2017 Լուրերու Արխիւ

Քրիստոսի Թաղման Յիշատակի Արարողութիւնը Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ

Աւագ Ուրբաթ օրը՝ 14 Ապրիլ 2017ին, մեր եկեղեցին յիշատակեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի թաղումը, որ լրումին կը հասցնէ մեր Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի տառապալից դրուագներու շարքը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեպարար արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Յիսուսի գերեզմանը խորհրդանշող ծաղիկներով զարդարուած սեղանին շուրջ։ Իր պատգամին մէջ, […]

Աւագ Հինգշաբթիի Հոգեպարար Արարողութիւնները

Աւագ Հինգշաբթին յիշատակումի օրն է մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին դէպքերուն, որոնք իբրեւ անջնջելի պատգամ պէտք է արձանագրուին հաւատացեալներու կեանքին մէջ եւ որոնք մեր եկեղեցւոյ ամէնէն հոգեպարար արարողութիւններն են։ 13 Ապրիլ 2017ի առաւօտուն, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումը մարմնաւորող Ս. Պատարագ, ի յիշատակ աշակերտներուն հետ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին։ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ […]

Շաբաթական Լուրեր – 14 Ապրիլ 2017

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՄԷՋ Կիրակի, 16 Ապրիլ 2017ը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Յարութեան Հրաշափառ տօնն է։ Քրիստոնեայ աշխարհին ու ողջ հայութեան հետ միասին, մեր Թեմի զաւակներն ալ պիտի տօնեն մահուան վրայ Աստուածորդւոյն տարած յաղթանակին ցնծութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]

«The Promise» ժապաւէնին Առաջին Պաշտօնական Ցուցադրութիւնը Հոլիվուտի Մէջ

Չորեքշաբթի, 12 Ապրիլի երեկոյեան, Հոլիվուտի «Chinese Theatre»ին մէջ տեղի ունեցաւ երկար ատենէ ի վեր սպասուած «Խոստումը» (The Promise) ժապաւէնին պաշտօնական առաջին ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ ժապաւէնին բեմադրիչին, արտադրիչներուն, դերակատարներուն, արտադրող անձնակազմին, ականաւոր անձերու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ցուցադրութեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեանի։ Ժապաւէնին ցուցադրութենէն առաջ, խօսք առին արտադրողներէն Տոքթ. Էրիք […]

Ազգ. Առաջնորդարանը Հրատարակեց «Հաւատով Խոսրովանիմ» Աղօթագիրքը

Ազգային Առաջնորդարանը այսու կը յայտնէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ լոյս ընծայած է Ս.buy orlistat online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/orlistat.html no prescription Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթագիրքը, ի յիշատակ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հանգուցեալ ծնողաց՝ Յակոբ Եւ Տիրամայր Մարի Մարտիրոսեանի։ Աղօթագիրքը կազմուած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի քսան եւ չորս մեծազօր ու հոգեթով աղօթքներով, ներկայացուած երեք […]

Առաջնորդ Սրբազան Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց «Տասը Կուսանաց»ի Արարողութեան

Երեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց «Տասը կուսանաց»ի հոգեպարար արարողութեան, որուն ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան։ 10 կոյսերուն կերպարով իրենց բաժինը ունեցան Կիրակնօրեայ Վարժարանէն 10 աշակերտուհիներ։ Օրուան աստուածաշնչական ընթերցումները, աղօթքները, սաղմոսերգու-թիւններն ու շարականները հոգեպարար […]

2017 – Վերանորոգումի Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Նոր տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն, մեր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն եւ մեր եկեղեցւոյ […]

Ծաղկազարդի Տօնին Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 9 Ապրիլ 2017ին, Ծաղկազարդի տօնը՝ Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին յիշատակը ցնծութեամբ եւ հանդիսաւորապէս տօնախմբուեցաւ Քրիստոնեայ աշխարհին կողմէ։ Հայ ժողովուրդը եւս, Հայաստանի եւ հայկական բոլոր օճախներուն մէջ միացաւ այս ցնծութեան տօնին։ Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներն ու անոնց շրջափակերը լեցուն էին հաւատացեալներու բազմութեամբ։ Ձիթենիի ճիւղեր ի ձեռին, ամէն տարիքի հայորդիներ ներկայ եղան հոգեպարար արարողութեանց, իսկ […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2017

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՐՇԱԼՈՅՍ Մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան յաղթական տօնը դարձեալ կը պարուրէ բոլորիս սիրտերն ու հոգիները, մեր էութիւնը վերակենսաւորելով ու ջերմացնելով նորոգեալ յոյսով եւ անսահման ուրախութեամբ, որովհետեւ «Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, իր մահով մահը նուաճեց եւ իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց. Անոր փառք յաւիտեան» (Ժամագիրք): Աստուծոյ անարատ եւ անմեղ գառնուկը […]

Շաբաթական Լուրեր – 7 Ապրիլ 2017

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Կիրակի, 9 Ապրիլ 2017-ին պիտի նշէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը՝ Ծաղկազարդը: Այս առիթով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մանուկներու թափօրը։ Իսկ աւարտին, պիտի կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Մտերմիկ Հանդիպում մը Ունեցաւ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուրի Աշակերտներուն Հետ

Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուրի աշակերտները Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017ի առաւօտեան, այցելութիւն մը տուին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Սրբազան Հօր կողքին էին Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Հոգշ Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։ Աշակերտները, գլխաւորութեամբ մանկամսուրի վարիչուհի Տիկին Կարին Ջուխատարեանի, ընկերակցութեամբ […]

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Արեւագալի Վերջին Արարողութեան

Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի շրջանը կը մօտենայ իր աւարտին: Չորեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւններու շարքին վերջինը: Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան, կողքին ունենալով Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. […]

Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Ապրիլեան Ուխտը Վերանորոգեցին Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Նահատակաց Յուշակոթողին Առջեւ

Ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի աշակերտները Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, խումբ-խումբ Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր սուրբ նահատակներուն յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին պահանջատիրական ուխտը: Վարժարանին տնօրէնութիւնը Երեքշաբթին յատկացուցած էր Ցեղասպանութեան յիշատակումի: Առաւօտուն, բոլոր աշակերտները Ս. Հաղորդութիւն ստացած էին, վարժարանի շրջափակին մէջ կատարած էին ծառատնկում եւ ծաղիկներու մատուցում, ապա, […]

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը փոխանցեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծումը կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ […]

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Խօսքը Արցախի Քառօրեայ Պատերազմի Ա. Տարելիցին Առթիւ

Ահաւասիկ տարի մը անցած է այն օրերէն, երբ Ազրպէյճանի պետութիւնը անգամ մը եւս բիրտ ուժի դիմեց եւ փորձեց զէնքի ուժով հայութեան պարտադրել Արցախի հարցին ի՛ր հասկցած լուծումը, ոտնակոխելով միջազգային օրէնքը եւ խաղաղ գործընթացը: Այդպէ՛ս եղաւ, որովհետեւ ցեղասպան թուրք պետութիւնը իբրեւ տիպար ընդունած Ազրպէյճանի տրամաբանութիւնը տակաւին չէ կրցած ըմբռնել, որ վայրագութենէ այլ ուղի կայ ազգամիջեան հարցեր […]

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022