2015 Լուրերու Արխիւ

Վերամուտի Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Ֆերահեան Վարժարան

Ուսումնական 2015-2016 տարեշրջանի վերամուտն է ու Ազգային Վարժարանները կը վերաբանան իրենց դուռները, հայ աշակերտին ջամբելու հոգեկան ու մտային սնունդ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 17 Օգոստոս 2015ի առաւօտուն, վերամուտի պահը բոլորեց Ազգային Ֆերահեան վարժարանի աշակերտներուն, անոնց դաստիարակներուն եւ ծնողներու հետ, որոնք Էնսինոյի եւ Նորթ Հիլզի համալիրներուն մէջ համախմբուած էին մեկնարկելու տարեշրջանը: […]

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի կեանքը առաքինութեան, համեստութեան, հնազանդութեան ու խոնարհութեան բարի պատգամ մըն է բոլոր քրիստոնեաներուն, բայց մանաւանդ մեր մայրերուն համար: Աստուածամայրը նաեւ բարի դաստիարակի օրինակ է, ծնողական իր հոգածու նուիրումով՝ օրինակ է հայ մայրերուն, որպէսզի իրենց հոգեհատորներուն ֆիզիքական ու նիւթական կարիքները հոգալու կողքին, նոյնպիսի նախանձախնդրութեամբ ապահովեն անոնց հոգեւոր սնունդը, դաստիարակութիւնը, որովհետեւ առանց հոգեկան ու […]

Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսի Նախագահ Արա Աբրահամեան Այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան, Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսի եւ Ռուսաստանի Հայերու Միութեան նախագահ Տիար Արա Աբրահամեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Հայրենի հիւրին կ՚ընկերանային գործակից բարեկամներ: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ […]

Շաբաթական Լուրեր – 14 Օգոստոս 2015

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2015ը Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնն է, մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը։ Աստուածածնայ տօնը նաեւ տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան։ Այս տօնին առիթով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի […]

Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Արարատ Տան Մէջ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, 13 Օգոստոս 2015ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց դասը այցելեց «Արարատ» Տան Միշրն Հիլզի կեդրոնը, ուր տեղի ունեցան յատուկ արարողութիւններ՝ պատսպարեալներուն եւ անձնակազմի անդամներուն հոգեւոր մատակարարութեան նպատակով: Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը նախ աղօթք ու խաղողօրհնէք կատարեցին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ: […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լոս Անճելըսի Ոստիկանութեան Պատասխանատուներէն Ուան Մարթինէզի Այցելութիւնը

Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2015ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Ոստիկանապետի գրասենեակի պատասխանատուներէն Ուան Մարթինէզի, որ վարիչն է Կրօնական եւ Կամաւոր Ծառայութեան բաժանմունքին: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, ինչպէս նաեւ Արժ.buy zithromax online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/zithromax.html no prescription Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ Բրշն. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան, […]

Խաղողօրհնէք Կլենտէյլի Adventist Հիւանդանոցին Մէջ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, Հոգեշնորհ Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ու սարկաւագներ այցելեցին Glendale Adventist հիւանդանոցը եւ հաստատութեան մատրան մէջ կատարեցին բժշկութեան աղօթք եւ խաղողօրհնէք։ Հիւանդանոցի պատասխանատուներէն՝ Տիկին Ռամելա Մարգարեան ողջունեց հոգեւոր հայրերն ու […]

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ – Օրհնութիւն եւ Բացում «Մովսէսեան Ժողովասրահ»ի եւ «Սիւլահեան Բակ»ի

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2015ը, Ս. Քառասնից Մանկանց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին համար իւրայատուկ օր մը եղաւ։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ օրուան յատուկ իր պատգամը փոխանցեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ Հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ ողջունելով հաւատացեալներն ու բարերարները, որոնք նուիրաբերած են […]

Շաբաթական Լուրեր – 7 Օգոստոս 2015

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ ՄԷՋ – ՆՈՐ ՕՐՀՆՈՒԱԾ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ԲԱՑՈՒՄ «ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ ԺՈՂՈՎԱՍՐԱՀ»Ի ԵՒ «ՍՈՒԼԱՀԵԱՆ ԲԱԿ»Ի Կիրակի, 9 Օգոստոս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, նոր […]

Հայերու, Յոյներու եւ Ասորիներու Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յիշատակման Միջ-եկեղեցական Արարողութիւն

Հայերուս նման, Ասորի համայնքն ալ այս տարի, Միջին Արեւելքէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը, կը յիշատակէ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ իր զաւակներուն դէմ 1915ին գործադրուած ցեղասպանութիւնը: Ասորիներու ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան, համայնքին Թարզանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական յիշատակի արարողութիւն մը, որ նուիրուած էր ասորիներու, հայերու եւ յոյներու դէմ թուրքին գործադրած […]

Առաջնորդ Սրբազանը Նոր Օրհնուած Միւռոնով Ջրօրհնէք Կատարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 2 Օգոստոս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պատարագին, իր հայրական պատգամը փոխանցեց եւ Անթիլիասի Մայրավանքէն բերած նոր Միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց։ Ս. Պատարագը մատուցեց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան. ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Տիկ. Թերէզ Քէմանճեան, Հ.Յ.Դ. Փասատինայի »Լեռնավայր« […]

Շաբաթական Լուրեր – 31 Յուլիս 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆՈՐ ՕՐՀՆՈՒԱԾ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Կիրակի, 2 Օգոստոս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն բերուած նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարուի […]

Ասորի Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչներ Կ’այցելեն Ազգ. Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2015ի առաւօտեան, Ասորի եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի համայնքի Քորեպիսկոպոս Գերպ. Ճորճ Պէթ Ռաշօ, ընկերակցութեամբ ասորի հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներու, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան: Այցելութեան նպատակն էր Առաջնորդ սրբազանը պաշտօնապէս հրաւիրել մասնակից ըլլալու միջ-եկեղեցական արարողութեան, որ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Կատարեց Նոր Օրհնուած Միւռոնով Առաջին Ջրօրհնէքը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Մոնթեպելլոյի ծխական համայնքը Կիրակի, 26 Յուլիս 2015ին ապրեցաւ կրկնակիօրէն տօնական մթնոլորտ մը, ընդունելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի այցելութիւնը, լսելով անոր պատգամը եւ ներկայ ըլլալով նոր օրհնուած միւռոնով ջրօրհնէքի առաջին արարողութեան: Այս բազմախորհուրդ արարողութիւնը առիթ եղաւ, որ ծխական համայնքի զաւակները հաղորդակից ըլլան մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեանց, իսկ օրհնուած ջուր ստանալով՝ վերանորոգեցին մեր […]

Շաբաթական Լուրեր – 24 Յուլիս 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆՈՐ ՕՐՀՆՈՒԱԾ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ – ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՍՄԲԱՏ ԱՐՔ. ԼԱՓԱՃԵԱՆԻ ԵՒ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Կիրակի, 26 Յուլիս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ծանօթ է, որ Առաջնորդ […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022