2019 Լուրերու Արխիւ

Լիբանանի Ամերիկեան Հիմնարկի Նախագահը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Ամերիկեան Հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Ժոզէֆ Քարաքիին, որ անձամբ եկած էր հրաւիրելու Առաջնորդ Սրբազանը Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք «House of Lebanon» մշակութային կեդրոնի բացման արարողութեան։ Հանդիպումը առիթ ընծայեց քննարկելու Լոս Անճելըսի հայ եւ լիբանանցի համայնքերու երկարամեայ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը, […]

Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Ամառնային Դասընթացքի Մասնակիցները Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազանին

Ինչպէս հաղորդած էինք, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 5 էն 18 Օգոստոսին, Անթիլիասի մայրաքանքէն ներս տեղի ունեցաւ երիտասարդական ամառնային երկշաբաթեայ յատուկ դասընթացք մը, մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի թեմերէն երիտասարդներու։ Արեւմտեան մեր Թեմէն մասնակցեցան 6 երիտասարդներ՝ Շահան Աթմաճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան, Փառէն Տէր Պետրոսեան, Վանա […]

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ճաշկերոյթ

Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «California Club» սրահէն ներս։ Օրը եզակի էր իր բնոյթով, որու ընթացքին Համալսարանի նախկին նախագահ եւ հիմնադիրներէն Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան պատուուեցաւ Համալսարանին մատուցած իր անսակարկ ու երկար ծառայութեան համար։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ ճաշկերոյթին եւ բացման աղօթքը […]

Արեւմտեան Թեմը Կը Գուժէ Արուեստագէտ ու Ժողովրդական Երգիչ Ատիս Հարմանտեանի Մահը

Այսու մեր ժողովուրդին կը գուժենք, որ Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր, 2019-ին, իր մահկանցուն կնքեց արուեստագէտ եւ ժողովրդական երգիչ Ատիս Հարմանտեանը։ Արդարեւ, Ատիս Հարմանտեանը իր հմայիչ ձայնով մեկնաբանած է բազմաթիւ երգեր՝ հայ լեզուն, երգն ու մշակոյթը հրամցնելով մեր ժողովուրդին։ Ան ո՛չ միայն հայ երաժշտութեան նոր երանգ տուաւ, այլեւ բազմարժէք ստեղծագործութեանց յորդառատ կեանքով հայ ժողովրդական երգը տասնամեակներ շարունակ […]

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 104-ամեակի Ոգեկոչում եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակի Տօնակատարութիւն

Անցեալ շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Մուսա Լեռ Միութեան եւ մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի Մուսա Լեռ Միութեան, ֆրեզնոյի մէջ ոգեկոչուեցան Մուսա Լերան հերոսամարտի 104-ամեակը, ինչպէս նաեւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ներկայ գտնուեցաւ եւ կատարեց եկեղեցական արարողութիւնները։ Շաբաթ, 31 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Տ. Նարեկ կատարեց […]

Ազգ. Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամը Կրթանպաստ Կը Տրամադրէ Երկու Ուսանողներու

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, գոհունակութեամբ կը յայտնէ, թէ քննելէ ետք 2019-2020 տարեշրջանի համար կրթանպաստի դիմումնագիրները, Արմէն Տէմիրճեան (UC Berkeley) եւ Արենի Չորպաճեան (UC Berkeley), կրթանպաստի կ՛արժանանան։ Անոնք կը հետեւին գիտական մասնագիտութեանց Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ, ձեռք բերած են փայլուն արդիւնքներ […]

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի 20րդ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Կիրակի 25 Օգոստոս 2019-ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի 20-րդ տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան կարգ մը անհատներ եւ կազմակերպութիւններ որոնք նեցուկ եղած էին Հիմնարկի առաքելութեան։ Այս տարուան մեծարեալներն էին՝ Ճորճ Թիթիզեան – «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակ, Տիանա Արթունեան, Մարք Կիրակոս, Տոքթ. Գարօլան Նաճարեան եւ Ստեփան եւ Լինտա Վարդանեաններ – «Տեսլական»ի […]

Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբի Կողմէ Պարգեւատրուեցաւ

Կիրակի, 25 Օգոստոս 2019-ին, «Ռենէսանս» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը, որուն ընթացքին մեծարանքի արժանացան անձնաւորութիւններ ու կազմակերպութիւններ որոնք ներդրում ու նպաստ ունեցած են Կլենտէյլի հայ համայնքին։ Այս տարուան յոբելեարներն էին Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան՝ «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակ, «Ասպարէզ» օրաթերթ՝ «Հայ Դատ» մրցանակ, Քալիֆորնիոյ Հայ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Գտնուեցաւ Արարատ Տան Հոգաբարձութեան Ժողովին

Ընդառաջելով Արարատ Տան Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեանի հրաւէրին, Հինգշաբթի, 22 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ հոգաբարձութեան ամսական ժողովին: Նախքան ընթացիկ նիստի գումարումը, տեղի ունեցաւ դիւանի ժողովը եւ ապա՝ ընթրիքի հիւրասիրութիւն։ Հոգաբարձութեան անդամներուն կողքին ներկայ էին հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատու՝ Տէրիք Ղուկասեան, հիւանդանոցի բաժնի վարիչ՝ Մարկարիթա Քէշիշեան եւ Իկըլ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Նորընտիր Կազմին Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմէն անդամներու, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի՝ Տիկին Սիլվա Փօլատեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Շրջանային Վարչութեան անդամները, շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութեան մաղթանքներն ու օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց։ Ապա, Շրջանային Վարչութեան անդամները ընդհանուր գիծերու […]

Վերամուտ Ազգային Վարժարաններու

Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2019-ին, 2019-2020 տարեշրջանի վերամուտին առթիւ, Ազգային վարժարանները պաշտօնապէս իրենց դռները բացին, բարի գալուստ մաղթելով աշակերտութեան։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձրշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, շրջաններու հոգեւոր հայրերը մասնակից դարձան վերամուտի բացման արարողութիւններուն, աղօթք կատարեցին եւ ընթերցեցին այս առիթով Սրբազան Հօր ուղղած պատգամը։ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 50-րդ վերամուտին առթիւ, Առաջնորդ […]

Խաղողօրհնէք Ընկերային Յատուկ Հոգածութիւն Ստացողներուն Համար

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան տնօրինութեամբ, Երկուշաբթի, 19 Օգոստոս 2019-ին, խաղողօրհնէքի յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ խումբ մը երիտասարդներու համար, որոնց յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերուի «Վերականգնումի կեդրոն»ի մը մէջ։ Արարողութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, մասնակցութեամբ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի, որ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները։ Տ. […]

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով՝ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Խաղողօրհնէք եւ Մատաղօրհնէք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի մատուցումով եւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութեամբ։ Այս առիթով, համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն։ Իսկ Առաջնորդական […]

Ազգ. Առաջնորդարանի Բարերարուհի Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեան Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանով

Արեւմտեան մեր Թեմի պատմութիւնը հարուստ է իր իրագործումներով եւ նուիրեալ ու ծառայասէր ազգայիններով, որոնք իրենց նիւթաբարոյական ներդրումով մեծապէս կը նպաստեն ու կը զօրակցին Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան եւ մեր շրջանի հաւաքական կեանքին։ Այս հոյլին մէջ յիշատակելի են հանգուցեալ Կայծակ Օհաննէսեանի եւ իր տիկնոջ Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեանի անունները։ Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսի 2019-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. […]

Յայտարարութիւն «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ»ի

Արեւմտեան Ամերիկայի հայ եկեղեցական, քաղաքական եւ հասարարական կառոյցներու ղեկավարութեանց միջեւ ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու հրամայականը գործի վերածուեցաւ։ Ստորեւ յայտարարագիրը։ Վերջին տարիներուն, Արևմտեան Ամերիկայի հայ եկեղեցական, քաղաքական և հասարակական կառոյցներու ղեկավարութիւնը, իրականացուցած է հեզասահ և առողջ համագործակցութեան միջավայր մը, եւ միասնական ոգիով ծրագրած է ու գործած, դիմագրաւելով հայ համայնքին վերաբերող տարատեսակ մարտահրաւէրներ: Այս գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն հանդիսացած […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022