2016 Լուրերու Արխիւ

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարան

Ուսումնական 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտին առիթով կրթական մեր հաստատութիւններուն իր այցելութեանց ծիրին մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2016ի առաւօտուն այցելեց Ազգային Մեսրոպեան վարժարան եւ մտերմիկ պահ մը բոլորեց տնօրէնին, դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն հետ, անոնց ուղղելով իր հայրական պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. […]

Շաբաթական Լուրեր – 16 Սեպտեմբեր 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինի Վարչութեան Այցելութիւնը

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինի (SARF) վարչութեան ներկայացուցիչները Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան: Վարչութեան նորընտիր ատենապետ Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեան եւ ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանին զեկուցեցին այս մարմինին վերջին շրջանի աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Բարերար Ամոլին Այցելութիւնը – Այցելութիւն Ազգ. Շամլեան Վարժարան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2016ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան ամոլին, որ իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տար Ազգի Տունը: Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ Ազգային Առաջնորդարանին եւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մեր Թեմին տալիք այցելութեան նախօրեակին, զօրակցութիւն յայտնել Մեծի […]

Խաչվերացի Տօնը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարէն Ներս

Խաչվերացի տօնին առիթով, որ նաեւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնն է, Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2016-ին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ: Պատարագիչն էր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ կատարեց Խաչվերացի տօնին յատուկ «Անդաստան»ի արարողութիւնը, դպրութեան աստիճան եւ ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց դպրաց դասի անդամներուն, […]

Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը կը Շարունակէ իր Առաքելութիւնը

– Րաֆֆի Քէնտիրճեան Նշանակուած է Ատենապետ – Ժան Թիթիզեան Ամբողջացուց Երկամայ Պաշտօնավարութիւնը Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր մարմինը 2014-2016 ին, գլխաւորութեամբ Տիար Ժան Թիթիզեանի ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն ի տես Սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեան. այս առթիւ ՍԱՐՖը կազմակերպեց տեղեկատուական հանրահաւաքներ Սուրիայէն ժամանած անհատներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացումներով, դասախօսութիւններ, հեռուստացոյցի միջոցաւ հարցազրոյցներ, հեռաձայնային անմիջական կապեր Սուրիոյ շտապի հետ, դրամահաւաքի ընթրիք […]

Շաբաթական Լուրեր – 9 Սեպտեմբեր 2016

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԵՒ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ – ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ Այս Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2016ին, մեր եկեղեցին պիտի տօնախմբէ Ս. Խաչի Վերացման տօնը, որ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է, ինչպէս նաեւ Խաչի նուիրուած չորս տօներէն մեծագոյնն […]

Առաջնորդ Սրբազան Կ’այցելէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Ծխական Համայնքին – Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան Արժանացաւ Լանջախաչ Կրելու Իրաւունքին

Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2016ին, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մէջ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Պատարագին, քահանայական Լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանին եւ օրուան յատուկ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամները եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ: Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր […]

«Հաւատքի Առաքեալ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցելութեան Ընդառաջ – 3 – Միջ-Եկեղեցական եւ Միջ-Կրօնական Յարաբերութեանց Ամրակուռ Կամուրջը

Հայոց պատմութիւնը եթէ պատմափիլիսոփայական մօտեցումով ուսումնասիրենք, այնտեղ պիտի հանդիպինք «Արծաթէ Դար» եզրին, որ կանուխ միջնադարու Կիլիկեան թագաւորութեան ծաւալած հոգեւոր-մշակութային գործունէութեան որակումն է: Այս շրջանին, Կիլիկիոյ մէջ կառուցուած են բազմաթիւ վանքեր, վարդապետարաններ, համալսարաններ, ծնունդ տալով եկեղեցական գործիչներու այնպիսի փաղանգ մը, ինչպիսիք՝ Ներսէս Շնորհալի, Յակոբ Կլայեցի, Յովհան Որոտնեցի, Տիրատուր Կիլիկեցի, Եսայի Նչեցի, Մխիթար Գօշ, Ներսէս Լամբրոնացի եւ […]

Ազգ. Շամլեան Վարժարանը կը Գնահատէ Նուիրեալ Ծառայողներ եւ Բարերարներ – Բացում՝ Անտրէ Գազանճեանի Յիշատակի Դասարանին

Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Ուսումնական Մարմինը Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2016ի երեկոյեան կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, հիմնականին մէջ գնահատելու համար վարժարանին կարգ մը նուիրեալ ծառայողներն ու բարերարներ, ինչպէս նաեւ կատարելու նախկին աշակերտներէն՝ վաղամեռիկ Անտրէ Գազանճեանի անունով կոչուած դասարանին բացումը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին: Կ’ընկերանային […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան Ներկայացուցիչները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2016ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Իրաւաբաններու ընկերակցութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն: Հիւր ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ շրջանի մը համար վերընտրութեան, ինչպէս նաեւ Թեմիս մէջ երկարամեայ ծառայութեան առիթներով: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Ազգ. […]

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան 60-ամեակի Շքահանդէս

Շաբաթ, 27 Օգոստոս 2016ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւնը Կլենտէյլի իր կեդրոնին մէջ տօնեց հիմնադրութեան 60րդ տարեդարձը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ տօնակատարութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան: Ներկայ էին Կլենտէյլի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական այլ դէմքեր: Պաշտօնական տօնակատարութեան սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազանն ու […]

«Հաւատքի Առաքեալ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցելութեան Ընդառաջ – 2 – Մտաւորականն ու Հայ Դատի Ջահակիրը

Առաջին հայեացքէն, հաւանաբար ընթերցողին խոտոր թուի մտաւորական եւ հայ դատի ջահակիր հասկացութիւններուն մէջ զուգահեռներ գտնելը, սակայն այդպէս չէ: Մտաւորական եզրը, խորքային նշանակութեամբ, երկու իմաստ ունի, առաջին՝ քննական մտածելակերպի տէր եւ ստեղծագործ այն ակադեմականը, որ ժրաջան աշխատանքով նորարարութիւններ կը կատարէ իր մասնագիտութեան մէջ եւ ի յայտ կը բերէ գրական երկեր: Երկրորդ՝ ժողովուրդի կամ ազգի մը գաղափարական […]

Կեանքի Փոթորիկներուն Մէջ Հաւատքով Նայինք Յիսուսի – Յորդորեց Առաջնորդ Սրբազանը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 28 Օգոստոս 2016ին, հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ու հոգեհանգստեան արարողութեան, եւ օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն: Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։ Քարոզէն առաջ, պատարագիչ Տէր Հայրը, յանուն […]

Ազգ. Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամը Կրթանպաստ կը Տրամադրէ Հինգ Ուսանողներու

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մօտ հաստատուած «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամի Յանձնախումբը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, սերտելէ ետք կրթանպաստի 2016-2017 տարեշրջանի համար դիմում ներկայացուցած մեծաթիւ ուսանողներու դիմումնագրերը, որոշեց ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրել հինգ ուսանողներու, նկատի ունենալով անոնց ձեռք բերած փայլուն արդիւնքները, գաղութային ծառայութիւններն ու ընտանեկան պայմանները։ Յանձախումբին մաս […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022