2015 Լուրերու Արխիւ
Արեւմտեան Թեմը Կը Սգայ Բարերար Գըրք Գրգորեանի Կորուստը
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը ողջ հայութեան հետ կը սգայ կորուստը ազգային բարերար Գըրք Գրգորեանի, որ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Երկուշաբթի, 15 Յունիս 2015ին, 98 տարեկանին: Համեստ ընտանիքի զաւակ՝ Գըրք Գրգորեան իր աշխատանքով դարձաւ ճարտարարուեստի մարզի հսկայ մը եւ հռչակ կերտեց իբրեւ Լաս Վեկասի եւ ինքնաշարժի աշխարհի հսկայ մը: Անոր ձեռք բերած յաջողութիւններն ու բարօրութիւնը […]
Շաբաթական Լուրեր – 12 Յունիս 2015
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ – ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ Կիրակի, 14 Յունիս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ Յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի 12-րդ կարգի վկայականաց […]
Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինին Ի Նպաստ Ճաշկերոյթ
Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինը Հինգշաբթի, 4 Յունիսի երեկոյեան, հանգանակային ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր, ի խնդիր իր առաքելութեան շարունակականութեան պահպանման: Այս ձեռնարկը նաեւ առիթ էր ծանօթութիւն տալու «Օքսֆամ» կազմակերպութեան հետ SARFի գործակցութեան, որ ի գործ դրուած էր Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու որոշ օգնութիւն տրամադրելու նպատակով: Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ զօրակցութեան կոչ ուղղեց ներկաներուն։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց […]
Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակից Եղաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նիւ Ինկլընտ Շրջանի Հովուապետական Այցելութեան
Ուաշինկթըն իր պատմական այցելութենէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 10 Մայիս 2015ին սկսաւ Արեւելեան Թեմին հովուապետական իր այցելութեան, որ կը տեւէ մինչեւ 4 Յունիս: Թեմիս բարեխնամ Առաջանորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 27 Մայիսին Պոսթըն մեկնեցաւ, միանալու համար Վեհափառ Հայրապետին շքախումբին, հովուապետական այցելութեան առիթով: Յիշեցնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Մայիսի սկիզբը միացած էր Վեհափառ Հայրապետի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Արարատ Տան Մէջ ՀՕՄ-ի Հիւրընկալած Ամսական Ճաշին
Առաջնորդ Սրբազանը Երեքշաբթի, 2 Յունիսի կէսօրին ներկայ եղաւ “Արարատ” Տան Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ամսական ճաշկերոյթին, որ ըստ աւանդութեան, այս ամիս տեղի կþունենար ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան հիւրընկալութեամբ: Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ “Արարատ” Տան վարչութեան ու անձնակազմի նուիրեալ ծառայութիւններուն մասին, որոնք ի սպաս կը դրուին մեր տարեց սերունդի անդամներու: Ան նաեւ գնահատեց ՀՕՄի նման […]
Ցեղասպանութեան 100ամեակին Նուիրուած Բժիշկ Կ. Հարպոյեանի Հատորներուն Ողջունահանդէսը՝ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ
Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին բազմաճիւղ եւ բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններու մղած է մեր ժողովուրդը: Քաղաքական, քարոզչական եւ ցուցական արարքներու կողքին, աշխոյժ է նաեւ հրատարակչական կեանքը: Այս ծիրին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահը Հինգշաբթի, 21 Մայիս երեկոյեան հիւրընկալեց բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նոր հրատարակած երկու գիրքերուն ողջունահանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ […]
Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեգալստեան Տօնի Ս. Պատարագին – Հոգեհանգիստ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի Յիշատակին
Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 25 Մայիս 2015ին, հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին, որուն աւարտին, նախագահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիցագոյն միաբաններէն հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի հոգեհանգստեան արարողութեան: Ծանօթ է, որ Հինգշաբթի, 21 Մայիսին, Կաթողիկոսութիւնը գուժած էր Կորիւն Սրբազանին վախճանումը. նոյն օրը, երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Կլենտէյլի Հրշէջներու Բաժանմունքին Փոխ Վարիչը
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 26 Մայիսին ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլ քաղաքի հրշէջներու բաժանմունքի փոխ վարիչ Կրէկ Ֆիշի, ընկերակցութեամբ բաժանմունքի պատասխանատուներէն՝ գործարար Տիար Զաւէն Գազազեանի: Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Ազգ. Առաջնորդարանի գործունէութեան եւ որոնել հայ համայնքին հետ աւելի սերտ գործակցութեան միջոցներ: Կրէկ Ֆիշ տեղեկութիւններ տուաւ իր բաժանմունքի աշխատանքներուն մասին եւ յայտնեց, որ […]
Փասատինայի Հայ Շրջանաւարտներու Ի Պատիւ Հանդիսութիւն
Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2015ի երեկոյեան, քաղաքի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի հանրային երկրորդական վարժարաններու հայ շրջանաւարտներու գնահատանքի 26րդ տարեկան հանդիսութիւնը։ Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Խօսք առին քաղաքապետութեան ու կրթական մարզի ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտները արժանացան նուէրներու: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական […]
Շաբաթական Լուրեր – 22 Մայիս 2015
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս տարի, Կիրակի, 24 Մայիս 2015ը Հոգեգալստեան տօնն է։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։ Ս. Պատարագէն […]
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Տարեկան Ձեռնարկին
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 15 Մայիս 2015ի երեկոյեան, “Շերաթըն Եունիվըրսըլ” պանդոկին մէջ ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի տարեկան ճաշկերոյթ-ընդունելութեան եւ աղօթքով կատարեց ձեռնարկին բացումը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր “Սիվիլնէթ”ի գործադիր խմբագիր Մարիա Թիթիզեան: Իր օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ՀՕՄի անդամները, որոնք իրենց […]
Ողջունահանդէս՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի »Խաչելութեան Ճանապարհը« եւ »Խաչելութենէն Յարութիւն« Հատորներուն
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ գործակցութեամբ “Ասպարէզ”ի խմբագրութեան, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 21 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ կազմակերպուած է ողջունահանդէս մը, ներկայացնելու համար Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի “Խաչելութեան Ճանապարհը” եւ “Խաչելութենէն Յարութիւն” հատորները։ Հեղինակին ներկայացումը […]
Համբարձման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Աւանդական Ճաշկերոյթ
Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015ի առաւօտուն, Համբարձման տօնին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Պատարագէն ետք, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Համբարձման տօնին յատուկ աւանդական ճաշկերոյթը […]
CASPS-ի Հանդիսութիւն ի Պատիւ Կլենտէյլի Յաջողակ Հայ Շրջանաւարտներու
Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող CASPS յանձնախումբը, որ հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու ուսումնական եւ առնչակից կարիքներուն նուիրեալ ծառայութիւն կուտայ, Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015ին կազմակերպած էր Կլենտէյլի կրթական համակարգի յաջողակ հայ աշակերտներուն ի պատիւ գնահատանքի 19րդ տարեկան հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Adult Recreation Center-ին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ […]