2015 Լուրերու Արխիւ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առթիւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք

Եկեղեցիներու անուանակոչութեանց օրերը իրենց իւրայատուկ պատգամով հոգեկան գոհունակութիւն եւ ներքին խանդավառութիւն կ’ընծայեն ծխական համայնքին։ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ հայրապետի խոր վիրապ մուտքի տօնին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը այս տարի եւս տարիներու սովորութեան համաձայն փառաշուք կերպով տօնախմբեց իր եկեղեցւոյ անուան տօնը։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Սան […]

Մեծարանքի Երեկոյ Հայրենի Վաստակաշատ Երգահան Տիգրան Մանսուրեանի

Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2015ի երեկոյեան, հայրենի տաղանդաւոր երգահան՝ Տիար Տիգրան Մանսուրեանի ի պատիւ մեծարանքի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային Դաստիարակչական Յանձնախումբի կողմէ։ Յայտագիրը սկիզբ առաւ մեծարեալ երաժշտագէտի “Հնչիւններու Տարածութիւն” […]

Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 7րդ, 8րդ եւ 9րդ Կարգերու Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան Այցելեցին

Մեր վարժարաններու աշակերտներուն Ազգային Առաջնորդարան այցելութիւնը վերածուած է բարի եւ օգտակար աւանդութեան. այս այցելութիւնները ո՛չ միայն առիթ են որ մեր աշակերտները ծանօթանան ազգային այս հաստատութեան գործունէութեան, այլ նաեւ մեզի առիթ կ’ընծայեն ծանօթանալու հայակերտումի այն աշխատանքին, որ տեղի կ’ունենայ մեր դպրոցներուն մէջ, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ողջունելով Ազգային Ռոզ եւ Ալեք […]

Շաբաթական Լուրեր – 20 Մարտ 2015

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ Կիրակի, 22 Մարտ 2015ը Մեծ Պահոց շրջանի վեցերորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Գալստեան Կիրակի։ Իսկ Շաբաթ, 201 Մարտ տօնն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ, նաեւ անուանակոչութեան տօնը Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Կիրակի, 22 Մարտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]

Տօն Անուանակոչութեան Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ

Շաբաթ, 14 Մարտ 2015ին, Հայց. Առաք. Եկեղեցին յիշատակեց իրենց հաւատքին համար նահատակուած քառասուն քաջարի զինուորներուն՝ Ս.buy propecia online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/propecia.html no prescription Քառասնից Մանկանց տօնը, որ նաեւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն է։ Այս առիթով, Կիրակի, 15 Մարտին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Ս. […]

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Շրջապտոյտի Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազանը Կþօրհնէ »Hye Riders«ի Անդամները

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեանի եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանի մասնակցութեամբ, “Hye Riders” ակումբի անդամներուն փափաքին ընդառաջելով յատուկ աղօթքի պահ մը ունեցաւ իրենց հետ, որոնք ի մօտոյ կը մեկնին Եւրոպա, ուրկէ պիտի ուղեւորուին […]

Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 45րդ Տարեդարձը

Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարանի մեծ ընտանիքը Ուրբաթ, 13 Մարտ 2015ի երեկոյեան, Հոլիվուտի “Տաղլեան” սրահին մէջ շքեղ հանդիսութեամբ մը տօնեց վարժարանի հիմնադրութեան 45-ամեակը, մասնակցութեամբ ներկայացուցչական դէմքերու եւ երախտաւորներու: Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգային Վարչութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, միութենական […]

Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի 8րդ Կարգի Աշակերտները Ազգային Առաջնորդարան Այցելեցին

Հաւատարիմ մնալով վարժարանին իսկ կողմէ հաստատուած տարիներու բարի աւանդութեան, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները Ուրբաթ, 13 Մարտ 2015ին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ հոգեւոր հայրերու կողմէ: 42 աշակերտներուն կ’ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, ուսուցիչներ եւ […]

Շաբաթական Լուրեր – 13 Մարտ 2015

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Շաբաթ, 14 Մարտ տօնն է Ս. Քառասնից Մանկանց, նաեւ անուանակոչութեան տօնը Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Կիրակի, 15 Մարտ 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի փոխանցէ եւ մատաղօրհնէք […]

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով Հոգեհանգիստ, Յուշակոթողի Բացում եւ Ծառատնկում՝ »Արարատ Տան« Մէջ

Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման ծիրին մէջ, եւ հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, իւրայատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Մարտ 2015ի առաւօտուն, “Արարատ Տան” Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ, այսպէսով՝ տարեց սերունդի ներկայացուցիչները մասնակից դարձնելով մեր նահատակներուն մատուցուած յարգանքին եւ պահանջատիրութեան վերահաստատման: Հաստատութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Արեւմտեան Թեմի երկու Առաջնորդները՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. […]

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Միջինքի Արեւագալի Արարողութեան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2015ին եղաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ծխական համայնքին հետ. առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Արեւագալի արարողութեան, որ կը զուգադիպէր Մեծ Պահոց Միջինքին, ապա նաեւ նախագահեց եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշի հանդիպումին: Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչն ու հովիւը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն […]

Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու Ժողովին

Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Լոս Անճելըսի եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդներու ժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015ի յետմիջօրէին, Ղըպտիներու Ս. Աստուածածին եւ Ս. Աթանասիոս Եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ Ղըպտի համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Սրապիոն Եպիսկոպոսին: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ ժողովին, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի: Միացեալ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակից Եղաւ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան Արարողութեան

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ հայ եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց, Ուրբաթ, 6 Մարտ 2015ին, United Armenian Congregational Եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի օրը։ Այս տարի, ձեռնարկը կը նշէ իր 45րդ տարեդարձը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Արժ. […]

Ճաշկերոյթ – Տօնախմբութիւն Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 6րդ Տարեդարձին Առթիւ

Շաբաթ 28, Փետրուար 2015ի երեկոյեան, “Signature” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 6րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ աւելի քան 300 ազգայիններու։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին թեմիս Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ գաղութիս մէջ գործող պատկան […]

Շաբաթական Լուրեր – 6 Մարտ 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 8 Մարտ 2015ը Մեծ Պահոց շրջանի չորրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Տնտեսի Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ Ս. Պատարագէն ետք, ժամը […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022