2019 Լուրերու Արխիւ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Աոիթով Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարուի։ Ս. Աստուածածնի տօնին եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրուան առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ մատաղօրհնէք ու խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Այցելութիւնը

Հինգշաբթի, 15 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի, ընկերակցութեամբ՝ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի։ Դոկտ. Ճէպէճեան Լոս Անճելըս կը գտնուի իր նոր հրատարակուած «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս որ Տեսայ» գիրքի ներկայացումին համար, որ տեղի պիտի ունենայ 16 […]

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք «Արարատ Տան» Մէջ

Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ Արարատ Տան մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ՝ հոգեւորականաց դասուն։ Արարողութիւնը սկիզբ առաւ հիւանդանոցի բաժնին մէջ Ս. Աստուածածնին նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ։ Ներկայ էին «Արարատ Տան» Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեան եւ անդամներ, հաստատութեան […]

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով՝ Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի «Էտքենթիսթ» Հիւանդանոցին Մէջ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, Չորեքշաբթի, 14 Օգոստոս 2019-ին, Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին մէջ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք, նախագահութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի։ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանը, Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանը եւ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանը։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ հիւանդանոցի նախագահ Տիկին Ալիս Իսայի, իսկ հոգեւոր աւագ խորհրդատու […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 11 Օգոստոս 2019-ին, բարեկենդան Ս. Աստուածածնի պահոց, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.buy cytotec online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/cytotec.html no prescription Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ խաղողօրհնէք կատարէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ կազմակերպած 106-րդ տարեկան […]

Արեւմտեան Մեր Թեմէն Երիտասարդներ Կը Մասնակցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Ամառնային Խտացեալ Դասընթացքին

Նկատի ունենալով ընդհանրապէս երիտասարդութեան ու յատկապէս համալսարանական երիտասարդներու կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախանձախնդրութիւնը, երկրորդ տարին ըլլալով, Կաթողիկոսարանը՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին ու Դպրեվանքին միացեալ ճիգով, կը կազմակերպէ երիտասարդական խտացեալ դասընթացք։ Յիշեալ դասընթացքը կ՚ընդգրկէ երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշնչական, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, հայ դատի, կենսոլորտի […]

Թեմիս Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Նոր Կազմի Նշանակում

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարեն, որ նշանակուած է Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի նոր կազմ, անդամակցութեամբ հետեւեալ ազգայիններուն.- Տիկին Լիզա Կապուտեան Դոկտ. Յասմիկ Պարան Իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեան Իրաւաբան Ազիդա Աւետիսեան Եագուպեան Իրաւաբան Սիլվա Կիրակոսեան Տիկին Արմինէ Ալեքսան Փափազեան Տիկին Անոյշ Չալեան Տիկին Փաթիլ Աբոշեան Գասպարեան Տիկին Թամար […]

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելոսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ` ատենապետուհի Տիկին Եսթեր Չէլէպեան-Թոկնոզիի։ Հանդիպումը առիթ ընծայեց խօսելու Միութեան գործունէութեան մասին։ Յարգելի հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր շարունակական զօրակցութեան համար եւ նուիրեցին նոր հրատարակուած Քեսապի ձօնուած պատկերազարդ յուշագիրքը, որուն մէջ ներկայացուած են Քեսապի […]

Ամերիկայի Մարդահամարի Գրասենեակի Ներկայացուցիչը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 30 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Մարդահամարի Գրասենեակի Լոս Անճելըս գաւառի ներկայացուցիչ Անահիտ Թովմասեանը, որ եկած էր տեղեկութիւններ փոխանցելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է 2020-ին ամերիկահայերու մարդահամարի ճշգրիտ հաշիւ ապահովել։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Տիկին Թովմասեան ընդգծեց, թէ […]

Արեւմտեան Մեր Թեմէն Երիտասարդներ Պիտի Մասնակցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Յակուկ Ամառնային Դասընթացքին

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 5էն 18 Օգոստոսին, Անթիլիասի մայրաքանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական ամառնային երկշաբաթեայ յատուկ դասընթացք մը, մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի թեմերէն երիտասարդներու։ Արեւմտեան մեր Թեմէն պիտի մասնակցին վեց երիտասարդներ. Շահան Աթմաճեան, Գարին Այվազեան, Լարա Տէմիրճեան, Վանա Տէմիրճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան […]

Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ.buy wellbutrin online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/wellbutrin.html no prescription Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր Դեսպան Մեծարգոյ Վարուժան Ներսէսեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց անդրանիկ այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, որուն կ’ընկերանային Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ խորհրդական Տիար Վարազդատ Պահլաւունի։ Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։ Առաջնորդ Սրբազանը յանուն […]

Բազմավաստակ Կրթական Մշակ եւ Ազգային Գործիչ Կարօ Պետրոսեան Ոչ Եւս Է

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն վաստակաշատ կրթական մշակ ու ազգային գործիչ Կարօ Պետրոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 22 Յուլիս 2019-ին։ Պիտի կատարուի Ազգային թաղում։ Կարօ Պետրոսեան շրջանաւարտ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն։ Իր սերնդակերտ ծառայութիւնը սկսած է 1950-էն, իբրեւ ուսուցիչ, փոխ-տնօրէն եւ […]

Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նահատակաութեան 36-րդ Տարելիցին Առիթով՝ «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Շաբաթ, 27 Յուլիս 2019-ը, 36-րդ տարելիցն է մեր նորագոյն պատմութեան մէջ գերագոյն զոհողութիւններ յանձն առած եւ հայ դատի պայքարին ճամբուն վրայ իրենց կեանքերը նուիրաբերած Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի նահատակութեան: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, մեր Թեմիս բոլոր […]

Այլակերպութան Տօնին Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Կիրակի, 28 Յուլիս 2019ը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է, որ նաեւ Վարդավառ անունով ծանօթ է։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս.buy singulair Canada https://www.epsa-online.org/wp-content/languages/new/singulair.html no prescription Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022