Արարողութենէն առաջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի, այցելեց Նորին Ամենապատուութեան։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ […]

Օթիզմի Հայ Օժանդակ Մարմինի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Օթիզմի Հայկական Օժանդակ Մարմինի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկին Թալին Խաչատուրեանի։ Ներկայ էր նաեւ Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Հանդիպումի ընթացքին յարգելի հիւրերը ներկայացուցին Մարմինի ընդհանուր առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ համայնքային տարբեր կազմակերպութեանց եւ դպրոցներու […]

Վերջին Հրաժեշտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօր՝ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի

Ինչպէս հաղորդած էինք, Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մայրը՝ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեան։ Նոյն օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետը յանուն մեր Թեմին մէջ ծառայող միաբան հայրերուն, Հոգեւոր դասուն, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան հեռախօսային կապով ցաւակցութիւն յայտնեցին […]

Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ

Sorry, this entry is only available in English.

Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարէն Ներս` Ս. Խաչի Վերացման Եւ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019-ին, Խաչվերացի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի մատուցումով, «Անդաստան»ի արարողութեան կատարումով եւ ռեհանի օրհնութեամբ։ Այս առիթով, համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ […]

Ոգեկոչման Ձեռնարկ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի Յիշատակին

Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019-ին, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ նուիրուած աշխարհահռչակ ցեղասպանագէտ եւ գիտաշխատող Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի։ Այս առիթով, Պոլսահայ Միութիւնը յայտարարեց իր ձեռնարկած «Վահագն Ն. Տատրեան Ցեղասպանութեան Ուսումնականութեան» անուան մետալի շնորհումը, որ պիտի տրուի բոլոր այն ակնառու եւ միջազգայնօրէն նշանաւոր գիտնականներուն, որոնց հետազօտութիւնները եւ գործողութիւնները նպաստած են ցեղասպանութեանց կանխարգիլման եւ մարդկային […]

Ընդունելութիւն՝ Ի Նպաստ Կլենտէյլի «Adventist» Հիւանդանոցի Հայաստանի Մէջ Բժշկական Առաքելութեան

Վերջին հինգ տարիներուն, Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցի հիմնարկը իր մասնակցութիւնը կը բերէ բժշկական օժանդակութիւն հասցնելու Հայաստանի զանազան մարզերէն ներս։ Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019-ին, «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի սրահէն ներս, հանգանակային ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ նեցուկ կանգնելու հիմնարկի 2019-ի առաքելութեան, որ բժշկական շտապ օժանդակութիւն պիտի մատակարարէ Ստեփանակերտի հիւանդներուն։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ձեռնարկին ներկայ […]

Գոյժ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մեր Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդին խոր ցաւով կը գուժէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի մօր՝ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի մէջ։ Այս տխուր առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմիս Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը, Հոգեւորականաց Դասն ու յարակից մարմինները […]

Խաչվերացի Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ մեր հինգ տաղաւարներէն Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Մոնթեպելլոյի Ս.buy Synthroid generic https://buyinfoblo.com over the counter Խաչ Մայր Տաճարին։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Յաւարտ […]

Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի Բանտային Ծառայութեան Ներկայացուցինչեր Այցելեցին Համբիկ Սասունեանին

Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան Թեմի բանտային առաքելութեան ներկայացուցիչներ տասնամեակներէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցեն Քալիֆորնիոյ տարածքին գտնուող հայ բանտարկեալներուն, ղեկավարութեամբ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։ Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2019-ին, Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան այցելութիւն մը տուաւ Համբիկ Սասունեանին, աղօթելու, քաջալերելու եւ հոգեպէս սպառազինելու համար զինք։ Իսկ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022